
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու տան յիսուն անդամներ ստորագրած են նամակ մը, որ կառավարութենէն կը պահանջէ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել, Արցախի վրայ նորագոյն յարձակումին ընթացքին Պաքուի կողմէ մարդկային տարրական իրաւանց ոտնակոխման պատճառով։ Այս նախաձեռնութեան հեղինակներն են՝ քոնկրէսականներ Ճիմ Քոսթա, Թի․ Ճէյ․ Քոքս, Պրետ Շըրմըն եւ Քեթրին Քլարք։
Հայ Դատի յանձնախումբը, նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ ծերակուտական Պապ Մենենտէս Ծերակոյտին ներկայացուցած է երկու բանաձեւեր, որոնցմով կոչ կ՛ընէ փաստագրել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին կողմէ մարդկային իրաւանց խախտումները, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ դադրեցնել անոնց սպառազինութիւններու վաճառքը:
«Հայ ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումները՝ Թուրքիոյ ամբողջական աջակցութեամբ, արդէն յանգեցուցած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղ բնակիչներու ցաւալի զոհերու եւ մարդկային իրաւունքներու սարսափելի խախտումներու: Միացեալ Նահանգները չի կրնար շարունակել օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ ապաովութեան եւ սպառազինութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ անոնք տարածաշրջանը կը հեռացնեն խաղաղութենէն», յայտարարեց Մենենտէս շեշտելով, որ այդ երկու բանաձեւերը պիտի կանգնեցնեն վաճառքը երկու կառավարութիւններուն, որոնք իրենց ուժերը կ՛օգտագործեն անմեղ մարդոց վնաս հասցնելու համար:
Միւս կողմէ, քոնկրէսական Ատամ Շիֆ այսօր պաշտօնական յայտարարութեամբ մը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներուն՝ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Իր խօսքը Քոնկրթսի խօսնակ Նենսի Փելոսիին ուղղելով՝ Շիֆ ըսաւ. «Հանդէս կու գամ յայտարարութեամբ, որովհետեւ առաւել քան չորս շաբաթէ ի վեր Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պատերազմ սանձազերծած են Արցախի դէմ՝ ռմբակոծելով քաղաքացիները, եկեղեցիները եւ գործադրելով պատերազմական յանցագործութիւններ»: Շիֆ աւելցուց, որ յարձակումներ ետ մղելու ընթացքին ցարդ աւելի քան 800 հայ զինուորներ եւ տասնեակներով քաղաքացիներ մահացած են, մինչ Արցախի բնակչութեան մեծ մասը ստիպուած եղած է հեռանալու իր բնակավայրերէն եւ դիմագրաւելու կենցաղային մեծ դժուարութիւններ, ձմեռնամուտի այ օրերուն: Ան յիշեցուց, որ անցնող տասնամեակներուն, Միացեալ Նահանգները հետամուտ եղած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի միջոցաւ բանկացութիւններու ճամբով արդար լուծումի մը հանգելու ծրագիրի իրագործման, սակայն Մինսկի խմբակը միշտ դէմ յանդիման գտնուած է Ատրպէյճանի ռազմական միջոցներով լուծումի յանգելու սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ պարբերաբար զինադադարը խախտելու անոր գործելաձեւին:
Յիշելէ ետք, որ հայութիւնը այսօր դար մը առաջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութենէն վերապրած ժառանգորդ է՝ քոնկրեսականը յայտարարեց. «Կարելի չէ արտօնել որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ: Եթէ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա որոշած են պատերազմ սանձազերծել, Միացեալ Նահանգները, Մինսկի խմբակը եւ Միջազգային ընտանիքը պէտք է յստակօրէն ձգտին, որ իրենց այդ քայլը ձախողութեան մատնուի: Իսկ եթէ շարունակեն բռնարարքներու այս ընթացքը, պէտք է ճանչնանք Արցախի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ անկախ երկիր: Այսպիսի քայլով մը զօրաւոր պատգամ մը փոխանցած կ՛ըլլանք՝ ըսելով, որ պիտի չարտօնենք սահմանային վէճերը լուծել քաղաքացիական բնակչութեան դէմ անխտիր եւ ահաւոր ուժի գործադրութեամբ:Պէտք է հասկցնել Ալիեւին եւ Էրտողանին, որ այս պատերազմը շարունակելու պարագային, հետեւանքներ պիտի ըլլան: Միացեալ Նահանգները ձեռնածալ պիտի չմնայ»: