
ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան յայտնեց, թէ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գոհացուցիչ են ֆրանսահայ համայնքին համար։
Փարիզի քաղաքապետ վերընտրուած է Անն Հիտալկոն: Վերջին ամիսներուն ֆրանսահայերը կ՛ահազանգէին, թէ անոր քաղաքական հակառակորդը` Ռաշիտա Տաթին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեծ բարեկամն է, անդամ է Ատրպէյճանի բարեկամներու միութեան։
Հայաստանի, Հայ դատի եւ հայ համայնքի լբարեկամ Հիտալկոյի վերընտրուիլը չէ միայն, որ գոհ է հայ համայնքը։ Ֆրանսայի կեդրոնական շրջաններուն մէջ Էրտողանի ջանքերով որոշ ցուցակներու մէջ ընդգրկուած էին թրքական ծագումով ֆրանսացիներ, որոնք աւելի ուշ Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն ժխտած էին: Եւ հայ համայնքը մեծ պայքար տարաւ, որպէսզի այդ թեկնածուները ձախողին։
Յարութ Շիրինեան աւելցուց, թէ տեղի ունեցած քուէարկութենէն ետք «եան»-ով կ՛աւարտի ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ Եւրոպական Միութեան ամէնէն կարեւոր քաղաքներէն մէկուն ղեկավարին մականունը. Ժանն Բարսեղեանն է Սթրազպուրկի նոր քաղաքապետը:
«Ֆրանսահայութեան համար շատ կարեւոր է, որ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները ներկայացուած ըլլան երկրի քաղաքական կեանքին մէջ։ Տիկին Բարսեղեանը բաւական հետաքրքրուած է Հայաստանի բնապահպանական ոլորտով: Հաւանական է, որ Հայ դատի գրասենեակը եւ հայ համայնքը անոր աջակցութիւն ցուցաբերեն` միասին ծրագիրներ իրականացնելու։ », եզրակացուց Շիրինեան: