
Ապրիլ 23-ին, Ֆիլատելֆիոյ կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող «Տիլուըրթ Փարք»ին մէջ, տեղւոյն գաղութը հաւաք մը կազմակերպեց: Հաւաքին ազդանշանը տրուեցաւ յետմիջօրէին եւ տեւեց չորս ժամ:

Շրջանի հովիւներ՝ Նշան Պաքալեան (Սրբոց Նահատակաց), Յակոբ Գէորգեան (Սուրբ Երրորդութիւն), Թովմաս Կարապետեան (Սուրբ Մարգար) եւ Օշական Կիւլկիւլեան (Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ) կատարեցին աղօթք, ապա Ալիսիա Հանտեան երգեց Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Օրուան բանախօսն էր շրջանի համահայկական խորհուրդի անդամ Արփի Մինասեանը, որ շեշտեց թէ 101 տարի ետք, միեւնոյն հալածանքն է որ կը կատարէ Թուրքիոյ պետութիւնը: Ան շեշտեց թէ Անգարա Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ
ուրացումով, եւ շարունակ հակահայ քարոզչութեամբ: Մինասեան շեշտեց թէ Արցախի մէջ վերջին պատահածները ցոյց կու տան թէ որքան ատելութիւն գոյութիւն ունի: Ան շեշտեց թէ Արեւմտեան Հայաստանի բազմահազար եկեղեցիներու, վանքերու, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներուն, կրօնական ու մշակութային հարստութեանց բռնագրաւումով, թուրք պետութիւնը կը փորձէ ծածկել կատարած ահաւոր արարքը:
Ապա խօսք առաւ գրագէտ՝ Լենա Օհաննէսեան եւ պատմեց իր մեծ մօր ապրած զարհուրելի մանկութեան մասին:
Տեղւոյն քոյրերու վարժարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան ազգային երգերով, իսկ Համազգայինի «Մեղրի» պարախումբը, քանի մը պարերով խանդավառեց ներկաները:
