
Խմբագրական
Յունիս 19, 2021
Օրերը թաւալեցան եւ ի վերջոյ ժամը պիտի հնչէ:
Վաղը տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները:
Արդեօք պիտի փոխուի՞ Նոյեմբեր 9, 2020-ի ծանր պարտութենէն ետք հայութիւնը պատանդ բռնած պատկերը:
Բաւական բեղուն եւ բուռն եղաւ ընտրարշաւը:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը ամիսներէ ի վեր յստակ փաստերով ցոյց տուած է, որ արդէն հրաժարեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբը որքա՛ն տկարութիւն եւ թերացում կը ցուցաբերէ՝ յետպատերազմեան փուլին եւս շարունակելով անփառունակ եւ աններելի սխալները։
Երկրի քաղաքական տագնապը բանիւ եւ գործով անտեսելով՝ Փաշինեանի վարչախումբի հիմնական առաջնահերթութիւնը դարձած է իշխանութիւնը պահելը։
Հարցը այնքան խճճուած ու բարդացած է, որ պէտք չէ բաւականանալ միայն կրկնելով հայկական հին ասացուածքը՝ «դանակը հասած է ոսկորին», մանաւանդ, որ քանի մը օրէ ի վեր Կովկասեան բարձրաւանդակի քանդիչ Տոն Քիշոթ՝ Նիկոլը իր նորագիւտ մուրճը սպառնական շարժումներով կը ցուցադրէ հայերու, մոռնալով, որ ազերիներն ու թուրքերը Շուշին կը մարսեն, թափանցած են Հայաստանի սահմաններէն ներս:
Այո՛, Փաշինեանի քարոզչական մեքենան յարմար գտած է, որ մուրճով շարունակէ իր ընտրական արշաւի վերջին փուլը, հաշուելով, որ անիկա աւելի ազդեցիկ է, քան զինամթերքէ զուրկ… Սուխոյ հալածիչները:
Ընդդիմութիւնը ամիսներ առաջ կանխատեսումներ կը կատարէր, թէ ընտրութեան սեմին, Փաշինեան իր քարոզչական նպատակներուն կրնայ ծառայեցնել գերիներու հարցը։
Այդպէս ալ եղաւ, եւ դեռ՝ կրնայ շարունակուիլ:
Անցեալ շաբաթավերջին, Ատրպէյճան 15 հայ գերի ազատ արձակեց եւ ասոնց դիմաց ստացաւ Աղտամի շրջանի ականապատ գօտիին քարտէսները։ Փաշինեան ասոնք որակեց «փոխադարձ շինիչ քայլեր»: Յետոյ, Յունիս 16-ին, Պաքուի մէջ սկսաւ 14 հայ գերիներու դատավարութիւնը, որ յաջորդեց լիբանանահայ երիտասարդի մը դէմ բանտարկութեան վճիռի արձակման: Փաշինեանի «տրամաբանութեան» հետեւողը պիտի չզարմանայ, եթէ դատարան տարուած հայ գերիներն ալ ազատ արձակուին եւ անոնց դիմաց, Սիւնիքի, Տաւուշի ու Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի… քարտէսները տրամադրուին Ալիեւին, եւ/կամ Հ.Յ.Դ.-ի դրօշակները հրկիզուին: Ի՞նչ որակում տալ, կամ՝ ինչպէ՞ս տեղաւորել դրօշակ այրելու Փաշինեանի սպառնալիք-կոչը, որ արձակուեցաւ Կապանի մէջ հաւաքի մը ընթացքին, երբ քիչ անդին, «տժգոյն Շուշի»ի մէջ Ալիեւ եւ Էրտողան դաշնագիր կը ստորագրէին եւ Հայաստանի հրաւէր կ’ուղղէին գործակցելու…
Հայորդիին համար, ճակատագրական են այս արտահերթ ընտրութիւնները: Ո՛չ մէկ կասկած:
«Հայաստան» դաշինքի (Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Հ.Յ.Դ. եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւն) վարչապետի թեկնածու` Քոչարեանի համար գոյութիւն ունին երեք ճգնաժամ` անվտանգութիւն, տնտեսութիւն եւ ներքաղաքական վիճակի՝ պառակտումի հարց: Ծանօթ է, որ այս ու նմանօրինակ բոլոր ճգնաժամերն ալ արհեստածին են ու յառաջացած են այս իշխանութեան սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով:
Հարցախոյզերու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի վարկանիշը անկում արձանագրած է, իսկ «Հայաստան» դաշինքի համակիրներուն թիւը կը բարձրանայ. նման բարձրացում կ’ապրին նաեւ Փաշինեանը հեռացնելու նպատակով ճամբայ ելած ուրիշներ: Բայց եւ այնպէս, պէտք է ըլլալ զգոյշ: Քանի մը գերիներու ազատ արձակման լուրը ցայտուն օրինակ է: Կարելի չէ անտեսել ընդդիմադիրներու այլ մտահոգութիւնները, թէ՝ իշխանաւորները առաւելագոյն չափով կը շահագործեն պետական միջոցները, կամ, տակաւին՝ արտաքին «միջամտութիւններու» հաւանականութիւնը…
Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար անընդունելի է, որ պարտուած, հայութեան մեծ կորուստ պատճառած ու իր էութենէն պարպուած ղեկավարութիւն մը ամէն գնով եւ միջոցի չարաշահութեամբ յամառի կառչիլ իշխանութեան (մուրճով, թէ Սուխոյով), երբ թափած են թզենիի բոլոր տերեւները եւ մերկ իրականութիւնը կ’ըսէ, թէ ինք է պատասխանատուն այս ահաւոր աղէտին:
Այո՛. վաղը ահազանգային է, ճգնաժամային է: Վաղը վճռական է:
Artyok spyurkahayutyunq bidi grna Masnagtsil qndrutyunnerun? yete voch gq Vahnam vor Panikian qsvogh martq grna mnal ir deghum iprev ganonavor tsevov shad malipulatsianerov.
Hntrem yete gareli e badashanetsek hartsumis.
Hotvadzq vor gartatsi hianali e,payts gq vahnam vor chi mna arants artyunki.Hntrem,yete
gareli e BADASHANETSEK hartsumis. Ganhik shnorhagalutyun gq haytne arch.Karakashianq.
Parev tsez