
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծին, որ Խորհրդարանի քննարկման ներկայացուած էր կառավարութեան կողմէ։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան յայտնեց.- «Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեցին կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, որուն մէջ կ՛առաջարկուի քրէականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Նախագիծը Սեպտեմբերին պիտի քննարկուի Ծերակոյտի մէջ, ուր հաստատուելէ ետք՝ կրկին կը վերադառնայ Ազգային ժողով` վերահաստատուելու համար»: Ժողովին ներկայ եղող բոլոր 21 պատգամաւորները կողմ քուէարկած են նախագիծին:
Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի բանաձեւին վրայ աշխատանք տարած են Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու իրաւաբանները: Բանաձեւը մշակուած է Ֆրանսայի Սահմանադրութեան համապատասխան եւ հայ համայնքի համար ընդունելի տարբերակով: «Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ»ին բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրապարակած էր Յունիս 29-ին:
Նշեալ օրէնքով կը նախատեսուի մէկ տարուան ազատազրկում կամ 45.000 եուրոյի չափով տուգանք սահմանել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու համար: Ան աւելցուց, որ այժմ հայկական համայնքը պէտք է լուրջ աշխատանք տանի, որպէսզի նախագիծը հաստատուի նաեւ Ծերակոյտի մէջ` դիտել տալով, որ այդ ընթացքին Թուրքիան ալ իր լծակներով պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել` Ծերակոյտին կողմէ նախագիծին հաստատումը կանխելու համար:
«Թուրքիան, անշուշտ, չէր սպասեր, որ Ազգային ժողովը այսքան արագ նման որոշում տայ: Անոնք կը փորձէին ճնշում բանեցնել կառավարութեան վրայ եւ նախագահ Հոլլանտէն կը պահանջէին յետս կոչել օրինագիծը, սակայն ատիկա չեղաւ: Հիմա մենք պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք, եւ ես համոզուած եմ, որ յաղթանակ կը տանինք: Յունուար 25-ին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն յանձնարարեց առաջարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի բանաձեւը, որ կը համապատասխանէ նաեւ Սահմանադրութեան: Հայկական կազմակերպութիւններու մասնագէտները աշխատեցան ֆրանսացի իրաւաբաններու հետ` մեզի համար ընդունելի եւ Սահմանադրութեան համապատասխանող բանաձեւ մշակելու համար: Նախագիծը հաւասար է հակացեղապաշտական եւ հակասեմական օրէնքներու բանաձեւերուն », աւելցուց Փափազեան:
Օրինագիծի բանաձեւին մէջ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ կը նշուի Հայոց եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները:
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական ԿոմիտէՆ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայելով, յայտնեց ողջունեց Ազգային Ժողովի այս քայլը, շնորհակալութիւն յայտնեց արդարութեան ջատագով անոր երեսփոխաններուն: «Կ’ակնկալենք, որ Ծերակոյտը իր կարգին կը դրսեւորէ քաղաքական միեւնոյն կամքը, հակառակ` թրքական բոլոր տեսակի ճնշումներուն : Նախագահ Հոլանտի նախընտրական խոստումը հանդիսացող այս օրէնքին ձեռքբերման ի խնդիր ֆրանսահայութիւնը իր բոլոր հոսանքներով անխտիր պիտի շարունակէ իր պայքարը, յանուն արդարութեան վերջնական հաստատման», կը տեղեկացմէ Յուլիս 1-ին լոյս ընծայուած հաղորդագրութիւնը: