Արուեստ Եւ Մշակոյթ
ՕՓԵՐԱՅԻ ԵՐԳԻՉ ՎԱՀԱՆ ՄԻՐԱՔԵԱՆԻ ՄԱՀԸ
ԵՐԵՒԱՆ. 79 տարեկանին մահացաւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, օփերայի նշանաւոր երգիչ Վահան Միրաքեանը: 1980ական թուականներէն ետք Միրաքեան իր բեղմնաւոր գործունէութիւնը շարունակած է Վիեննայի, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր մահացաւ։
Միրաքեանի վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ Մայիս 26ին, Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:

