

Ռոպէր Հատտէճեան, Արման Վարդանեան, Զարեհ Խրախունի, Աշոտ Մատաթեան, Անդան Էօզէր, Մկրտիչ Շահէն Հաճեան եւ Յակոբ Այվազ
Հրանդ Մարգարեան
Քանկըրս, Նիւ Եորք
Ծ․Խ․- Այս հետաքրաքրական ուսումնասիրութիւնը ներկայացուած է անցեալ Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կատարուած գիտաժողովին, որ կազմակերպուած էր տեղւոյն Մանկավարժական Համալսարանին եւ «Համազգային»-ին կողմէ։ Ստորեւ, յապաւումով կը հրատարակենք, այս ուսումնասիրութիւնը։
I- ՊՈԼՍԱՀԱՅ, ԹԷ՞՝ ԻՍԹԱՄՊՈՒԼԱՀԱՅ
Խորագրին մէջ՝ «Պոլսահայ» նշումը, փոխանակ «Իսթանպուլահայ»ի, իր յստակ եւ խոր իմաստը ունի։
Պոլիս, Արեւմտահայերէնի բիւրեղացման եւ գրականութեան ծագման եւ ուռճացման օրրանը հանդիսացաւ տասնըիններորդ դարէն սկսեալ։ Այնտեղ մշակուած գրականութեամբ, մեր ազգի մէկ հատուածի՝ Արեւ մըտահայերու մաքրամաքուր տենչերն ու զգացումները արձանագրուեցան բարձրօրակ գեղարուեստական հպարտութիւն առթող գրականութեամբ։
Ժամանակակից Եւրոպական գրական, իմաստասիրական, ընկե րային ուղղութիւններու հետեւող եւ ընդորինակող բոյն մը եղաւ Պոլիսը։ Տիրապետող ուղղութիւնը, աւելի Ֆրանսականին հակիլն էր։
II- ԲՆՈՐՈՇՈՒՄ ԵՒ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄ
Բնորոշելու ուսումնասիրութեանս տարողութիւնը, նախ պիտի յստա կացնեմ, հարցականի եւ լուսաբանութեան տակ դնելով կարգ մը բառերու եզրային հասկացութիւնները
Մէկ- Մենք, «թատրերգութիւն» բառակապակցութիւնը կազմած ենք հետեւելով հեթանոսական շրջանէն մեզի հասած՝ ողբերգութիւն եւ կատա կերգութիւն բառերու կազմուածութեան հիման վրայ։
Ըսեմ անմիջապէս․ մեր նախահայրերը ճի՛շտ էին, իսկ մենք՝ սխալ։ Անոնք թէ՛ կատակը, թէ՛ ողբը, երգելո՛վ կը ներկայացնէին, իսկ մենք՝ ո՛չ։ Այդ մատուցման ձեւէն վաղուց հեռացած ենք։
Երկու- Պիտի գործածեմ Անգլերենի մէջ գործածուած փլէյ (PLAY) բառին Հայերէն հոմանիշը, որը «ԽԱՂ» բառն է։ «Խաղ»-ը հոմանիշն է Յունարէն փէյզօ (παίζω) բառին եւ որ, տասնըչորրորդ դարէն ի վեր, կը գործածուի Անգլեական գրականութեան մէջ, եւ որը կը բնորոշէ ներկայացուած երկերու գրուած բնագիրը։
«Խաղ» բառը, ընդհանրական, hամապարփակ իմաստ ունի եւ կը բնորոշէ գրուած երկին բուն իմաստը, էութիւնը, կառո՛յցը եւ նպատա՛կը։ Այլ խօսքով, կը պարփակէ՝ Արիստոտելի «խաղ»ը սահմանող բնորոշիչ ազդակ ները։
Զեկոյցիս մէջ «խաղ» բառին հետեւեալ ածանցումները պիտի գործա ծեմ-
– Խաղ = (Play)։ Գրուած գրական յատուկ սեռ։
– Խաղագիր = (Playwright)- Փոխարինելով «թատերագիր» բառը, որը արդէն անիմաստ բառ է։ Ի դէպ, «թատրոն» ՉԻ՛ ԳՐՈՒԻՐ։
– Խաղանուագ = (Musical) Երաժշտութեամբ զուգորդուած խաղ։ – Խաղացանկ = (List of plays):
– Խաղերգ = (Play with songs): Երգով զուգորդուած խաղ։
– ԽԱՂԵՐԿ = (Play script): Խաղի գրաւոր արտայայտութիւնը։ – ԽԱՂԵՐԿՈՒԹԻՒՆ = (Play) Փոխանակ թատրերգութիւն։
նիւթին պիտի մօտենամ այժմու թատերական ընդունուած տեսութիւն ներուն եւ ըմբռնումներուն տեսանկիւնէն։
III- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆՆԵՐԸ Նիւթին տրամաբանական, զարգացման եւ շարունակական կապը պահելու միտումով, պիտի ընդլայնեմ այսօրուան նիւթը սահմանող ժամա նակաշրջանը ներառնելով 1923էն սկսեալ, այսինքն Թուրքիոյ Հանրապե տութեան հաստատումէն ի վեր, Պոլսահայ խաղերկութեան ընթացքը։ Հասկնալու համար այսօրուան գիտաժողովին սահմանուած թեմայի ծալքերը, կը խորհիմ օգտակար է, որ շատ հպանցիկ ակնարկով մը անդրա դառնանք Պոլսահայ խաղերկութեան կտրած հոլովոյթային ճանապարհին։ Որովհետեւ միջավայրը, որուն մէջ ծնան եւ զարգացան այս ժամակաշրջանի խաղերը, համանման ազդակներ կը պարունակեն նախկինին հետ։ Թուրքիոյ մէջ, Հայկական թատերական պատմութիւնը հետեւեալ հանգրուաններէն անցաւ-
– Սուլթան Ազիզի շրջան- 1861 – 1876, որ սկիզբը կը սեպուի հայկական թա տերական կեանքին։
2
– Համիտեան Շրջան- 1876 – 1909։ Ճնշման եւ կասեցման շրջանը եղաւ։ – Իթթահատական շրջան 1909 – 1918։ Բեկման եւ անէացման Շրջան։ – Վերակենդանացման շրջան 1918 – 1922։ Համաշխարհային Ա․ Պատե րազմի աւարտի եւ զինադադարէն ետք, ժամանակաւոր խաբուսիկ շրջան։ – Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ա․ շրջան՝ 1923 – 1945։ Աթաթուրքի թրքացումի ազգայնամօլ քաղաքականութեան տարիներ- Հայերէն ներկա յացումներու արգելման շրջան։
– Թուրքիոյ Հանրապետութեան Բ․ Շրջան 1946 – ցայսօր Հայերէնով ներ կայացումներու արտօնուածութեան շրջան։ Համաշխարհային Բ․ Պատե րազմի աւարտ, բարեբեր հեռանկարի մը ակնկալութիւններու շրջան։
Մենք՝ Հայերս, բարդ հոգեվիճակներու խուրձ մըն ենք․․․։
Համակերպելու բացառիկ շնորհքով օժտուած, ապագայապաշտ հաւաքականութիւն մըն ենք։ Շատ լաւ ազգային կեցուածք է ասիկա, եւ մեզի պատմականօրէն փրկած է։ Միշտ լաւը կ՛ակնկալենք։ Կքած մեր դառ նութիւններու ծանրութեան տակ, մենք միշտ պայծառ ապագաներ կը ՅՈՒ ՍԱՆՔ։ Եւ հո՛ս է մեր մեծագոյն ձախողութիւնը։ Կուրօրէ՛ն կը յուսանք, որով հետեւ ՏԿԱՐ ենք, ԳԼԽԱԳԻ՛Ր ՏԿԱՐ ԵՆՔ։
Յուսալը տկարի՛ն փրկութեան լաստն է, հաւատքը՝ զօրաւորին։ Ամենա հաւորը այն է, որպէս հետեւանք այս սկզբունքային կեցուածքին, յոյսը, հաւատքի կը վերածենք։ Երանի թէ մեր բոլո՛ր ընելիքներուն մէջ, ՀԱՒԱՏՔՈՎ առաջնորդուէինք եւ ՈՉ ԹԷ՝ ՅՈՒՍԱԼՈՎ։
IV- 1923 – 2020 ՇՐՋԱՆԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԽԱՂԱԳԻՐՆԵՐԸ
Տարիներով հետեւած եմ սփիւռքահայ խաղագիրներուն։ Պոլսահայ խա ղագիրներէն մէկուն երկը բեմադրած եմ Նիւ Եորքի Համազգայինի մասնա ճիւղի թատերախումբին միջոցաւ 1971ին։ Այն ատեն, իմ ծանօթութիւնը, սահմանափակ էր, քանի մը անուններ կը հաշուէր միայն։
Այս ուսումնասիրութեան հետեւանքով, այսօր, անխառն հրճուանքով կ՛արձանագրեմ, որ՝ վերջին դարամեակին, Պոլսահայ խաղագիրներուն թիւը, ՔՍԱՆՉՈՐՍ պատկառելի անուն կը հաշուէ։ Քսանչորս։ Այս փաղանգին խաղերկերու ընդհանուր թիւը, անհաւատալիօրէն․․․ հարիւր երեսուն հինգ խաղ կը հաշուԷ։
Ներողամտութիւնը կը խնդրեմ անոնցմէ, որոնց ակամայ չեմ հանդի պած ուումնասիրութեանս ընթացքին։
V- ԱԿՆԱՐԿ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԽԱՂԵՐԿԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Ա- Խաղերկերու ընձիւղումը 1949ին։
Պոլսահայ խաղերկերու ջախջախիչ մեծմասնութիւնը գրուած եւ հրատա րակուած են 1949 – 2010 թուականներու ընթացքին։ Վերջին թատրերկը գրուած է 2010ին։
Այս աճին ընձիւղումը իր պատճառները ունի։
1923ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Քեմալ Աթա թուրք երկրին մէջ խստօրէն շեշտը դրաւ Թուրքերէնը հրապարակային լեզու հաստատելու ճիգին վրայ։ Այս քաղաքականութեան որպէս հետեւանք, երկ րին փոքրամասնութեանց ազգային լեզուով ներկայացումներ տալը «ար գիլուեցաւ»։ Տարօրինակը այն է, որ ըստ պրպտումներուս եւ բազմիցս հարցադրումներուս, հարցին լաւատեղեակ Պոլսահայ անհատներու, կարե լի չեղաւ գտնել պաշտօնական արգիլող օրէնքին թուականը եւ բովան դակութիւնը։
Արգիլման այս որոշումը ի զօրու մնաց մինչեւ 1945 թուականը։ Բայց պէտք է ըսեմ, որ նոյնիսկ այդ ժամանակմիջոցին, եղած են հատ ու կենտ հրապարակային եւ դպրոցական ներկայացումներ։
Արգելքին վերնալը հետաքրքական է։
Աթաթուրքի յաջորդին, Իսմէթ Ինոնուի նախագահութեան ժամանակ, Անքարայի մէջ, մամուլի համաժողով մը տեղի կ՛ունենայ 1945ին։ Ժողովին ներկայ կ՛ըլլան Մարմարա եւ Ժամանակ օրաթերթերու խմբագիրներ՝ յան ձին Սուրեն Շամլեանի եւ Մարտիրոս Գոչի։
Անոնք առիթէն օգտուելով կը մօտենան օրուան վարչապետին Սարաճօղլուին եւ կը հարցնեն հայկական ներկայացումներու արգելման մասին։ Պատասխանը ապշեցուցիչ կ՛ըլլայ։ Ըստ վարչապետին նման արգիլող որոշում չկայ եղեր։
Ո՞վ արգիլեց… Հարցը միչեւ այսօր դեռ մութ կը մնայ։
Վարչապետին արտայայտութիւնը խթան կ՛ըլլայ, որ յաջորդ օրն իսկ Մարմարա օրաթերթի կարգադրութեամբ, ղեկավար Աշոտ Մատաթեան սկսի հայերէնով ներկայացում մը պատրաստելու։ Խաղը թուրք խաղագիր՝ Ֆարուք Նաֆիզի՝ Հայերէնի թարգմանուած «Գազան» խաղը կ՛ըլլայ ի նպաստ Ազգային հիւանդանոցին։
Այս հարցը քաղաքական ուղութիւններով յղի խնդիր մըն է եւ այս զեկոյցի սահմաններէն դուրս է։ Ուրիշ առիթով կ՛անդրադառնամ։ Անկախ մանրամասնութիւններէն, թատերական, խաղերկական կեանքի վրայ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ 1946 թուականը։ Այս թուականէն սկսեալ, մէկը միւսի ետեւէն Սանուց միութիւններ կը կազմուին- Մխիթարեան, Աւետարանական, Կեդրոնական, Պէզճեան,
Էսայեան, Արամեան, Գարակէօզեան, Սէմերճեան, Սահակեան, Լուսինեան, Տատեան, Ֆերի Գիւղ, բոլորն ալ իրենց թատերական խումբերով։ Ներկայացումներու շարան մը կը սկսի բոլորն ալ Ֆրանսերէն եւ Անգլերէնէ թարգմանուած երկեր՝ Շէյքսպիր, Լապիշ, Հիւկօ, Մոլիեռ, եւ նախապէս գրուած Հայերէն խաղեր, յատկապէս Պարոնեանի եւ Շիրվանզատէի խաղերկերը կը ներակայացուին։
Դաշտը բաց է այլեւս։
Հազար իննըհարիւիր յիսունական, վաթսունական եւ եօթանուս նական թուականներուն աւելի կ՛ուռճանան խաղերկերը։
VI- ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԽԱՂԵՐԿԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ “ԴՊՐՈՑ”ՆԵՐՈՒ ՈՒՂՂՈՒ ԹԻՒՆՆԵՐԸ
Պոլսահայ խաղագիրները վստահօրէն քաջածանօթ էին համաշխար հային խաղերկերու «դպրոցներու» ուղղութիւններուն։
Տասնըիններորդ եւ քսաներորդ դարերու խաղերկական հետեւեալ տեսական դպրոցներու ուղղութիւնները ակնյայտ են Պոլսահայ գրողներուն մօտ։
1- Հենրիք Իպսէն։ Տասնըիններորդ դարէն ցայսօր, համաշխարհային խաղերկութեան վրայ ամենէն զօրաւոր ներկայութիւնը եւ դրոշմը, Հենրիկ Իպսէնն է։ Պոլսահայ խաղերկերու ջախջախիչ մեծամաս նութիւնը, Հենրիք Իպսէնի հաստատած՝ Իրապաշտական շարժումի ուղղութիւնը ունին։
2- Լուիճի Փիռանտելլօյի՝ իրականի եւ անիրականի բախումը ակնյայտ է քանի մը գրողներու երկերուն մէջ։
3- Սամուըլ Պէքէթով հաստատուած «Անհեթեթ»ի ուղղութիւնը իր պարարտ հողը գտած է միայն մէ՛կ հոգիի՝ յանձին Արման Վարդան եանի մշակած գրականութեան մէջ։
Ցաւ ի սիրտ, առանձնապէս պիտի չկարենամ բոլոր խաղերկերը քննարկել եւ վերլուծել՝ թատերական տեսութիւններու, ոճի, կառոյցի, տիպարներու լեզուական եւ թէմաներու տեսանկիւնէն։
Ատիկա այս գիտաժողովի սահմաններէն դուրս է։
Պիտի կեդրոնանամ հիմնական բնորոշիչ կարգ մը հարցերու վրայ միայն։ Արդ՝
VI- ՄԻՋԱՎԱՅՐԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Ծանօթ ենք Պոլսահայ գրողի միջավայրին եւ անոր բազմակողմանի սահմանափակումներուն։ Ապրիլ եւ ստեղծագործել այսպիսի միջավայրի մը մէջ, խոհունութիւն, զգուշաւորութիւն, քաջութիւն եւ հմտութիւն կը պա հանջէ։ Ի՛նչը ըսել, եւ ի՛նչը չըսե՛լ։ Ի՛նչը ըսել, եւ․․․ յատկապէս՝ ինչպէ՛ս ըսել։ Երբ գիտես, որ ամէն երկ, ամէն տող պիտի թարգմանուի եւ ամէն տող հարցաքննողի մը նշդրակէն անցնի։ Գրողները լաւատեղեակ են իրենց նախորդող պատկառելի խաղագիրներու պատմութիւններէն։ Թէեւ ժամանակը եւ կարգերը փոխուած են եւ համաշխարհային աչքերուն փոշի ցանող Լոզանի կէտերը կը թմբկահարուին, սակայն․․․ սակայն, կա՛յ՝ չգրուա՛ծ, անտե՛սանելի, չբարբաջուա՛ծ մտայնութիւն մը, որ հի՛մքն է եւ կը տիրապետէ՝ քաղաքակա՛ն, ԸՆԿԵՐԱՅԻ՛Ն, ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻ՛Ն, փոքրամաս նութեան համար եւ արձանագրուածին ետին պահուըտած՝ «անգիր» օրէնքներուն մէջ։ Օրէնքին ահաւորութիւնը իր բացայայտ գրուած ըլլալուն մէջ չէ։ Անգիր օրէնքնե՛րն են, որ կեանքը կը կաղապարեն։ Այո՛, Պոլսահայ խաղագիրը շա՛տ լաւ ԳԻ՛ՏԷ այս բոլորը։ Իր դասը առած է մեր պտմութենէն։
Եւ հո՛ս է իր քաջ գիտակցութիւնը․․․ Այս միջավայրին մէջ, գտնե՛լ, ստեղծե՛լ ԱՅՆ դաշտը, ուր կարենայ իր ըսելիքը ըսել, տաղանդը դրսեւորել զգուշաւորութեամբ՝ խուսափելով դաշտին մէջ պարտադրաբար ցորեն ցանելու։
Ահա, ա՛յս է՝ Պոլսահայ խաղագիրներներու առաջի՛ն մեծութիւնը։
VIII- ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ՏԱՂԱՆԴԻՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄԸ
Երկրին պարտադրած սահմանափակումները, Պոլսահայ խաղագրին կը մղեն՝ խնդիրներ չյարուցանող դաշտեր որոնել եւ այնտեղ դրսեւորել իր տաղանդին արգասիքը։ Շեշտե՛նք՝ եւ այդ ընել հմտօրէ՛ն, կառչելով վեհ հասկացութիւններու, գաղափարերու, ընդհանրացնելով «ՄԵ՛Ր»ը համա մարդկային կաղապարի մէջ։
Այս մօտեցումը, Պոլսահայ խաղագիրներու երկրորդ ՄԵԾՈՒԹԻՆՆ Է։
IX- ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԽԱՂԵՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱ՛Ն ՅԱՏԿԱՆԻՇԸ Հայն ու հայութիւնը ընդհանրացնել եւ ներկայացնել որպէս ՀԱՄԱ ՄԱՐԴ, առանց ազգային տենչերու։
Այս ընդհանուր ուղղութեան որպէս հետեւանք, Պոլսահայ խաղերկե րու առանցքը կը կազմեն հետեւեալ թեմաները-
– Հայկական տոհմականութիւն
– Տոհմական պատկանելիութիւն
– Հայկական Բարքեր
– Ստեղծել միջավայր՝ որ «կաղապարուած է հայկականութեան մէջ։ – Ընտանիք եւ Ընտանեկան յարաբերութիւններ
– Ընկերային մտահոգութիւններ
– Կեանքի գոյութեան ընդհանուր մտահոգութիւններ – Անհատական, հաւաքական, մարդկային, ազգային բարոյականը Այս առանցքը դրսեւորուած է հետեւեալ ձեւերով՝
ա- Խաղերու միջավայրը հայկական է։ Դէպքերը ամբողջապէս զետեղ ւած են Հայկական՝ համայնացուա՛ծ շրջանակի մը մէջ։
բ- Գործող տիպարներուն ջախջախիչ մասը հայեր են։
գ- Տիպարներու անուններով։
Շատ իւրայատուկ եւ կարեւոր մաս կը կազմեն տիպարներու անուննե րուն ընտրութիւնները։
Խորհրդանշական, հեռունները տանող, խորիմաստ հարցերու ծնունդ կու տան։
Այս կապակցութեամբ, բացարձակապէ՛ս «օտար»՝ ոչ-հայկական անուն-ներ չկան։
Մաքուր, հայկական, պատմական անուններ են, որոնք այլիմաս տութիւն կը բուրեն։
Տիպարներուն տրուած անուններէն նշենք քանի մը օրինակ- Վարդան, Եղիշէ, Մարզպետունի, Բագրատունի, Պապ, Դաւիթ, Օշին, Սեպուհ։ Կանա ցի մաքուր անուններ՝ Հայնուշ, Հրաչուհի։
Արդարեւ, այս երկերը գիտակից ընթերցողի դէմքին յարգանքի ժպիտ մը կ՛ուրուագծեն։ Հայ ընթերցողը չի՜ կրնար զսպել իր յարգանքը հանդէպ այս պատկառելի փաղանգին։
դ- Միջավայրի պարտադրանքերուն որպէս արդիւնք, հասկնալիօրէն նիւթերուն մէջ՝
– Չկան պատմական թէմաներ, ինչպէս նախորդ դարու խաղագիր Ները կ՛ընէին։
– Չկան նաեւ ազգային հարցերու մտահոգութիւններու նշում։ – Չկան միջ-ազգային հարցեր, խնդիրներ։
– Չկան հպատակի եւ տիրոջ փոխյարաբերութեան պահեր։ – Ամբողովին անտեսուած է ոչ-հայկական մթնոլորտիը։
X- ԼԵԶՈՒՆ
Պոլսահայ խաղերկական գրականութեան մեծագոյն յատկանիշերէն եւ հպարտութիւն առթող երեւոյթը գործածուած ԼԵԶՈՒՆՆ Է։ Մաքրամաքուր, աննկարագելիօրէն, բացառիկ Արեւմտահայերէն մը։ Մաքուր Արեւմտհայրէնի կողքին, կայ նաեւ «Պոլսահայ բարբառը»- «տու տու», «աղա», «եաւրում» համեմունքներով։ Հասկնալի է այս պարագան։ Երբ ժողովուրդ մը դարերով կ՛ապրի միջավայրի մը մէջ, պարզ է այդ
7
միջավայրի ազդեցութիւնը կը կրէ։ Ասոյթներու, բառերու, արտայայտու թիւններու փոխառութիւնը կը կրէ։ Ասիկա յատուկ չէ միայն Պոլսահայ գրականութեան։ Օինակները շատ են։
XI- ՇԻՋՈՒՄ
1945ի իրապաշտ ընձիւղումէն ետք, յաջորդ վերելքը արձանագըր ւեցաւ 1970-ական թուականներուն Արման Վարդանեանի՝ Անհեթեթի ուղ ղութեան մօտեցումով։
Ինչ-ինչ պատճառներով իր խաղերէն եւ ոչ մէկը նեկայացուեցաւ Պոլիս։
Վարդանեան եղաւ այս փաղանգին վերջին գրողը։
Ինծի ծանօթ չէ, եթէ 2010-էն ետք խաղ գրուած է։
XII- ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Այսօր, ցաւ ի սիրտ, Պոլսահայ խաղերկութիւն գոյութիւն ՉՈՒՆԻ։ Իսկ ապագան մութ է։
Բայց․․․
Բայց մը կայ։
Տաղանդը, զարմանալի յատկութիւն մըն է, որ՝ չ՛ենթարկուիր տրամաբանական օրէնքներուն։ Կը ծաղկի առանց նախապայմանի։ Մեծագոյն մտատանջող հարցադրումը գիտակից հայուն համար, որ հետաքրքրուած է Պոլսահայ գրականութեամբ, անոր ապագայի կանխատե սումն է։
Նորեր կա՞ն, թերեւս։ Ո՞ւր են պիտի հարցնենք։ Յարմարագոյն լաւատեսի տրամադրութեամբ, անտեսելով տրմաբանայկան քանդիչ գոր ծոնները, պատասխանը՝ «տեղ մը» պիտի ըսենք։ Պիտի դրսեւորուի՞ն։ Թերեւս․ չըսելու համար՝ ոչ։
Ես անոնցմէ եմ, որ կը հաւատան տաղանդներու անակնկալ երեւու մին։ Պատմութիւնը յղի է նման դէպքերով։ Ամենէն դժնդակ ժամանակներու մէջ, տաղանդներ երեւցած են, ուր խստագոյն տրամաբանական ակնկա լութիւններն անգամ զիջած են անոր առջեւ։ Այնպէս որ կրակը եթէ մարած է,
սակայն մոխիրը որ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆ Է, տաք է։
Գերեզման չփորենք։
Ես կը հաւատամ մարդկային անակնկալ ընձիւղումներուն։ Յուսալ բառը չեմ սիրեր։ Չեմ յուսար, այլ կը հաւատա՛մ։
Թէ ի՞նչ պիտի պատահի, ժամանակը պիտի տայ պատասխանը։ Մինչ այդ միայն պէտք է սպասել եւ․․․
XIII- ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Զեկոյցս կ՛աւարտեմ խորագոյն յարգանք մատուցելով այն նուիրեալ խաղագիրներուն, որոնք իրենց տաղանդը նուիրեցին վառ պահելով ոչ միայն Պոլսահայ, այլ՝ Հայ խաղերկութեան ջահը։
Անոնք են
ԱՆԴԱՆ ԷՕԶԷՐ
ԱՇՈՏ ՄԱՏԱԹԵԱՆ
ԱՏՐԻՆԷ ՏԱՏՐԵԱՆ
ԱՐԱՅ ԿԻՒՐԷՆ
ԱՐԹՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ԱՐՄԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՊԷԶԻՐՃԵԱՆ
ԱՒԵՏԻՍ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ
ԲԱԳԱՐԱՏ ԹԵՒԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԳԱՊԱՌԱՃԵԱՆ
ԳՐԵՄ ՍԻՄՈՆ (ՍԻՄՈՆ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ)
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ (ԶԱՐԵՀ ՃԻՒՆՊԻՒՇԵԱՆ)
ԿԱՐՕ ՄԵՀԵԱՆ (ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐԵԱՆ)
ՄԻՔԱՅԷԼ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
ՄԿՐՏԻՉ ՀԱՃԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ԱՅՎԱԶ
ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
ՍԻՄՈՆԻԿ (ՍԻՄՈՆ ՄԵԼԻՔՍԷԹԵԱՆ)
ՍԻՐԱՐՓԻ ԳԱԲԱՌԱՃԵԱՆ
Վ․ Ս․ ԾՈՎԱԿ (ՎԱՀՐԱՄ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ)
ՎԱՀՐԱՄ ԲԱՐՈՒՆԵԱՆ
ՎԱՀՐԱՄ ՏԱՏՐԵԱՆ
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՃԷՄԵԱՆ
ՕՆՆԻԿ ՖՉԸՃԵԱՆ
Այս ցանկին մէջ չկան- թարգմանիչները, վիպափոխողները անտիպ երկերուն հեղինակները։
Ներողամտութիւն կը խնդրեմ, եթէ անուններ կան որ չեմ նշած։
Պատկառելի եւ յարգելի այս ցանկէն, այսօր, մէկ հոգի կ՛ապրի․ ան ալ բազմատաղանդ, բազմաշնորհ 92-ամեայ Ռոպէր Հատտեճեանն է։ Փառք ու պատիւ Պոլսահայ խաղագիրներուն։