
ԵՐԵՒԱՆ․- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի այցելութենէն ամիս մը ետք Հայաստան ժամանեց քոնկրէսականներու պատուիրակութեան ղեկավար Տէյվիտ Փրայս (Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Ժողովրդավարութեան գործընկերութեան նախագահ) եւ իր այցելութեան ընթացքին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգները կը պահանջէ, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը նահանջեն եւ վերադառնան իրենց դիրքերը:
«Հայաստանի համար ծանր ժամանակներ են: Ողբերգական դէպքեր տեղի ունեցած են, եւ դեռ վառ էր հակամարտութեան զոհերուն յիշատակը, երբ այլ բռնկում մը տեղի ունեցաւ: Միացեալ Նահանգներու կողմէ երկկուսակցական, երկպալատ ջանքեր կը ներդրուին՝ հայ գերիներու վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ: Մենք դէմ ենք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժման եւ կը պահանջենք, որ Ատրպէյճան վերադառնայ ելման դիրքերը: Մենք նաեւ կը հասկնանք, որ Միացեալ Նահանգները հոս դերակատարութիւն ունի, մասնաւորաբար միջազգային համայնքը ուղղորդելու, անոնց հետ համագործակցելու առումով, որպէսզի այս երկարատեւ տագնապը լուծուի», ըսաւ ան։
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները կը փորձէ այնպէս ընել, որ Ատրպէյճանին տրամադրուած ամերիկեան աջակցութիւնը երբեք չօգտագործուի Հայաստանի դէմ յարձակողական նպատակներով: Ան նշեց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է ներգրաւուելու բազմակողմանի եւ երկկողմանի բանակցութիւններուն մէջ:
Պատուիրակութիւնը առաւօտեան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, ուր ծաղիկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեց։
«Մենք ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի մեր համանախագահողի դերը լրջօրէն կ՛ընկալենք եւ չենք ուզեր, որ որեւէ կողմ ստանձնէ իր կողմէ նախօրօք կանխորոշուած դեր, ընդհակառակը` կողմնակից ենք այն խաղաղութեան, որ հիմնուած է տարածքաշրջանին մէջ ապրող մարդոց արժէքներուն վրայ», նշեց ան։
Փրայս ընդգծեց հայ-ամերիկեան սերտ փոխգործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը` ի նպաստ տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու զարգացման եւ ամրապնդման: Անընդունելի նկատելով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժումը՝ Փրայս նաեւ դատապարտեց հայ զինուորներուն նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն կողմէ անմարդկային վերաբերմունքը եւ գործողութիւնները: Ան կարեւոր նկատեց մինչ օրս Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու վերադարձի ապահովումը:
Ամերիկեան պատուիրակութեան մասնակցութեամբ յանձնաժողովներու միացեալ նիստին ներկայ եղան նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորները: «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան նշեց․ «Ինքնորոշման իրաւունքն ամերիկացիները ընդունել են որպէս սկզբունք։ Նոյն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, գործընթացը Մինսքի համանախագահների Մատրիտեան փաստաթուղթը, որ այսօրուայ իշխանութիւնները առանց հասկանալու ոտնահարում են, կ՛երազէին տենց փաստաթուղթ հիմա լինէր, որտեղ յստակ սահմանուած է ինքնորոշման իրաւունքը»։
Ասուլիսէն առաջ քոնկրէսական պատուիրակութեան անդամները փակ հանդիպում ունեցան պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովներու անդամներուն հետ: Անոնք ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ։ Միտքեր փոխանակուեցան Արցախի հիմնահարցի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն շուրջ։