
Խմբագրական
Սեպտեմբեր 4, 2011
Հարցը միայն Եւրոպական պետութեան կողմէ, խուլիկանի մը ազատ արձակման որոշումն ու արարքը չէր: Ո՛չ ալ տարիներէ ի վեր, այդ խայտառակ որոշման ետին թաքնուած հանդիպումներն ու գաղտնի համաձայնութիւններն ու կաշառակերութիւնը:
Այլ դեռ շատ աւելի, անընդունելի եւ անհանդուրժելի է այս Հունգարական Ռափսոտիան, որ ահազանգ պիտի հնչեցնէ Լա Հէյի Միջազգային դատական ատեաններու, կամ Ժընեւի, Սթրազպուրկի եւ եւրոպական այլ քաղաքակրթուած միջավայրերու մէջ կայք հաստատած Մարդկային Իրաւանց յանձնախումբերուն:
Այդ ահաւոր կեղծիքն ու զեղծարարութիւնը պատահած չէր հեռաւոր Քոնկոյի կամ Մալիի խորերուն մէջ, այլ ընդհակառակը, վերոյիշեալ քաղաքակրթուած աշխարհի ամէնահին ցամաքամասի “քիթին տակ“…Տանուպի ափին, սոյն գետի երբեմնի հարս նկատուած` Պուտափեշթի մէջ:
Խծբծելի եւ սահմռկեցուցիչ է այս Հունգարական Ռափսոտիան, որովհետեւ պիտի ունենայ իր նախադրեալներն ու խոր անդրադարձը, յատկապէս երբ Պաքու հասնելով, ոճրագործը, փոխանակ տեղական բանտէ մը ներս արգելափակելու, կը դիմաւորուի ծաղկեփունջերով եւ դեռ իսկական խեղկատակութիւնն ու մանկամտութիւնը` ազգային հերոս նկատուելով, ան վերստին կը տիրանայ բանակայինի իր պաշտօններուն, նոյնիսկ աստղ մըն ալ ստանալով “յաւելուլ խուլիկանեաց“:
Արդեօք այս արարքը պիտի չմղէ՞ Ատրպէյճանի “քաղաքակիրթ“ ժողովուրդին եւ յատկապէս “հին–գլուխ“ ղեկավարութեան, որ փոխանակ պարծենալու կատարուած իրերայաջորդ “կաֆ“երուն, վերատեսութեան ենթարկէ այս ամբողջ թղթածրարն ու իր ետին կանգնող սադրանքներն ու նենգամտութիւնը եւ եզրակացնէ թէ ինչպէ՞ս կարելի էր…ռազմադաշտէ հեռու, անմեղ հայորդիի մը դէմ, սովորական պայմաններու մէջ, գեր–արտասովոր “սխրանք“ մը գործած Սաֆարովի ազատ արձակման գծով աշխատանք տանիլ:
Ուրեմն, ըստ նախագահ Ալիեւի, ոճրագործներ հերոսացնելով պիտի կերտէ ապագայի Ատրպէյճանը…հիանալի գաղափար եւ ցաւալի միտք եւ խելք:
Սակայն, վերստին նաւարկենք Տանուպն ի վեր: Արդեօք որքա՜ն խոստումներ տրուեցան, որքա՜ն գումար մսխուեցաւ…եւ անշուշտ “գրպաններ լեցուեցան“, որպէսզի անարդարութիւնը յաղթէ արդարութեան:
Այդ մէկը պիտի որոշէ արդարամիտ հունգարացին, որ լաւապէս քաջատեղեակ է թէ ի՞նչ ըսել է ոտնակոխուիլ եւ շահագործուիլ: 1956-ին, Խորհրդային օրերուն, նոյնինքն Տանուպի ափին կատարուած յեղափոխութիւնը կը մնայ ցայտուն օրինակ մը: