
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտնէ թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի աւելի քան 100 անդամ պաշտպանած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման մասին բանաձեւը:
Ցեղասպանութիւններու պատմութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ աճող յարձակումներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը յառաջացուցած է օրէնսդիրներուն ուշադրութիւնը: Ատիկա արձանագրած է Հայ դատի գրասենեակը ամբողջ երկրին մէջ 200 օրէնսդիրներու հետ հանդիպումներու ընթացքին: Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան քոնկրեսականներուն շնորհակալութիւն յայտնած է բանաձեւին աջակցելու համար:
Քոնկրէսականներու այս աշխուժութիւնը համընկնած է «Խոստում» ժապաւէնի ցուցադրութեան եւ «Մերժման ճարտարապետները» փաստագրական ժապաւէնի ապագայ շնորհահանդէսին: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ օգտուելու Հայոց ցեղասպանութեան դասերէն` Միջին Արեւելքի մէջ ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար: