
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հակառակ շրջափակման, Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ կազմակերպուեցաւ «Մշուշի Միջից» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի հաւաքածոյէն հրաշքով փրկուած գեղանկարներ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, պատգամաւորներ, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Յասմիկ Մինասեանը եւ փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ` նախարարի խորհրդական Մելանիա Բալայեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը, փոխքաղաքապետ Սամուէլ Ղուլեանը, արուեստի գործիչներ, մշակութասէրներ:
Շուշի քաղաքի թանգարաններու տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան ներկայացուց այն գեղանկարները, որոնք 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին կը գտնուէին Շուշիէ դուրս` տարբեր ցուցադրութիւններու պատճառով, եւ տօնական ձեռնարկներու ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ անոնց ցուցադրութիւնը:
Ներկայացուած բոլոր 35 գեղանկարները Շուշիի թանգարանի հաւաքածոյին մաս կը կազմէին: Անոնք տարբեր ժամանակներու, տարբեր հեղինակներու, բարերարներու կողմէ նուիրուած էին թանգարանին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան հայ եւ օտար հեղինակներու` Աշոտ Թադեւոսեանի, Վատիմ Պապով-Ամշելի,Նիքոլայ Զոլոթարեւի, Եուրի Եղիազարեանի, Սեւատա Սարգսեանի, Սերգէյ Աւագեանի, Կարէն Աղամեանի,Կորիւն Նահապետեանի, Լուսինէ Յովհաննիսեանի,Վլատիմիր Գրիգորեանի, Զուլում Գրիգորեանի,Գէորգ Մշեցի-Ճաւրուշեանի, Գրիգորի Գրիգորեանի, Համլեթ Յարութիւնեանի, Եուրի Գրիգորեանի, Անտրէյ Շուկարովի, Յակոբ Յովհաննիսեանի, Հրաչ Յակոբեանի, Ռուբէն Կոնստանդեանի, Կարէն Գասպարեանի, Աւետիք Յակոբեանի եւ այլոց կտաւները:
«35 տարի առաջ արցախցին տէր կանգնեցաւ իր ճակատագրին, արցախցին ի՛նքը որոշեց իր ճակատագիրը, իսկ այլընտրանքը պայքարն էր: Այդ պայքարը մեզի յաղթանակ բերաւ, սակայն մենք չսիրեցինք մեր յաղթանակը, չփայփայեցինք զայն: Մենք վայելեցինք փառք, այդ յաղթանակը վայելեցինք, իսկ այսօր երեւի անոր համար մենք յայտնուեցանք մշուշի մէջ: Մշուշի մէջ արցախցին նորէն սկսաւ իր պայքարը եւ ամէն մէկը` իւրովի: Նկարիչներն ալ իրենց վրձինով ու աշխատանքով կը պայքարին», բացման խօսքին մէջ յայտնեց Լուսինէ Գասպարեան:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշեց, որ ցուցահանդէսի «Մշուշի միջից» խորագիրը արդէն ամէն ինչ կը բացայայտէ:
«Շուշիի ոգին կը թեւածէ մեր մէջ, ինչպէս 22 Մարտ 1920-էն ետք թեւածած է բոլոր շուշեցիներուն մէջ, որովհետեւ անոնք համոզուած էին, որ եթէ ոչ իրենք, ապա` իրենց սերունդները: Այդպէս ալ եղաւ: Յոյս ունենանք, որ մենք այդ օրը կը տեսնենք: Բոլորս կը յիշենք Շուշիի մշուշը: Երբ արեւը ցոլքեր կու տար քաղաքին, ներքեւը ամբողջութեամբ մշուշ էր, եւ այդ մշուշին մէջէն վեր յառնեցան ու փրկուեցան այս նկարները: Ցուցադրելով այս նկարները` մեր հայրենակիցներուն կ՛ուզենք ըսել, որ ամէն ինչ չէ, որ կորսնցուցած ենք, ամէն ինչ չէ, որ կորսուած է եւ, բնականաբար, այս հիմք պէտք է հանդիսանայ, որ նորէն երթանք եւ 1846 թուականին կառուցուած շէնքին` Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ, վայելենք ո՛չ միայն այս, այլ նաեւ այն նկարներն ու կտաւները, որոնք աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ պատրաստակամ են, որ նորէն ցուցադրուին Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ», յայտնեց Յովհաննիսեան: