

Թրքական ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» շարժումի անդամ ֆրանսաբնակ Ահմէտ Չեթինի գլխաւոր գործունէութիւնը կը թուի ըլլալ հակահայ գրգռութիւններու կազմակերպումը։ Ինք էր նաեւ ֆրանսացի ծանօթ ժխտող Մաքսիմ Կոէնը բանախօսութեան մը համար հրաւիրողը։ Ան նաեւ ընկերային ցանցերէն կ՚ունենայ հայատեաց ելոյթներ։ Անոնց վերջիններէն մէկուն մէջ նոյնիսկ չի վարանիր ըսելու.- «Ինծի թող տան 2000 եուրօ ամսական եւ զէնք մը ու ես հարկ եղած գործը կը տեսնեմ Ֆրանսայի մէջ, ամէնուրեք»։ Կ՚ակնկալուի, որ հայկական ճակատէն բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուին անոր դէմ։ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը արդէն կատարած է այդ քայլը եւ անոր բողոքին ընդառաջելով է, որ ֆրանսական արդարադատութիւնը պիտի դատէ ենթական։