ՔՈ­ՓԵՆ­ՀԱ­ԿԸ­ՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐ­ՔԻ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 59 Second

p10 ard danemark book

Նո­յեմ­բեր 6-ին, Դան­իոյ մայ­րա­քա­ղաք` Քո­փեն­հա­կը­նի մէջ գտնուող Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ, տե­ղա­ցի գրող Քէյթ Քոյս­տա­յի “Քա­րէն Եփ­փէն եւ Հայ Ժո­ղո­վուր­դը, Կեանք Մը, Կանչ Մը“ խո­րագ­րով գիր­քին շնոր­հա­հան­դէ­սը: Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս եկաւ Դան­իոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Հրաչ­եայ Աղա­ճաճ­եան: Ան նկա­տել տուաւ, որ վեր­ջերս Դան­իոյ հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թե­րէն մէ­կուն մէջ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ հրա­պա­րակ­ուած յօդ­ուած­նե­րէն մէ­կը կը կրէր “Հա­յոց պատ­մու­թիւնը մեր պատ­մու­թիւնն է“ վեր­նա­գի­րը, աւելց­նե­լով, որ Մար­իա Եա­քոպ­սը­նի եւ Քա­րէն Եփ­փէի մի­ջո­ցաւ է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­մու­թիւնը շատ դան­ի­ա­ցի­ներ կը հա­մա­րեն նա­եւ իրենց սե­փա­կան պատ­մու­թեան մէկ մա­սը: Դես­պա­նը աւել­ցուց, որ անոնց նուի­րու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ ան­սահ­ման եղած է, եւ անոնց մա­սին նոր վկա­յու­թիւն­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տան բո­լո­րին ծա­նօ­թա­նա­լու անոնց գոր­ծու­նէ­ու­թեան ան­ծա­նօթ էջե­րուն:

Այս առ­թիւ, խօսք առաւ գիր­քի հե­ղի­նակ Քոյս­տան: Ան յայտ­նեց, թէ ու­սում­նա­սի­րած է Քա­րէն Եփ­փէի կեան­քը եւ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը. այ­ցե­լած է անոր ծննդա­վայ­րը եւ ծա­նօ­թա­ցած է տե­ղա­կան արխիւին, ինչ­պէս նա­եւ` Դան­իոյ Թա­գա­ւո­րա­կան գրա­դա­րա­նին մէջ գտնուող Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րող նիւ­թե­րուն: Հե­ղի­նա­կը մեկ­նած է նա­եւ Գեր­ման­իա` Եո­հան­նէս Լեփ­սիու­սի եւ Քա­րէն Եփ­փէի մի­ջեւ նա­մա­կագ­րա­կան նիւ­թե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար: Գիր­քը կը խօ­սի Քա­րէն Եփ­փէի կեան­քին եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles