
ԱՆԳԱՐԱ.- Պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա ժամանած` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, նախագահ Ապտուլահ Կիւլի հետ տեսակցութենէն ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին մասին կապուած հարցումի մը պատասխանելով` յայտնեց թէ պատմութիւնը քօղազերծելու աշխատանքները կրնան դժուար ըլլալ: “…Բայց անոնք այնպիսի աշխատանքներ են, որոնք պէ՛տք է կատարուին, որպէսզի կատարուի հաշտութիւնը“, շեշտեց Հոլանտ: Առանց Հայկական Ցեղասպանութիւն բառերը օգտագործելու, Ֆրանսայի նախագահը աւելցուց թէ անցեալի իրադարձութիւնները պէտք է ուսումնասիրուին եւ ընդունուին յատկապէս այս անկիւնադարձային տարիներուն:
Վերջին անգամ 1992-ին, Ֆրանսայի նախագահ մը` Ֆրանսուա Միթըրան, այցելած էր Թուրքիա:
Նաեւ, Հոլանտ խօսեցաւ Ֆրանսայի ժողովուրդին մօտ Թուրքիոյ եւրոպական անդամակցութեան շուրջ մտահոգութիւններուն մասին, դիտել տալով, թէ “Ֆրանսացիներու քննարկման պիտի ներկայացնենք Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը“:
Հոլանտ հանդիպում ունեցաւ, նաեւ “Ակօս“ շաբաթաթերթի նախկին խմբագրապետ Հրանդ Տինքի կնոջ այրիին` Ռաքէլ Տինքի հետ: Հոլանտի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուէին եօթ նախարարներ եւ բազմաթիւ ֆրանսացի գործարարներ:
Հոլանտ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ վարչապետ Էրտողանի հետ:
Նշենք թէ, Ֆրանսայի հայ համայնքը Հոլանտի Թուրքիա կատարուած այցելութեան գծով բողոքի ցոյցեր կազմակերպած էր: “Թրոքատերօ“ հրապարակին վրայ խօսք առին հայ համայնքի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, իսկ մէկ օր առաջ նոյնանման ցոյցեր տեղի ունեցան հայաշատ Լիոնի եւ Մարսէյլի մէջ:
Ցոյցերուն ընթացքին բոլոր զեկուցաբերները շեշտեցին թէ Թուրքիա պատրաստ չէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու, քանի որ երկրէն ներս ժողովրդավարական սկզբունքներուն մէջ նահանջ կայ: Անոնց համար Հոլանտի այցելութիւնը Թուրքիա անհանգստութիւն կը պատճառէ համայնքին, որ պարտաւոր կը զգայ Ֆրանսայի նախագահին յիշեցնելու իր պարտականութիւններու մասին:
Նշենք թէ, Հոլանտ իը ընտրապայքարի նախօրեակին խոստումներ տուած էր հայութեան, թէ պիտի շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարը, ինչպէս եւ պիտի չթոյլատրէ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու վերսկսումը: