Լրահոս

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ԵՐԵՒՄԱՆ ՏՕՆԸ

Կիրակի, 3 Մայիսին, Խաչի Երեւման տօնին առիթով, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Ֆիլատելֆիոյ (Փենսիլվանիա) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց դպրաց դասի անդամներու ձեռնադրութիւնը, իսկ հինգ դպիրներ ստացան կիսասարկաւագի աստիճան։

Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խորհրդածեց Սուրբ Խաչի Երեւման իմաստին մասին, յիշեցնելով հաւատացեալներուն, թէ Խաչը Աստուծոյ ներկայութեան կենդանի ու տեսանելի նշան է, որ կը յայտնուի անոնց, որոնք կ՚ապրին հաւատքով, աղօթքով եւ նուիրումով։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանը, կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութեան 15-ամեակին առիթով։ Ան գնահատանքով խօսեցաւ Հայր Պօղոսի նախանձախնդրութեան եւ անխոնջ ծառայութեան մասին, յատկապէս ընդգծելով Թեմիս անոր բերած նպաստը վերջին չորս տարիներուն, ինչպէս եւ գործօն դերը Կրօնական Ժողովին մէջ։

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ։ Հաւաքոյթի ընթացքին, Հայր Պօղոս շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած խորանի ծառայողները, մաղթելով հաւատաւոր ծառայութեան կեանք մը։ Ծուխին անունով, հոգաբարձոթեան ատենապետը՝ Էտ Փափազեան, նուէրներ յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակին առիթով, եւ Հայր Սուրբին, որ նոյնպէս պատուեց Սրբազան Հայրը։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս վկայականները յանձնեց նոր դպիրներուն եւ կիսասարկաւագներուն, որմէ ետք Հ. Պօղոսին ձեռաց խաչ մը նուիրեց ի նշան օրհնութեան եւ գնահատանքի։

Նշենք, թէ Շաբաթ, 25 Ապրիլին, աւելի քան հազար հոգիի ներկայութեան, տեղի ունեցած էր հանդիսաւոր բացումը Հայկական Ժառանգութեան Քայլուղիին, որ վերակառուցուած ու գեղազարդուած է Ֆիլատելֆիոյ մէջ, 1976-ին տեղւոյն արուեստի թանգարանի հիւսիսային կողմի դիմաց զետեղուած Փոքր Մհերի արձանին շուրջ։ Ժողովրդային լայն խանդավառութեան մէջ, բացման արարողութեան նախագահեցին ու խօսք առին բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան, եւ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան։

Advertisement Subscribe Today

Ուրբաթ, 24 Ապրիլի երեկոյեան, վերոյիշեալ երեք առաջնորդները նախագահեցին միջ-համայնաքային եկեղեցական արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս տաճարին մէջ։ Այնուհետեւ, կատարուեցաւ Հայաստանէն խաչքարի մը օրհնութիւնը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button