Ֆրանսա.- Հանդիպում Նիկոլ Փաշինեան Հետ

0 0
Read Time:50 Second

Սեպտեմբեր 14-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի հետ:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան: Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահները վարչապետին հետ քննարկած են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու ներկայ  հոլովոյթները:

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեանին ներկայացուած է ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի գործունէութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը եւ Խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանը շեշտած են, որ կազմակերպութիւնը միշտ գործակցած է Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ, աջակցած տարաբնոյթ հարցերու մէջ` ոչ պաշտօնական դիւանագիտութեան շրջագիծին մէջ ներկայացնելով Հայաստանի եւ Արցախի շահերը Ֆրանսայի տարբեր քաղաքական եւ իշխանական շրջանակներուն:

Կազմակերպութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքի միասնականութիւնը պահպանելու եւ գաղութային կեանքի զարգացումը ապահովելու համար:

Վարչապետ Փաշինեան յայտնած է իր գոհունակութիւնը, որ Ֆրանսայի մէջ առկայ է այդպիսի համախմբուածութիւն, եւ կարեւոր նկատած  սփիւռքեան կառոյցներու եւ Հայաստանի իշխանութեան միջեւ գործակցութիւնը` ի շահ համազգային խնդիրներու լուծման:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles