ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ.- 2012-ԻՆ ՏԱՐ­ԲԵՐ ԵՐ­ԿԻՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՔՍԱՆ ՊԱՇ­ՏՕ­ՆԱ­ՏԱՐ­ՆԵՐ ՅԱՐ­ԳԱՆ­ՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱ­ՏՈՒ­ՑԵ­ՑԻՆ

0 0
Read Time:8 Minute, 26 Second

p15-16 nr7 Անց­եալ դա­րաշր­ջա­նի  մարդ­կու­թեան դէմ գործ­ուած մե­ծա­գոյն ոճի­րի` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կա­կան է ու նպա­տա­կա­յին: Ար­դա­րեւ, անց­եալ տա­րի, տար­բեր եր­կիր­նե­րու 20 պաշ­տօ­նա­տար­ներ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­ցին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին:

Ան­կախ ճա­նա­չում­նե­րէն` կա­տար­ուա­ծը դա­տա­պար­տելն ու ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լը պարտք սե­պած են 2012-ի մէջ Հա­յաս­տան այ­ցե­լած տար­բեր եր­կիր­նե­րու աւե­լի քան քսան պաշ­տօ­նա­տար­ներ: Այս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը ինք­նին ճա­նա­չումն են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճի­րին: Այս այ­ցե­լու­թիւն­ներն են.-

1.- Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի հրա­ւէ­րով Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Եւ­րո­պա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժո­զէ Ման­ուէլ Պա­րո­զօ այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, իրեն ըն­կե­րակ­ցող պատ­ուի­րա­կու­թեան հետ:

2.- Ու­րուկ­ուա­յի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի նա­խա­գահ Խոր­խէ Օռի­կօ եւ իր պատ­ուի­րա­կու­թիւնը այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձունք: Ան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մատ­եա­նին մէջ  հե­տեւ­եալ գրա­ռու­մը կա­տա­րեց. “Ու­րուկ­ուա­յի անու­նով կրկին կ՛ըն­դու­նինք այն պայ­քա­րը, որ կը տա­նիք: Հնա­րա­ւոր չէ առաջ եր­թալ, դէ­պի ապա­գայ` առանց ներ­կան ճանչ­նա­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեան“: 

3.- Լաթվ­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Էդ­գարս Ռին­կե­ւիչ­սի գլխա­ւո­րած պատ­ուի­րա­կու­թիւնը այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն Հայկ Տե­մոյ­եա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ հիւ­րե­րը ծա­նօ­թա­ցան 20-րդ դա­րու մե­ծա­գոյն ոճ­րա­գոր­ծու­թիւնը փաս­տող ցու­ցան­մուշ­նե­րուն:

4.- Ա.Պ.Հ.-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու Հա­մա­կար­գող խորհր­դակ­ցու­թեն ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ: Ռու­սաս­տա­նի Տու­մա­յի անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իրի­նա Եա­րո­վա­յան յու­շա­մատ­եա­նին մէջ գրեց. “Յի­շո­ղու­թիւնն այն է, ին­չը կը պահ­պա­նէ անց­եա­լի նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թիւնը եւ կը պաշտ­պա­նէ ապա­գա­յի սխալ­նե­րէն: Հա­յաս­տա­նի ցա­ւը եւ ող­բեր­գու­թիւնը մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար ընդ­հա­նուր է: Կեան­քի ծա­ռը ներ­կա­յի ու ապա­գա­յի իմաստն ու էու­թիւնն  է“:

5.- Լիւք­սեմ­պուր­կի Մեծ Դքսու­թեան փոխ վար­չա­պետ, ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Ժան Ասել­պորն այ­ցե­լեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր:p15-16 nr5 asselborn lux

6.- Ար­ժան­թի­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Հեք­թոր Մար­կոս Թի­մեր­մա­նը այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ:p15-16 nr6

7.- Իս­րա­յէ­լի տե­ղե­կա­տուու­թեան եւ սփիւռ­քի նա­խա­րար Եու­լի Էտելշ­թայ­նը եւս այ­ցե­լեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր: Նա­խա­րա­րը գրա­ռում կա­տա­րեց պա­տուոյ հիւ­րե­րու յու­շա­մատ­եա­նին մէջ, նշե­լով թէ “Մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ կան շատ ընդ­հան­րու­թիւն­ներ ու նման պատ­մա­կան դրուագ­ներ: Իս­րա­յէ­լի մէջ որե­ւէ մէ­կը չի ժխտեր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը“:

8.- Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան Դաշ­նա­յին ժո­ղո­վի Պե­տա­կան Տու­մա­յի նա­խա­գահ Սեր­գէյ Նա­րիշ­կի­նը այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ:p15-16 nr8

9.- Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Հա­յաս­տան գտնուող Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Հեր­ման վան Ռոմ­պա­յը Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Էդ­ուարդ Նալ­պանտ­եա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ այ­ցե­լեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր: Ռոմ­պա­յը ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց յու­շա­կո­թո­ղին եւ մէկ վայրկ­եա­նի լռու­թեամբ յար­գեց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը:p15-16 nr9

10.- Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Աւստր­իա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Հայնց Ֆի­շե­րը Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Է. Նալ­պանտ­եա­նի եւ քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գար­եա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ այ­ցե­լեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր: Աւստր­իա­յի նա­խա­գա­հը յի­շա­տա­կի պու­րա­կին մէջ եղեւ­նի տնկեց: Նշենք, որ Աւստր­ի­ան դեռ պաշ­տօ­նա­պէս չէ ճան­չած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:


p15-16 nr11  11.– Լիթ­ուան­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար տի­կին Ռա­սա Եուկ­նե­ւիչի­ե­նեն այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ:

12 .- Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Ու­րուկ­ուա­յի ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Լուիս Ալ­մակ­րոն այ­ցե­լեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր: Պատ­ուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը շրջայց կա­տա­րե­ցին նա­եւ Յի­շո­ղու­թեան պու­րա­կին մէջ, ուր Լուիս Ալ­մագ­րոն ար­ծա­թա­փայլ եղեւ­նի տնկեց:  Ու­րուկ­ուայ  Ապ­րիլ 24-ը յայ­տա­րա­րած է “Հայ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կի օր“:p15-16 nr12

13.- Գեր­ման­իոյ պե­տա­կան նա­խա­րար Քոր­նել­իա Փի­փե­րը յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին:

p151-6 nr14  14.- Իս­րա­յէ­լի գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ գիւ­ղա­կան զար­գաց­ման նա­խա­րար Օրիթ Նո­քե­տը այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ: Ան գրա­ռում կա­տա­րեց թան­գա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու յու­շա­մատ­եա­նին մէջ. “Որ­պէս կին, որ­պէս հրեայ եւ իբ­րեւ մարդ արա­րած` ես ցնցուած եմ այս նկար­նե­րուն մէջ  ցու­ցադր­ուա­ծը տես­նե­լով, ան­մեղ հայ մար­դոց եւ ըն­տա­նիք­նե­րու սպա­նու­թե­նէն“:

15.-  Լիթ­ուան­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Աութ­րո­նիուս Աժու­պա­լիս այ­ցե­լե­լով Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ:p15-16 nr15

16.- Ֆին­լան­տա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էր­քի Տուոմ­իոյ­ի­ան այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր եւ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց Մեծ Եղեռ­նի զո­հե­րու յու­շար­ձա­նին: Նշենք, որ Ֆին­լան­տան պաշ­տօ­նա­պէս դեռ չէ ճան­չած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: 


p15-16 nr1617.- Կիպ­րո­սի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Էրա­թօ Մար­քու­լիս այ­ցե­լե­լով ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­հա­մա­լիր եւ գրա­ռում կա­տա­րեց նա­եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի պատ­ուա­ւոր հիւ­րե­րու մատ­եա­նին մէջ, նշե­լով, որ Կիպ­րո­սի ժո­ղո­վուր­դը եւ ան­ձամբ ին­քը կը կի­սեն հայ ժո­ղո­վուր­դի ցաւն ու ապ­րած ող­բեր­գու­թիւնը:  

18.- Պուլ­կար­իոյ վար­չա­պետ Պոյ­քօ Պո­րի­սով եւ իրեն ըն­կեր­ցող պատ­ուի­րա­կու­թիւնը այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ: Պուլ­կար­ի­ան դեռ աշ­տօ­նա­պէս չէ ճան­չած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:p151-6 nr17

19.- Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Սեր­գէյ Լաւ­րով այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­հա­մա­լի­րին առ­ջեւ:

20.- Գեր­ման­իոյ Դաշ­նա­յին հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Գի­դօ Վես­թեր­վե­լէն այ­ցե­լեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լիր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles