Բենօ Թոնդեան (1945-2014)… Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, որ լայնախոհութեամբ հունաւորեց Դէպի Երկիր ուղին

0 0
Read Time:10 Minute, 58 Second

peno-tontian2

Դեկ­տեմ­բեր 15ի այս օ­րը կ­՚ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան ա­ռա­ջին տա­րե­լի­ցը ­Բե­նօ ­Թոն­դեան ա­նուն ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նին, որ 125ա­մեայ մեր կու­սակ­ցու­թեան ա­մէ­նէն զգա­յուն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւած­նե­րէն մէ­կուն, ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, ա­մե­նայն լայ­նա­խո­հու­թեամբ պա­հա­պան կանգ­նե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա­ւան­դին, իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ­Դէ­պի Եր­կիր ուղ­ղո­ւած ընդ­հան­րա­պէս տա­րա­գիր հա­յու­թեան, այ­լեւ յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եր­թին հու­նա­ւոր­ման մէջ։

Բե­նօ ­Թոն­դեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց նոր ժա­մա­նակ­ներ թե­ւա­կո­խած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վար­քա­գի­ծը՝ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան եւ մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան-բա­րո­յա­կան վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ռում­նե­րով։

Ա­նոնք, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նին այ­սօր թեր­թա­տե­լու եւ կար­դա­լու 1970ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի պաշ­տօ­նա­թերթ «Ազ­դակ»ի հա­ւա­քա­ծոն, վստա­հա­բար զար­ման­քով պի­տի հաս­տա­տեն, թէ ­Բե­նօ ­Թոն­դեան ա­նու­նով մինչ այդ ան­ծա­նօթ ստո­րագ­րու­թիւ­նը, այդ ժա­մա­նակ իր հրա­պա­րա­կած շա­բա­թա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով, որ­քա՜ն այժ­մէա­կան միտք ու­նէր փո­խան­ցե­լու հայ մար­դուն՝ 1968էն ետք նոր աշ­խար­հա­կար­գի մը հի­մե­րը նե­տող քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան ար­հես­տա­գի­տա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան վե­րա­նո­րոգ­ման դե­գե­րում­նե­րուն մա­սին։

25ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Ճե­մա­րա­նէն քա­նի մը տա­րո­ւան շրջա­նա­ւարտ, նաեւ ­Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան ­Հա­մալ­սա­րա­նի ­Ճար­տա­րա­գի­տա­կան բա­ժան­մուն­քը աար­տած՝ ­Բե­նօ ­Թոն­դեան դեռ դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր եր­դու­մը տո­ւած չէր, երբ ­Լի­բա­նա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ Ու­սա­նո­ղա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին բո­ղո­քի եւ ընդվ­զու­մի շար­ժում­նե­րը գտան ­Պա­ղես­տի­նեան պոռթ­կու­մի ի­րենց կրա­կի մկրտու­թիւ­նը։

Հա­յա­շունչ ամ­բողջ սե­րուն­դի մը հո­գե­խառ­նու­թիւնն ու մտա­ծե­լա­կեր­պը ար­տա­յայ­տե­լով՝ ­Հա­լէ­պէն ու ­Քե­սա­պէն ետք ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վանք ա­շա­կեր­տած, ա­պա՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տած եւ հուսկ Հ.Յ.Դ. նո­րա­հաս­տատ ­Կու­սակ­ցա­կան Դպ­րո­ցէն ան­ցած ­Բե­նօ ­Թոն­դեան ա­մէ­նէն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն էր իր սե­րուն­դին այն մտայ­նու­թեան, թէ նախ կեան­քի մէջ պէտք է ու­սու­մի տէր ըլ­լալ, ա­պա՝ սե­փա­կան յա­ջո­ղու­թեան աս­պա­րէզ ու­նե­նալ, յե­տոյ միայն դաշ­նակ­ցա­կան եր­դում տալ, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր ըլ­լայ Ազ­գին ու ­Հայ­րե­նի­քին ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին ծա­ռա­յել՝ այդ պայ­քա­րին խորհր­դա­նիշ կու­սակ­ցու­թեան՝ Հ.Յ.Դ. շար­քե­րը մտնե­լու եր­դում տա­լով…

Բե­նօ ­Թոն­դեան իր սերն­դա­կից­նե­րուն բաղ­դա­տած՝ ու­շա­ցու­մով մտաւ Հ.Յ.Դ. շար­քե­րը, իր ու­ղին հու­նա­ւո­րող ու­սու­ցի­չին՝ Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեա­նի ներշն­չու­մով, նախ ուս­ման տի­րա­ցաւ եւ ա­պա միայն ար­ժա­նա­ւո­րի կար­գա­վի­ճա­կով ե­կաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գիր­կը։ Իսկ 1971ի սկզբնա­ւո­րու­թեան իր տուած դաշ­նակ­ցա­կան եր­դու­մէն մին­չեւ մահ, ան ան­դե­դեւ եւ ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով գոր­ծեց Հ.Յ.Դ. յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ, ա­մե­նայն լայ­նա­խո­հու­թեամբ պա­հա­պան կանգ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ա­նանց ար­ժէք­նե­րուն, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան Ա­ւան­դին, հայ մշա­կոյ­թի ճա­ռա­գայ­թող հարս­տու­թիւն­նե­րուն, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ան­փո­խա­րի­նե­լի հան­գա­նա­կին։

Ք­սա­նե­րորդ դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դին, երբ Ե­րե­ւա­նը վերս­տին ու ­Պէյ­րու­թը նո­րո­վի ծան­րու­թեան կեդ­րոն կը դառ­նա­յին հա­յոց հող­մաց­րիւ կեան­քին մէջ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան նո­րա­ցո­ւած դէմ­քը մարմ­նա­ւո­րող գոր­ծիչ­նե­րու շար­քին ­Բե­նօ ­Թոն­դեան հան­դի­սա­ցաւ հինն ու նո­րը, ա­ւան­դա­կանն ու նո­րա­րա­րա­կա­նը հա­մադ­րե­լու ու­ղին ընտ­րած սե­րուն­դին այն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ խօ­սա­կից էր բո­լո­րին, նոյ­նիսկ ներ­հակ հա­մո­զում­նե­րու տէր… ի­րե­րա­մերժ ար­մա­տա­կան­նե­րուն։

Տա­կա­ւին կան­ուխ է ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տե­լու ­Բե­նօ ­Թոն­դեա­նի ներդ­րու­մը հայ կեան­քի եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կեան­քի բախ­տո­րոշ այն հանգրուա­նին, երբ թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան դէմ ­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րը 1985ին նշդրա­կի հարուա­ծով վերջ գտաւ, որ­պէս­զի քա­նի մը տա­րի ետք՝ 1988ին, Ե­րե­ւա­նէն մին­չեւ Ս­տե­փա­նա­կերտ վե­րա­նո­րոգ թա­փով նոր շունչ առ­նէ…

1988ի Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վէն սկսեալ, ­Բե­նօ ­Թոն­դեան իր կար­գին նոր էջ բա­ցաւ իր կեն­սագ­րու­թեան մէջ։ Հ.Յ.Դ. եւ ընդ­հան­րա­պէս Ս­փիւռ­քի «­Դէ­պի Եր­կիր» շրջա­դար­ձա­յին ո­րո­շու­մը կա­յացնող այդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ե­ղաւ, բայց նա­խընտ­րեց թի­կուն­քը պա­հել եւ ոչ թէ առ­ջեւ նե­տո­ւիլ։ ­Քի­չեր գի­տեն, թէ առ­ջեւ նե­տուող­նե­րուն ինչ­պի­սի՜ հո­գա­ծու­թեամբ եւ ակ­նա­ծան­քով տի­րու­թիւն ը­նող­նե­րէն ե­ղաւ ­Բե­նօ ­Թոն­դեան։ Ա­ւե­լի՛ն. յատ­կա­պէս 1995էն ետք Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին, ­Բե­նօ ­Թոն­դեան հան­դի­սա­ցաւ լայ­նա­խո­հա­բար հայ կեան­քի մէջ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ պահ­պա­նող այն պա­տաս­խա­նա­տուն, որ ինչ­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ-կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քէն ներս, նոյն­պէս եւ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց եւ հայ հա­սա­րա­կու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թեանց հար­թու­թեան վրայ, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պար­զեց ու բարձր պա­հեց դրօ­շը հա­մա­խո­հու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան ո­գիին՝ Ազ­գի ու ­Հայ­րե­նի­քը հո­գը ապ­րող քա­ղա­քա­կան թէ կու­սակ­ցա­կան բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն յոր­դո­րե­լով, մին­չեւ ի­րա­կա­նա­ցու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան, մին­չեւ ա­պա­հո­վու­մը մեր միակ ­Պե­տա­կան ­Տան անվ­տան­գու­թեան։ Ո­րո­շա­կի ի­մաս­տով՝ ­Բե­նօ ­Թոն­դեան ե­րե­ւոյթ էր հայ կեան­քին մէջ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ հայ կեան­քի ղե­կա­վար­ման եւ ա­ռաջ­նոր­դող ո­րո­շում­նե­րու կա­յաց­ման կեդ­րոն­նե­րու մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած ըլ­լա­լու ի­մաս­տով։ Ան­շուշտ նախ՝ իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Գոր­ծա­վա­րի (ար­հես­տա­վարժ պաշ­տօ­նեա­յի), ա­պա նաեւ՝ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դո­ղի ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

Երկ­րորդ հեր­թին՝ ­Բե­նօ ­Թոն­դեան ե­րե­ւոյթ էր սփիւռ­քա­հայ կեան­քի վար­չա­մե­քե­նան՝ իր ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րով եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան մտայ­նու­թեամբ ճանչ­նա­լու իր բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թեան ու հո­տա­ռու­թեան ի­մաս­տով։ ­Բե­նօ ­Թոն­դեան Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ էր 1994ին, երբ ա­տե­նի Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի 25ա­մեայ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ տա­րա­բախտ Հ­րայր ­Մա­րու­խեան ու­ղե­ղի կա­թո­ւա­ծով մա­հա­քու­նի մատնո­ւե­ցաւ։ Դժ­բախտ պա­տա­հա­րը ղե­կա­վար­ման մեծ բաց մը ստեղ­ծեց յան­կարծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կեան­քին մէջ, որ իր անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ։ Օ­րո­ւան Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կազ­մին մէջ կու­սակ­ցա­կան ցեն­զով կա­յին ար­ժա­նա­ւոր­ներ, ո­րոնք կրնա­յին յա­ջոր­դել ը­ներ Հ­րայ­րին՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան տէր կանգ­նե­լու ի­մաս­տով։ ­Բայց ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր ­Գե­րա­գոյն ­Մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ո­րո­շեց վստա­հիլ ­Բե­նօ ­Թոն­դեա­նի, որ կրցաւ բարձր պա­հել Հ.Յ.Դ. դրօ­շը փո­խանց­ման այդ դժո­ւա­րին շրջա­նին, երբ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի մէջ պե­տա­կա­նօ­րէն «փա­կո­ւած» էր, իսկ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին մեր ժո­ղո­վուր­դը խոր­թու­թեան մատ­նո­ւած էր Հ.Հ. ա­տե­նի իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։

Հ.Յ.Դ. գա­ղա­փա­րա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան այն Ա­ւան­դը, որ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի եւ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան ­Սե­րուն­դին կող­մէ ժա­ռանգ ձգո­ւած էր մեր սե­րունդ­նե­րուն, ­Բե­նօ ­Թոն­դեան իր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցո­ւի­չի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին փոր­ձեց, ա­մէն ճիգ թա­փե­լով, նո­րո­վի կեն­սա­գոր­ծել՝ ­Հա­յաս­տա­նա­կեդ­րոն հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյ­ցի վե­րա­ծե­լով ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, նաեւ՝ «­Հա­յաս­տա­նը ա­մէն բա­նէ վեր» նշա­նա­բա­նին տա­լով մե­րօրեայ ­Դաշ­նակ­ցա­կան թռիչք…

Բե­նօ ­Թոն­դեան ա­ռան­ձին վա­զող ձի չէր։

Հա­ւա­քա­կան կամք եւ ուժ մարմ­նա­ւո­րող Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ էր։

Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու ազ­գա­յին մեր վճռա­կա­նու­թեան եւ մար­տու­նա­կու­թեան յու­շա­րարն էր վեր­ջին հա­շո­ւով։

Ինչ­պէս իր կեն­դա­նու­թեան, նաեւ իր մա­հէն ետք՝ ­Բե­նօ ­Թոն­դեան կը շա­րու­նա­կէ խօ­սա­կից մնալ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան տես­լա­կա­նով՝ հա­մազ­գա­յին մեր պայ­քա­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու ու­ղի կ­՚ո­րո­նեն:

Ն.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles