Ֆրեզնոյէն Հայ Բժիշկներ Այցելեցին Լիբանան

0 0
Read Time:55 Second


Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Պէյրութ ժամանեցին Ֆրեզնոյէն հայ բժիշկներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ տեղւոյն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի։
Աբգարեան այս խումբին ղեկավարն ու կազմակերպիչն է եւ ապահոված է թէ՛ Լիբանանի դեսպանատան գործակցութիւնը, եւ թէ Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին օգնութիւնը: Անոր կ՛ընկերակցին բժիշկներ Վաչէ Վասիլեան (ատամնաբոյժ), Վան Պօղոսեան (վիրաբուժ), Ճէյք Գուշիկեան եւ Կարօ Խաչիկեան (ներքին հիւանդութեան մասնագէտներ), Կարինէ Վասիլեան (մանկաբուժ) եւ Անիթա Պօղոսեան (թղթակից):
Այս խումբը եւ մօտ երեսուն այլ բժիշկներ 2015-էն ի վեր բժշկական առաքելութեամբ կը մեկնին Հայաստան եւ Արցախ, օգնելու մեր հայրենակիցներուն` մեծ քանակութեամբ դեղ եւ բժշկական կարեւոր սարքաւորումներ իրենց հետ տանելով:
Լիբանանի Օգնութեան Խաչը հիւրընկալեց բժիշկները եւ Պուրճ Համուտի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը տրամադրեց անոնց մարտ 8-էն սկսեալ: Խումբը նաեւ այցելեց Այնճար եւ տեղւոյն Օգնութեան Խաչի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն օգնութիւն տրամադրեց Այնճարի բնակիչներուն:
Պատուիրակութիւնը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան։ Արամ Ա. կաթողիկոս մեծապէս գնահատեց Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` շեշտելով, որ բժշկութիւնը նաեւ կոչում է, որ մարդուն հետ կը ծնի եւ կը նպաստէ մարդոց կեանքի բարելաւման, զանոնք առողջ եւ յուսալի պահելու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles