Քրէական Հետապնդում՝ Գագիկ Ծառուկեանի Նկատմամբ
ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնեց, որ հանրային քրէական հետապնդում սկսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ։
Դատախազութեան համաձայն, հետապնդումը հարուցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի 290-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով, որ կը վերաբերի հարկերէն խուսափելու յանցագործութեան։
Այս զարգացումը կը յաջորդէ այն տեղեկութիւններուն, որոնք հրապարակուեցան, թէ Գագիկ Ծառուկեան Յունիս 9-ին փորձած է «Զուարթնոց» օդակայանէն հեռանալ Հայաստանէն, սակայն իրաւապահ մարմինները չեն արտօնած։
Այս հրապարակումներուն արձագանգելով՝ ԲՀԿ-ի մամուլի խօսնակ եւ պատգամաւորի թեկնածու Իվետա Տօնոյեան յայտնած է, թէ Ծառուկեանը իր կնոջ հետ նախապէս ծրագրուած երկու-երեքօրեայ անձնական եւ ընտանեկան այցելութիւն մը պիտի կատարէր։
Տօնոյեանի խօսքով՝ երբ օդակայանի անձնագրային հսկողութեան բաժինին մէջ Ծառուկեանին տեղեկացուցած են, թէ որոշ հարցեր պէտք է ճշդուին, ան պատասխանած է, որ որեւէ ճշդման կարիք չկայ, եւ ինք կը հրաժարի ճամբորդութենէն եւ կը վերադառնայ տուն։
Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը մասնակցած էր 2026 թուականի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն։ Ընտրութիւններէն ետք կուսակցութիւնը դիմած է ընտրական արդիւնքներու վերահաշուարկի պահանջով։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած նախնական տուեալներուն համաձայն, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը ստացած է ձայներու 3.9 առ հարիւրը, մինչդեռ խորհրդարան անցնելու համար կուսակցութիւններու սահմանուած նուազագոյն շեմը 4 առ հարիւր է։

