Քոնկրէսի Հայկական Համախմբումին Կոչը` Արցախը Բանակցութեանց Մասնակից Դարձնելու

0 0
Read Time:49 Second

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ եւ Տէյվիտ Վալատաօ, ինչպէս նաեւ փոխատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ շնորհաւորած են Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակը` դրուատելով Արցախի ժողովուրդին նուիրումը ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Քոնկրէսի Հայկական համախմբումին այս քայլը` շեշտելով, որ Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ մօտէն գործակցիլ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մարմիններու հետ` երաշխաւորելու համար Արցախի ապահովութիւնը եւ դէմ դնելու համար Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քայլերուն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին յղուած Սեպտեմբեր 2 թուակիր իրենց նամակին մէջ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի ղեկավարները միաժամանակ կոչ ուղղած են` Արցախի Հանրապետութիւնը լիիրաւ մասնակից դարձնելու Արցախի տագնապին առնչուող բանակցութիւններուն:

Անոնք նաեւ շեշտած են, թէ Արցախի անկախութեան տօնը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ ազատութեան ապահովման պայքարին համար յատկանշական անկիւնադարձ մըն է` ողջունելով ժողովրդավարութեան ամրապնդման ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար տարուող եւ դրուատիքի արժանի աշխատանքը:

Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ․- http://anca.org/assets/pdf/090218_ArmenianCaucusArtsakh.pdf

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles