“ՕԳ­ՆԻ՛Ր ԵՂ­ԲՕՐԴ“ ԵՐ­ՐՈՐԴ ՄԱՐ­ԴԱ­ՍԻ­ՐԱ­ԿԱՆ ՕԳ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԲԱ­ԺԱ­ՆՈՒՄ

0 0
Read Time:4 Minute, 57 Second

 ՀԱԼԷՊ.- “Օգ­նի՛ր եղ­բօրդ“ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ծրա­գի­րով ու­ղարկ­ուած մար­դա­սի­րա­կան օժան­դա­կու­թեան եր­րորդ  օդա­նա­ւը, Նո­յեմ­բեր 8-ին ժա­մա­նեց Հա­լէ­պի Նայ­րապ օդա­կա­յա­նը: Ըստ նա­խա­պէս գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան, “Էր Ար­մին­իա“ի Ան­թո­նով 12 տի­պի օդա­նա­ւը, նախ­քան Սուր­իոյ օդա­յին սահ­ման­նե­րը մուտք գոր­ծե­լը, առա­ւօտ­եան էջք կա­տա­րեց Էրզ­րու­մի օդա­կա­յա­նին մէջ‘ ապա­հո­վու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով, եւ խու­զարկ­ման են­թարկ­ուե­ցաւ: Նման­օ­րի­նակ ծրագր­ուած էջք մը պա­տա­հած էր, անց­եալ Հոկ­տեմ­բեր 15-ին, երբ “Օգ­նի՛ր եղ­բօրդ“ նա­խա­ձեռ­նու­թեան առա­ջին թռիչ­քը կազ­մա­կերպ­ուած էր: Երկ­րորդ` շուրջ 2 թոն կշռող բե­ռը ու­ղարկ­ուած էր Սուր­ի­ա­կան օդա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան մի­ջո­ցով` շրջան­ցե­լով Թուրք­ի­ան: Այդ բե­ռը Հա­լէպ հա­սած էր Իրան-Իրաք օդա­յին ճամ­բով:

Այս ան­գամ ալ, տե­ղի ու­նե­ցաւ խիստ խու­զար­կում, որ տե­ւեց քա­նի մը ժամ: Թրքա­կան պե­տա­կան մար­մին­նե­րը փոր­ձան­մոյշ­ներ վեր­ցու­ցին առաք­ուած ապ­րանք­նե­րէն: Թրքա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը շտա­պե­ցին օդա­նա­ւի էջ­քին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կե­լու, սա­կայն այս ան­գամ գրե­թէ բո­լո­րը խու­սա­փե­ցան զգա­յա­ցունց տե­ղե­կու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կե­լէ, ինչ­պէս պա­տա­հած էր առա­ջին թռիչ­քին, երբ , “Էր Ար­մին­իա“ի Ան­թո­նով 12-ը կը փո­խադ­րէր 14 թոն կշի­ռով բեռ:

Ըստ Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւն խմբակ­ցու­թեան ան­դամ Վա­հան Յով­հան­նիս­եան, բեռ­նա­տար “Ան­թո­նով Ան 12“ տի­պի օդա­նա­ւը Հա­լէպ տե­ղա­փո­խած է 13 թոն բեռ, որ բա­ցա­ռա­պէս սնունդ է: Հաշ­ուի առ­նե­լով եղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րը, օդի ցրտու­թիւնը` այս ան­գամ կա­րե­լի եղած է ապա­հո­վել նա­եւ չոր կաթ եւ պա­նիր:

Սուր­իոյ Կար­միր մա­հի­կը Նո­յեմ­բեր 11-ին սկսաւ բաժ­նել Հա­յաս­տա­նէն ու­ղարկ­ուած եր­րորդ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւնը: Սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն տրուող օգ­նու­թեան տրա­մադ­րու­մը կ՛ի­րա­կա­նաց­ուի Հա­լէ­պի Կար­միր մա­հի­կին, Բեր­իոյ թե­մի Ազ­գա­յին առաջ­նոր­դա­րա­նին, ինչ­պէս նա­եւ Հա­լէ­պի Շտապ օգ­նու­թեան մար­մի­նի եւ Սուր­իոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ: Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­ներ նշե­ցին, թէ բարձր կը գնա­հա­տեն հա­յե­րուն կող­մէ կա­տար­ուած այս մար­դա­սի­րա­կան քայ­լը, ինչ որ կ՛ա­պա­ցու­ցէ հայ-սուր­ի­ա­կան շատ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը:

Հա­լէ­պի քա­ղա­քա­պետ Մու­համ­մատ Ուա­հիտ Աք­քատ իր կար­գին նշեց, որ հայ­կա­կան մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւնը ցոյց կու տայ խոր բա­րե­կա­մա­կան եւ եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առ­կա­յու­թիւնը սուր­ի­ա­ցի եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ` աւելց­նե­լով, որ սուր­ի­ա­ցի­նե­րը եր­բեք չեն մոռ­նար այս օգ­նու­թիւն­նե­րը:

Դէ­պի Հա­լէպ մար­դա­սի­րա­կան օժան­դա­կու­թիւն­ներ փո­խադ­րող հայ­կա­կան օդա­նա­ւին Թուրք­իոյ մէջ էջք կա­տա­րե­լուն առն­չու­թեամբ թրքա­կան “Զա­ման“ օրա­թեր­թի կայ­քէ­ջը յայտ­նած էր, թէ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը “իրենց էջք կա­տա­րել ստի­պած“ հայ­կա­կան օդա­նա­ւին մէջ որե­ւէ զէնք չէ­ին գտած:

Հա­լէ­պի մէջ, իրա­վի­ճա­կը յատ­կա­պէս ծանր եղած է Նոր Գիւղ եւ Վիլ­լա­ներ հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս Սուրբ Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մօ­տա­կայ­քը, ուր ական­ներ պայ­թած են, սա­կայն եկե­ղե­ցին չէ վնաս­ուած:

Այս պայ­թում­նե­րուն պատ­ճա­ռով մարդ­կա­յին վնաս­ներ չեն ար­ձա­նագր­ուած, սա­կայն մեծ եղած է նիւ­թա­կան վնա­սը. վնաս­ուած են բնա­կա­րան­ներ եւ ինք­նա­շարժ­ներ, քանդ­ուած են տա­նիք­ներ, փշռու­ած են ապա­կի­ներ:

Նոր Գիւ­ղի հիմ­նա­կան սպառ­նա­լի­քը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Ճե­մա­րան դպրո­ցի մօ­տա­կայ­քը գտնուող ար­ձա­կա­զէ­նը, որուն գնդա­կին պատ­ճա­ռով Նո­յեմ­բեր 12-ին դարձ­եալ մարդ մը վի­րա­ւոր­ուած է. հա­ւա­նա­կան է, որ ան շրջա­նի արաբ-քրիս­տոն­եայ բնա­կիչ­նե­րէն մէ­կը ըլ­լայ:

Դա­մաս­կո­սի պա­րա­գա­յին եւս շատ զգու­շա­ւոր հան­դար­տու­թիւն է: Քա­ղա­քին կեդ­րո­նին ան­մի­ջա­կան ար­ուար­ձան­նե­րը կ՛են­թարկ­ուին ռմբա­կո­ծում­նե­րու: Մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նին մուտ­քե­րուն բա­նա­կը խիստ վե­րահս­կո­ղու­թիւն հաս­տա­տած է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles