
ՓԱՐԻԶ.- Ապրիլ 7-ին, «Ֆրանս 24»ի պատկերասփիւռի կայանի կազմակերպած ուղիղ եթերով տեղի ունենալիք բանավէճը՝ Ատրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրպայովի եւ Ֆրանսահայ գաղութի ներկայացուցիչ՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի միջեւ, ջնջուած է։ Վերջին պահուն Ազերի դեսպանը մերժած է հանդէս գալ:
Այս գծով, Փափազեան խօսք առնելով ըսաւ.- «Այս վերաբերմունքով Ատրպէյճանի դեսպանը ցոյց կու տայ իր մտային անպատրաստութիւնը։ Մերժելով այս բանավէճի մասնակցութիւնը, ազերի դեսպանը նաեւ ցոյց կու տայ, որ ինք կը վախնայ ժողովրդավար կարգերով բանավէճի մասնակցելէ։ Ես, մեծապէս կը դատապարտեմ այս վախկոտ քաղաքականութիւնը, այն միջոցին, երբ Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խախտել զինադուլը, որ յայտարարուած էր Երեքշաբթի, Ապրիլ 5-ին։…Յստակ է, որ բանավէճը մաս չի կազմեր Ատրպէյճանի մշակոյթին»։