ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

ՓԱՐԻԶ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3-ին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը, 188 թեր, 3 դէմ եւ 16 ձեռնպահ քուէներով ճանչցաւԱրցախի անկախութիւնը եւ դատապարտեց Ատրպէյճանն ու Թուրքիան՝ Հայաստանի ու Արցախի դէմ գործադրուած յարձակման համար։

Արտաքին Գործոց նախարարութեան ճնշումը, որ Ծերակոյտի քուէարկութենէն ետք յայտարարած էր, թէ Ֆրանսան պիտի չճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, անբաւարար եղաւ կասեցնելու Ազգային Ժողովի հայանպաստ ճանաչումը։

Որոշումի նախագիծը, որ 32 երեսփոխաններու ստորագրութեամբ պատրաստուած էր անցեալ Հոկտեմբեր 14-ին, կը յիշատակէ Թուրքիոյ ռազմաշունչ քաղաքականութիւնը եւ Անգարայի կողմէ օտար վարձկաններու ներածումը Արցախ, ազդարարելով որ այս քաղաքականութիւնը իսլամական բռնութեան աճի պատճառ կրնայ դառնալ նաեւ այլուր։ Նաեւ նշած է Ատրպէյճանի մեծաքանակ զինումը եւ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորումը Արցախեան պատերազմի ժամանակ իբրեւ պատերազմական ոճիր ու կայունութեան սպառնալիք, ո՛չ միայն Կովկասի, բայց նաեւ աշխարհի տարածքին։

Այս որոշումը.-

ա. Կ՚արձանագրէ Ատրպէյճանի կառավարութեան մերժումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային լուծում մը գերադասելու,

բ. Կ՚ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառիկ բնոյթը, տրուած ըլլալով ռազմական կողմերը եւ անոր շրջանային հետեւանքները, որոնք պատշաճեցուած լուծում մը կը պահանջեն,

գ. Կը հաստատէ հակամարտութեան վերջնական լուծման անհրաժեշտութիւնը՝ երաշխաւորելով խնդրոյ առարկայ քաղաքացիական բնակչութեան մնայուն ապահովութիւնը։

դ. Կը հաստատէ բացարձակ կարիքը, որ Լեռնային Ղարաբաղը ունենայ իր ամբողջական ինքնիշխանութիւնը որեւէ ատրպէյճանական կառավարութենէ դուրս, ինչ որ այլապէս կ՚ենթադրէ հայկական բնակչութեան արմատախլումը, վերջնական սահմաներու մէջ, որոնք պիտի որոշուին Արցախի իշխանութիւնները ընդգրկող բազմակողմանի բանակցութեան ընթացքին։

ե. Կը հրաւիրէ [ֆրանսական] կառավարութիւնը, որ անյապաղ դիմէ Արցախի հանրապետութեան ճանաչման եւ անոր իշխանութիւններուն հետ դիւանագիտական կապերու հաստատման՝ հակամարտութեան վերջնական լուծում ձեռք բերելու համար։

Նշենք, թէ ազգային Ժողովի ճանաչումը յաջորդած էր Ֆրանսայի Ծերակոյտի ճանաչման, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 25-ին, 305-1 քուէարկութեամբ։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles