“ՖԱՇԻ՛ՍՏ ԱԼԻԵՒ…ԴՈ՛ՒՐՍ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ“ ՅԱՅՏՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 5 Second

 Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18-ի երեկոյեան, Փարիզի Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած էր Ֆրանսահայ Ընկերակցութիւններու Համակարգող Խորհուրդին կողմէ, Իլհամ Ալիեւի Փարիզ այցելութեան առթիւ:

Հարիւրաւոր ցուցարարներու կողքին ցոյցին կը մասնակցէին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ռընէ Ռուքէ եւ  Վալերի Պուայէ, որոնք խօսք առնելով դատապարտեցին Ատրպէյճանի կեցուածքը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին մեր պայքարին:

Ցոյցին ընթացքին դժգոհութիւն արտայայտուեցաւ Ֆրանսայի կողմէ Ալիեւը ընդունելու առնչութեամբ, մանաւանդ որ այս այցելութիւնը կը զուգադիպի Ատրպէյճան – Հունգարիա գործարքին իբրեւ հետեւանք արտայանձնման յաջորդող իրադարձութիւններուն: Ցուցարարներուն կողմէ Ալիեւ նկատուեցաւ ոճրագործ, բռնատէր եւ անբաղձալի տարր:

Այդ օր Էլիզէի պալատին մէջ Ալիեւ ընդունուած էր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ, լուսարձակներէ հեռու: Լրագրողներու եւ լուսանկարիչներու մուտքը արգիլուած էր: Ընդունելութիւնը տեւեց հազիւ կէս ժամ, որու ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը կոչ ուղղեց “Հայաստանի հետ վերահաստատելու վստահութեան մթնոլորտը, որպէսզի կարելի ըլլայ Արցախի հիմնահարցով բանակցութիւնները յառաջ տանիլ, ԵԱՀԿ-ի խումբի շրջանակէն ներս“:

Ցոյցին մասնակցեցան ե՛ւ ձախակողմեան, եւ աջակողմեան ֆրանսացի քաղաքական գործիչներ եւ խորհրդարանականներ, որոնք կողմնակից են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան:

 

Խօսք առին երեք երեսփոխաններ` Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ, Ֆրանսուա Ռոշպլուա (աջակողմեան) եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա – Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով Ռընէ Ռուքէ::Անոնք, իրենց խօսքին մէջ անդրադարձան Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի ներման եւ ազգային հերոսի կոչման շնորհման, դատապարտելով եւ անընդունելի բնորոշելով այսպիսի կեցուածք: Անոնք քննադատեցին Ալիեւի Փարիզ այցելութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ ընդունելութիւնը:

Երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուա ափսոսանք յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նախագահի Փարիզ այցելութիւնը Սաֆարովի գործին պատճառով չէ յետաձգուած: Ան իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի այցելութիւնը չ՛ողջունուիր, որովհետեւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մարդասպան Սաֆարովին ներելու մասին անոր որոշումէն քանի մը օր անցած է:

Նաեւ խօսք առին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի զոյգ համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Հայ դատի յանձնախումբին անունով Յարութ Մարտիրոսեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան:

 

Ժողովուրդը կը բացականչկէր.- “Ֆաշի՛ստ Ալիեւ, դո՛ւրս Ֆրանսայէն“ եւ այլ բողոքի լոզունգներ, իր զայրոյթը արտայայտելով Ալիեւի այցելութեան եւ նախագահ Հոլանտի կողմէ ընդունելութեան դէմ: Պարզուած էին նաեւ պաստառներ, ուր կարելի էր կարդալ “Գուրգէն Մարգարեան սպաննուեցաւ ցեղապաշտութեան կողմէ“, “Ալիեւ` բռնապետ“, “Ֆրանսան կ՛ընդունի մարդասպան մը, արդարութիւնը ծախու չէ“, եւ այլ նման գրութիւններ:

Նախքան հայ համայնքի բողոքի ցոյցը, ազերի եւ թրքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյց մը կատարած են:

Ատրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ բողոքի ցոյցը կազմակերպուած է ի պատասխան Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ “կատարուելիք“ հայ համայնքի բողոքի ցոյցին:

Բողոքի ցոյց տեղի ունեցած էր նաեւ Մարսէյի մէջ: Ցոյցին մասնակցեցան շուրջ երկու հարիւր մարսէյցիներ, քաղաքական եւ կրօնական գործիչներ:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles