
ՓԱՐԻԶ․- Նոյեմբեր 2-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Օրինաց յանձնաժողովին առջեւ ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարման յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚արգիլէ «Գորշ գայլեր» թրքական ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութեան գործունէութիւնը երկրին մէջ։
Ծանօթ է, որ Ֆրանսայի մէջ «Գորշ Գայլեր»-ը Հայոց դէմ յարձակողական արարքներու սկսան Յուլիսեան պատերազմի օրերուն, Տէսինի մէջ Արցախի զօրակցութեան խաղաղ հանրահաւաք կատարող Հայոց վրայ քալելու փորձով։
Նախարար Տարման խօսելով այդ կազմակերպութեան մասին, զայն բնորոշեց յարձակողական, չըսելու համար՝ աւելին։ Որոշուած է կազմակերպութեան գործունէութիւնը արգիլելու հարցը յաւելեալ մանրամասնութեամբ ընդգրկել կառավարութեան՝ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4-ի նիստի օրակարգին մէջ։
«Գորշ գայլեր»-ը («Պոզքուրթլար») 1968 թուականին Ալփարսլան Թիւրքէշի կողմէ ստեղծուած անկախ կազմակերպութիւն է։ Կը դաւանի համաթրքականութեան գաղափարախօսութեան։
Նշենք, թէ այս գաղտնի կուսակցութեան մաս կազմող ծայրայեղներ, խռովութիւն եւ գրգռութիւն յառաջացնող գրութիւններով վնաս հասցուցած էին Լիոնի Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսարանի կառոյցին: