
Շարժապատկերի սիրահարներուն համար, յատուկ տեղ ունի Գերմանիոյ հիւսիսային շրջանի մեծագոյն քաղաք՝ Համպուրկ ծնած Ֆաթիհ Աքինը: Ծագումով թուրք, այս յառաջդիմական գաղափարներու տէր բեմադրիչը, որ երբեմն իր տարօրինակուիթեամբ կը բաղդատուի գերմանացի վաղամերիկ բեմադրիչ Վերնըր Ռայներ Ֆասպինտըրի հետ, երկար ժամանակէ ի վեր որոշած էր ժապաւէն մը պատրաստել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ան, նաեւ մասնակցած էր, Երեւանի մէջ կատարուած ՝՝Ոսկէ Ծիրան՝՝ի այդ հաւաք-գիտաժողովներուն:
Ժապաւէնին անունն է ՝՝The Cut՝՝(Հատումը) , որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի Վենետիկի փառատօնին, յառաջիկայ Օգոստոսի աւարտին:
Աքինի հռչակաւոր ժապաւէնը, ամձնասպանութիւն արծարծող ծանր նիւթ մւն է, որ կը կրէ “Gegen Die Wand“ (Head on) անունը: Նախքան այս ժապաւէնը, արդէն իսկ “Im Juli“ (In July) ժապաւէնը բաւական մը խօսեցնել տուած էր Աքինի մասին:
Այլ ժապաւէն մը “Auf der anderen Seite“ (The Edge of Heaven), որ պատկանելիութեան մասին հետքրքրական պատրաստութիւն մըն էր, իր կարգին մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Այս ժապաւնին մէջ, ան վերստին բեմ բարձրացուց տարիներէ ի վեչր եօթներորդ աշխարհէն հեռացած Ֆասպինտըրի նախընտրած դերասանուհի՝ Հաննա Շիկուլան:
՝՝The Cut՝՝ին նիւթն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մարտինի շրջանէն Նազարէթ Մանուկեան անունով հայորդի մը տարագրութեան ժամանակ կորսնցուցած է իր պարագաները եւ կը փնտռէ իր դուստրերը: Նիւթը կը յիշեցնէ վերոյիշեալ “Auf der anderen Seite“ (The Edge of Heaven) ժապաւէնը: Նազարէթ Մանուկեանի դերը ստանձնած է ֆրանսացի դերասան Թահար Ռահիմ (ծագումով ալճերիացի): Նաեւ, դեր ստանձնած են Սիմոն Աբգարեան եւ Արսինէ Խանճեան:
աւարտին: Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ: