
67-ամեայ Ժորժ Քեփենեկեան ընտրուեցաւ Լիոնի քաղաքապետ: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրած էր նախկին քաղաքապետ՝ Ժեռար Քոլոմ, որ Ֆրանսայի նոր կառավարութեան մէջ, նշանակուած է ներքին գործոց նախարար:
Քեփենեկեան 2014-էն Քոլոմի մշակութային եւ ձեռնարկներու հարցերով առաջին տեղակալն էր: Ան հետեւողական ներդրում ունեցած է Լիոնի զարգացման գործին մէջ: Քեփենեկեան միշտ ալ ներկայութիւն եղած է Լիոնի մէջ:
Արհեստով բժիշկ, ան փոքր տարիքէն անդամակցած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան պատմական որակեց Ժորժ Քեփենեկեանի ընտրութիւնը:
Խորհուրդի 72 անդամներէն ի նպաստ Քեփենեկեանի քուէարկեցին 49-ը: