ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ․-  ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:42 Second

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ․-  Կիրակի, 26 Մարտին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապ տօնին առթիւ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց տեղւոյն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ եւ դպիր ձեռնադրեց Սարգիս Զէյպարին, Միքայէլ Զէյպարին, Ուիլիըմ Չափանեանը եւ Լեւոն Չափանեանը։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համայնքի հիմնադրութեան հարիւրամեակին առթիւ համերգ մը, մասնակցութեամբ Զուլալ եռեակին, Արա Տինքճեանի եւ Ուտի Պար-Տէյվիտի։ Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ վայելեցին դասական, ժողովրդական ու հոգեւոր երաժշտութեան ճոխ յայտագիր մը։

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանը, Հոգաբարձութեան եւ Յանձնախումբը, հարիւրամեակի այս իւրայատուկ տօնախմբութեան ծրագրին համար, որպէս նոր տեսլականի նախաձեռնութիւն։  Դրուատեց արուեստագէտները, եւ անդրադարձաւ ձեռնարկի թեմայի կարեւորութեան մասին՝ «հանդուրժողութիւն», որ այնքան կենսական առաքինութիւն է մեր փոխ յարաբերութեան մէջ, եւ որ սկսած է անհետանալ մանաւանդ Պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով։ Ձեռնարկէն ետք, եկեղեցւոյ «Հիմնադիրներ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles