Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան թէ այլ համաշխարհային եւ ոչկառավարական զանազան ժողովհանդիպումներու ընթացքին, թէ° թուրք եւ թէ° ազերի քաղաքագէտներ ժրաջան աշխատանք տարած էին կրօնական բնագաւառէն ներս, եւ բազմիցս թէ° Ցեղասպանութեան եւ թէ° Արցախի առնչութեամբ, մօտեցած էին իսլամ պետութիւններուն եւ դիւրութեամբ համոզած ու մէկ խօսքով «գրպանած» իրենց կեցուածքներն ու յատկապէս քուէները:
Ճիշդ չէ, հարցին ամբողջութեամբ կրօնական բնոյթ տալ, մանաւանդ որ արդէն իսկ նոյնինքն Կովկասեան բարձրաւանդակն ու մօտակայ Իրաքի թէ Աֆղանիստանի թնճուկները ստեղծած են անել ու քորթեան հանգոյցեան կացութիւններ:
Սակայն Ատրպէյճան եւ Թուրքիա տարիներէ ի վեր կը շարունակեն այս կրօնադաւանական տարազին տակ, քաղաքական աշխատանքը, յատկապէս շօշափելի արդիւնքներու հասնելով Ասիոյ Արեւելեան շրջանի երկիրներէն (Մալեզիա եւ յատկապէս Ինտոնեզիա) ներս:
Ստեղծուած այս կացութեան դիմաց, անակնկալ մը չէր, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ուղղափառ եկեղեցիներու միջխորհրդարանական վեհաժողովին արծարծած քաղաքական իրադարձութիւններն ու լոյս ընծայած մեկնաբանութիւնները:
Յատուկ բանաձեւերով, վեհաժողովին մասնակցողները յայտարարեցին թէ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի ռազմատենչ ընթացքը, հաստատելով թէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին կը պատկանի ինքնորոշման իրաւունքը: Նաեւ, ուղղափառ եկեղեցիներու վեհաժողովը, կոչ ուղղեց որ Թուրքիա պատշաճօրէն ճանչնայ 1915ին կատարուած Ցեղասպանութիւնը, միեւնոյն ժամանակ մտահոգութիւնը յայտնելով որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ հայ քրիստոնէական պատմականմշակութային յուշարձանները հետեւողական ձեւով, կը քանդուին եւ կ°ոչնչացուին:
Կրօնադաւանական տարազին տակ, քաղաքական նման բանաձեւում եւ յայտարարութիւն համախմբում, ըստ էութեան պատգամ մըն է թէ° Թուրքիոյ եւ թէ° Ատրպէյճանի՝ իսլամական վեհաժողովներուն ճամբով քաղաքական խնդիրները, ամէնայն հանգստութեամբ չարծարծելու…
Վտանգաւոր է գնդակը ուղղել կրօնական բնագաւառ…շատ աւելի վտանգաւոր քան, պարզապէս միջոց ծառայող Ֆութպոլային քաղաքականութիւնը:
Read Time:1 Minute, 6 Second