ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 28-ի Հ․Հ․ Հիմնադրութեան 105-Ամեակի Նշում

0 0
Read Time:2 Minute, 37 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Մայիս 28-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի յարակից հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Տէր ենք մեր հայրենիքին» խորագիրով հայկական պետականութեան վերականգնման 105-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:

Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, մանկավարժ Աստղիկ Աբրահամեանը, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Տարօն Տօնոյեանը, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու հայ մամուլի ծանօթ գործիչ Վաչէ Բրուտեանը:

Իշխան Սաղաթէլեան խօսք առնելով` յայտարարեց, որ իրենք պիտի պայքարին` թոյլ չտալու համար, որ օրուան իշխանութիւնը երկիրը յանձնէ թշնամիին:

«Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնուած խմբակը չ՛արտայայտեր հայ ժողովուրդի կամքը: Յանձնուելու օրակարգը մեր ժողովուրդի օրակարգը չէ, հետեւաբար հայ ժողովուրդը պիտի պայքարի իր հայրենիքին համար, եւ որեւէ փաստաթուղթ, որ պիտի ընդունուի այս իշխանութիւններուն կողմէ, որով Արցախը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, առ ոչինչ է, օրինականութիւն չունի, եւ մեր ժողովուրդը ատիկա պիտի չընդունի», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան, նշելով, թէ ներկայիս ջրբաժանը յստակ է. ջրբաժանի մէկ կողմը մարդիկ են, որոնք պատրաստ են պայքարելու հայրենիքի համար, որոնց համար մեր հայրենիքի հողի իւրաքանչիւր թիզը սուրբ է, եւ անոնք պատրաստ են անձնազոհութեամբ պահելու եւ պաշտպանելու զայն, իսկ ջրբաժանի միւս կողմը իրենց երկրին մէջ տնուորի կարգավիճակով ապրող այս իշխանութիւններն են, որոնք` իրենց հայրենիքին համար «քատասթրի վկայական» կ՛աղերսեն թշնամիէն, որոնք` իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը կ՛աղերսեն թշնամիէն:

«Ջրբաժանը յստակ է. կա՛մ օրուան իշխանութեան վարած օրակարգի, այսինքն յանձնուելու եւ ստրկութեան ճամբան է, կա՛մ պայքարի: Ես յստակ կ՛ըսեմ` շատ ժամանակ չունինք, դանակը վաղուց հասած է ոսկորին: Օրուան իշխանութիւնը շատ յստակ հրապարակած է երկիրը յանձնելու ճամբու քարտէսը եւ ժամանակացոյցը: 2023 թուականը հայ ժողովուրդի եւ հայ մարդու համար ճակատագրական տարի է», ընդգծեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Տարօն Տօնոյեան, իր կարգին խօք առնելով, ըսաւ․ «Ովքեր որ մեզ քատասթրի վկայականի մասին նոր թէզեր են ասում, թող գնան երեք տառ դառնան: Մենուայի տղայ Արգիշըտին այդ վկայականը թողել է մեզ արդէն, Մեսրոպ Մաշտոցն իր այբուբենով եւ մեր տղաներն իրենց արեամբ այդ վկայականը թողել են մեզ: Մենք պէտք է մեծ նպատակներ ունենանք, որ Հայաստանն ու Արցախը պահենք»։

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, իր ելոյթին մէջ ըսաւ․ «Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք հայոց հրաշափառ յարութիւնն էր: Մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակն է մայիսի 28-ը, որով ապահովուեցան մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ աշխարհի քարտէսին վերադարձած իր անկախ հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զարգանալու հնարաւորութիւնը։ Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը կրցաւ զարթնեցնել իր մէջ այն ուժականութիւնը, որ խիզախ եւ ներշնչող հայրենակերտ ղեկավարներու առաջնորդութեամբ հայութիւնը վերածեց երկաթեայ բռունցքի», ընդգծեց ան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան աւելցուց. «Մենք արցախեան ճակատի վերջին պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ կը նկատենք եւ անպայման պիտի յաղթենք շարունակուող պատերազմին: Մենք Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան պարտուողական եւ յանձնուողական քաղաքականութեան կտրուկ դէմ ենք եւ անպայմանօրէն պիտի վերականգնենք հայ ժողովուրդի մարտունակութիւնը եւ մայիսեան գոյամարտերու օրինակով սխրանքներ գործելու կամքը: Մենք կ’ապրինք այնպիսի տարածաշրջանի մէջ, ուր թոյլը չի կրնար գոյատեւել. մենք կարող ենք եւ պէտք է կերտենք ուժեղ պետութիւն` հզօր բանակով, որպէսզի զարգանանք առանց զիջելու. եւ պարտաւոր ենք կանխել որեւէ կենսական զիջումներ ենթադրող պայմանագիր` բացառելով առանց ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում: Եւ մենք կը խոստանանք դաշնակցականի վայել վճռականութեամբ շարունակել պայքարը»։(խօսքը՝ կողքին

Հանրահաւաքի աւարտին մասնակիցները երթով շարժեցան դէպի «Նեմեսիս» յուշարձան, ուր օրուան խորհուրդի եւ «Նեմեսիս» գործողութեան արժեւորման խօսք արտասանեց հայ մամուլի գործիչ Վաչէ Բրուտեան (խօսքը՝ կողքին):

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles