
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Օգոստոս 10, 2022-ի թուակիր յատուկ յայտարարութեամբ մը բռնօրէն դատապարտեց Աղաւնոն եւ ամբողջ Բերձորն ու Լաչինը Ատրպէյճանին յանձնելու գործընթացը։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել զինադադարը, շարունակ յարձակումներ կատարելով եւ պատճառ դառնալով, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորներ վիրաւորուին եւ մահանան։ Կը նշուի, նաեւ Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի մէկ հաստատումը, թէ Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան մինչեւ 25 Օգոստոս ժամանակ տուած է Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն, իրենց բնակավայրերէն դուրս գալու համար:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով եւ քննադատելով ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձախող եւ վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ, որ այս հողերու յանձնումով, Արցախը պիտի պաշարուի։
Հ․Ե․ Դաշնակցութիւնը կոչ կ՛ընէ․-
1․- Հեռաձայնել Սպիտակ Տան (202) 456-1111 թիւին (ժամը 11-էն 3) եւ պահանջել որ դադրեցուի ամէն գնով Ատրպէյճանի զինուորական օժանդակութիւնը։
2․- Կապ հաստատել քոնկրէսականի կամ ներկայացուցիչի հետ, բացտրելով, թէ պէտք է քննադատուին Ատրպէյճանի կատարած հետեւողական յարձակումները եւ փոխարէն բարձրացնել օժանդակութիւնը՝ Արցախին։
Յայտարարութիւնը կ՛եզրակացնէ, թէ Արցախը փրկելու համար, Ժամանակն է տեղի չտալու եւ շարունակ պայքարելու։