Քրիստոս՝ Մեր Կեանքն ու Յարութիւնը

0 0
Read Time:2 Minute, 51 Second

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԹԵՄԻ ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

«Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք» (Ղկ 24.5)։

Յաւիտենական Ապրողին՝ մեր Փրկչին ու Աստուծոյ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան առաւօտուն, ի՛ր իսկ պատգամաբերը կը վկայէ ու կը հաստատէ թէ մեռեալ կարծուածը ողջ է, յաւիտենապէս ողջ, եւ պէտք չէ զայն փնտռել մեռելներուն մէջ։ Յաւիտենական Ապրողն է, որ հրաշալի առաւօտ մը, մարդկութեան առջեւ կը բանայ յաւիտենականութեան ճամբան, մանաւանդ բոլոր անոնց համար, որոնք ճշմարիտ հաւատքով, անձնուրաց կեանքով եւ բարերար գործերով կը դառնան ծառան Քրիստոսի, անոր՝ որ նոյնն է միշտ –երէկ, այսօր եւ յաւիտեան (Եբր 13.8)։

Քրիստոնէական մեր հաւատքին խարիսխը Քրիստոսի յարութիւնն է։ Քրիստոսի ամբողջ առաքելութիւնը մարդկութեան փրկութեան համար, իր մարդեղութենէն սկսեալ մինչեւ խաչելութիւն ու մահ, իմաստ կը ստանայ եւ պատգամ կը դառնայ իր յարութեամբ, առանց որուն կը քանդուին քրիստոնէական մեր հաւատալիքներուն հիմերը։ Պօղոս Առաքեալի բառերով՝ «Ի զուր է մեր քարոզութիւնը» (Ա․ Կր 15.14)։

Քրիստոսի քարոզութիւնը եւ փրկագործական զոհագործումը ճանչցող ու ընդունող, եւ իրենց անձերն ու կեանքը Փրկիչին հետ նոյնացնողներուն առաջիններէն եղանք նաեւ մենք՝ Հայ Ժողովուրդը, որ Քրիստոսի յարուցեալ կեանքին օրինակով պատճէնահանեց իր կեանքն ու ազգային անմահութիւնը։ Մեզի համար կեանքը Քրիստոս ինքն էր (Փիլ 1.21) եւ անոր համար զոհողութիւնը, մահն ու նահատակութիւնը այդ կեանքը շահիլ եղաւ։ Գոյատեւումի յոյսը՝ միախառնուած քրիստոնէական անխախտ հաւատքին, ներշնչեց մեզ՝ որոնելու միջոցներ, որոնք անձին փրկութեան առընթեր՝ ապահովեցին ազգային գոյատեւումն ու յաւիտենականութիւնը։ Քրիստոնէական արժէքներով իմաստաւորեցինք մեր պայքարը, շատ լաւ գիտնալով որ Քրիստոսի յարութիւնը մեր կեանքին յաւիտենական ճառագայթող լոյսը պիտի ըլլար, որ կարելի չէ գերեզմանել։ Գերեզմանը պարզապէս եղաւ կանգառ մը՝ շարունակելու համար մեր երթը դէպի յարուցեալ կեանք։ Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել ու հասկնալ նահատակութիւնը։ Անձի մը ամբողջական ընծայումը Քրիստոսի հաւատքին ու ճշմարտութեան՝ օրերու եւ տարիներու գումար եղող կեանքէն շա՜տ վեր է, մարդկային իմաստութիւնը անդրանցնող։ Յաւիտենականութեան հաւատքին նկատմամբ կասկած ունեցող անձերու համար, անիկա թերեւս անհեթեթութիւն նկատուի, եւ Քրիստոսի խաչն ու յարութիւնը յիմարութիւն թուի (Ա․ Կր 2․20-25), բայց հաւատացողներուս համար անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնն է, որուն դիմաց կ՚ոտնակոխուի մահը, եւ ազգային նահատակութեամբ կը պայծառակերպուի յաւիտենական կեանքը։ Քրիստոսի խաչը մեր ուսերէն վար չեկաւ, խաչուեցանք, խաչուեցանք բազմիցս խաչուեցանք, բայց Քրիստոսի նման յարութիւն առինք, քանի մեր իմաստութիւնը աշխարհի իմաստութիւնը չեղաւ, այլ քրիստոնէական հաւատքի իմաստութիւնը, որ չի թողուր ողջերը մեռելներուն մէջ փնտռել։

Այս ճշմարտութեան լաւագոյն վկայութիւնը մեր ազգի կեանքին մէջ երկու թուականներ են՝ 1915 եւ 1918։ Առաջինը խաչելութիւնն է, երկրորդը՝ յարութիւնը։ Ցեղասպանութեան աղէտը այնքա՜ն դառն ու սպառնալից էր, որ պապենական մեր հողերուն, պատմական Հայաստանի կորուստին հետ, շատեր այն համոզումը ունեցան, որ որպէս ժողովուրդ՝ ֆիզիքական մեր գոյութեանն ալ վերջ կը գտնէր։ Սակայն խաչելութենէն ետք յարութեան հաւատքն ու յոյսը «լինելու» մեր կամքը կոփեցին, եւ Մայիսեան պայծառ առաւօտը, «վարդահեղեղ արշալոյսը», Հայոց պատմութեան էջերուն վրայ եկաւ վկան հանդիսանալու ազգային մեր յարութեան։ Հայ ժողովուրդը հաստատակամ յայտարարեց, թէ ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։

Մայիսեան յարութեան եւ յաղթանակին 100-ամեակին առիթով, երբ կը մտածենք մոխիրներէն վերյառնելու եւ նոր կեանք ունենալու մեր կամքին մասին, բնականաբար մեր Հայրենիքի յառաջդիմութիւնը, հզօրացումն ու անվտանգութիւնը պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայու մտահոգութիւնը։ Ներելի չէ կրաւորական ոեւէ կեցուածք։ Հայրենիքը սրբազան հող է ու պատմութիւն։ Անկախութիւնը կերտելը պայքար է ու նահատակութիւն, անկախութիւն պահելը՝ ամբողջական զոհողութիւն, որ զգացում չէ, այլ կատարեալ նուիրաբերում ու մասնակցութիւն։

Ապրեցանք ոչ թէ մեռնելու համար, այլ գիտցանք մեռնիլ՝ ապրելու համար, ինչպէս Երջանկայիշատակ Խորէն Ա․ Վեհափառ Հայրապետը կը կրկնէր՝ խոր համոզումով։

Մեր Փրկչին Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, եկէք մեր հաւատքը դարձեալ կենսաւորենք, քրիստոնէական մեր նկարագիրը անաղարտ պահենք, եւ ներշնչուած ու գօտեպնդուած անկախ Հայաստանով՝ շարունակենք մեր պայքարը անաւարտ մնացած մեր տեսիլքներուն ամբողջական իրականացումին համար։

Շնորհաւոր Սուրբ Յարութիւն։ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։

Շնորհաւոր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակ։

 

 

Սուրբ Յարութիւն, 2018

Նիւ Եորք  

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles