
ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ», Ա.Ֆ.Փ.).- Ուրբաթ, Յունուար 5-ին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն առաջին անգամ ըլլալով ընդունեց թուրք պաշտօնակից Էրտողանը: Գլուխ-գլուխի հանդիպումէն ետք, տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսը սկսաւ շարք մը համաձայնագրերու ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութեամբ: Մարդկային իրաւանց առումով, ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ: Մաքրոն փորձեց շարունակ խուսափիլ, աւելի կեդրոնանալով տնտեսական բնագաւառին վրայ:
Մամլոյ ասուլիսին, արծարծուեցաւ բանտարկուած Օսման Քաւալայի պարագան: Էրտողան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ պետական յեղաշրջումը ունի իր գործադրողները, բայց նաեւ ունի տուեալ հողը պատրաստող իր «պարտիզպան»-ները, այդ մեղադրանքով անուղղակի կերպով ամբաստանելով Քաւալան:
Լրագրողներ հարցումներ յղեցին երկու նախագահներուն: Անոնցմէ ամենէն յատկանշականը Լօռան Ռիշարի յղած հարցումն էր: Յիշեցնենք, թէ Լօրան Ռիշար Էլիզ Լիւսէի հետ՝ այն երկու լրագրողներէն մէկն է («Cash Investigation» – France 2), որոնց դէմ Ատրպէյճան «բռնատիրութիւն» եզրի գործածութեան համար դատ բացած էր Ֆրանսայի մէջ իսկ, եւ կորսնցուցած:
Ռիշար Էրտողանին հարցուց, թէ մինչ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասին կը խօսի, ինչպէ՞ս կրնայ բացատրել այն երեւոյթը, որ թրքական գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹ-ի՝ զէնքերով ու զինամթերքով լեցուն բեռնատար կառքերը բացայայտուեցան երբ անոնք այդ սպառազինութիւնը կը փոխադրէին Սուրիոյ մէջ կռուող Տահէշի ահաբեկիչներուն: Էրտողան շատ նեղ կացութեան մատնուեցաւ: Ջղագրգռութիւնը ինքնին ապացոյց էր այդ անհանգստութեան: Լրագրողին պատասխանեց եզակի դէմքով եւ զայրացած: Իսկ տուած պատճառաբանութիւնները տրամաբանութենէ բոլորովին զուրկ էին եւ հարցը շրջանցելու միտող հանգամանք ունէին: Տեղի ունեցած Մաքրոն-Էրտողան հանդիպումի արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին Փարիզ այցելութիւնը հաւատարիմ մնաց իր խոստումներուն. Էրտողան ցոյց տուաւ իր ճշմարիտ դէմքը: Բռնատէր մը, որ կ՚արտայայտուի այնպէս՝ կարծէք գտնուէր իր պալատին մէջ, անտեսելով եւրոպական չափանիշերը, զորս իբրեւ թէ կը բաժնէ: Ղեկավար մը, որ Փարիզի մէջ կը խօսի, այնպէս՝ ինչպէս կը խօսի Անգարայի մէջ, արդարացնելով՝ 2016 Յուլիսին յաջորդած ձերբակալութիւններու ալիքը, վատաբանելով քիւրտեր (որոնք մինչդեռ տեղւոյն վրայ պայքարեցան Տահէշին դէմ , անկիրթ կերպով խօսելով «Envoye Special»-ի լրագրողին հետ, որ զինք կը հարցապնդէր իր կառավարութեան կողմէ Տահէշին ցուցաբերուած զօրակցութեան մասին: Գալով Ֆրանսայի նախագահին՝ ան յստակ կեցուածք ցուցաբերեց ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ ռազմավարական հասարակաց շահերուն, ինչպէս նաեւ ապահովութեան հարցերուն, ոչ ալ թաքցնել տուաւ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացը շարունակելու անկարելիութիւնը, ինչ որ դրական է:
Սակայն, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի գնահատումով՝ մարդկային իրաւանց հարցին մէջ Ֆրանսայի նախագահը պէտք է երթար աւելի հեռու եւ նոյն անկեղծութեամբ պէտք է արծարծէր Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Կիպրոսի հարցը: Դէմ չենք Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան, բայց մեր համոզումով՝ Փարիզ պէտք է ըլլայ Անգարայի հետ բոլոր նիւթերուն շուրջ բանակցութիւնները վարողը, միշտ յստակ ու թափանցիկ կերպով: Կարելի էր չշրջանցել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս որ՝ կարելի էր նաեւ այս այցելութիւնը չդրոշմել Ֆրանսայի կողմէ Թուրքիոյ սպառազինման մասին համաձայնագրով մը, մա՛նաւանդ այս ժամանակաշրջանին երբ տուեալ երկրին թշնամական ձգտումները, ներառեալ՝ քրտական դիմադրականութեան դէմ, գաղտնիք չեն ոչ մէկուն համար: