
Շաբաթ, Մայիս 7-ին, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի «Համազգային»ի 40-րդ Շրջանային Ժողովը, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հիւրաբար հրաւիրուած ներկաներու:
Ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս, յարգեց յիշատակը՝ Արցախի պաշտպանութեան դէպքերուն նահատակուած հերոսներուն, նաեւ տարեշրջանի ընթացքին մահացած «Համազգային»ի անդամներուն:
Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Հրայր Պարոնեանը, իսկ շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն՝ Յովսէփ Աւագեանը:
Իրենց խօսքը փոխանցեցին նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Մատոնա Գիզիրեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Էլիզապէթ Տրամկոչեան:
Հրայր Պարոնեան իր խօսքին մէջ, յայտնեց թէ անցնող տարեշրջանին, շրջանէն ներս բազմաթիւ ձեռնարկներ կարելի եղած է մեծ յաջողութեամբ կազմակերպել: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու (Գանատա եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ) երիտասարդական աշխատանոց-հաւաքին (artlinks) մասին, որուն ազդանշանը տրուեցաւ անցնող տարեշրջանին եւ հետաքրքրութիւն ստեղծեց երիտասարդներու մօտ:
Յովսէփ Աւագեան, իր կարգին շեշտեց թէ Հ.Յ.Դ.-ի հովանիին տակ «Համազգային»ի գործունէութիւնը կը շարունակուի ամենայն հեզասահութեամբ: Ան յայտնեց թէ, շրջանէն ներս նոյնքան կարեւորութիւն ունի մշակութային ներկայութիւնը:
Արցախի ներկայ կացութեան լոյսին տակ, Աւագեան շեշտեց, թէ ամէն գնով պէտք է թիկունք կանգնիլ, օժանդակելու համար շրջանի բնակիչներն ու պաշտպան մարտիկները: Այս զեկուցումէն ներշնչուած, ժողովականները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատւութիւններ եւ յառաջացաւ գումար մը՝ 1500 տոլար, որ պիտի փոխանցուի Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի օժանդակութեան համար յատկացուած յատուկ հիմնադրամին:
Կատարուեցաւ միամիայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագրերու ընթերցում: Առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու եւ ապա կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում: Ժողովին կիզակէտն էր, հազիւ երկու տարիէ ի վեր գործող՝ մանկամսուրը (Նիւ Ճըրզիի մէջ), որ մեծ յաջողութեամբ կը շարունակէ իր աշխատանքները:
Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն:
Շրջանային Վարչութեան անդամներն են.- Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք – Ատենապետ), Անի Աղաճանեան (Ֆիլատելֆիա – Ատենադպիր), Քարի Ղազարեան (Ֆիլատելֆիա – Գանձապահ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի – Փոխ-Ատենապետ), Թալին Մավլեան (Նիւ Ճըրզի – Խորհրդական), Նանօր Պարսումեան (Պոսթըն – Խորհրդական) եւ Խաչիկ Տաքարեան (Շիքակօ – Խորհրդական):