ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ․- ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՐԳԵՐ ՀԱՅ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9-ին, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութեան խումբը Սուրբ Ծննդեան երգերու տարեկան ձեռնարկը կատարեց, նուիրուած՝ հայ երէցներու։ Պատանիները եւ իրենց ընտանիքները համայքի հայ երէցներու տուները այցելեցին՝ դռնէ դուռ երթալով եւ հայերէն ու անգլերէն Սուրբ Ծննդեան երգեր երգելով՝ սրբազան տօնին խանդավառութիւնը սփռելով ամէնուրեք։
«Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական ծրագիրը 2017-էն ի վեր կը գործէ։ Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը որդեգրեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) կողմէ առաջադրուած այս ծրագիրը եւ զայն տարածեց Թեմէն ներս իբրեւ երիտասարդական առաքելութիւն։ Այս ծրագիրը, որուն արդէն կը հետեւին վեց ծուխեր, մեծապէս կը սատարէ պատանիներու քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմքերու ծանօթացման։


