Քլինթընի ՀՀ Այցելութեան Առթիւ.- ԽՈՍՏՄՆԱԴՐՈՒԺ ԵՒ ԱՆՏԱՐԲԵՐ…

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

Կարելի չէ նոյնիսկ քլիշէ դարձած.- «Ոսկի առիթ մը փախցնել»ով բաւարարուիլ:

Պատահածը շատ աւելի ընդվզեցուցիչ, անբացատրելի, նոյնիսկ անմարդկային կարելի է նկատել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, ոչ թէ միայն փորձեց կարելի եղածին չափ լուսանցքի տակ առնել իր կատարած այցելութիւնը «Ծիծեռնակաբերդ»ի յուշահամալիր, այլ նաեւ պահել խորհրդապահական ու գաղտնի, լրատուական գործակալութիւններէն, այն տպաւորութիւնը ձգելով թէ Տավոսեան կամ Քէմփ Տէյվիտեան գաղտնի խօսակցութիւններ կը կատարուին… 

Աւելի քան տարի մը ի վեր, յատկապէս «ֆութպոլային քաղաքականութեան» տաք «մրցումներ»ու ժամանակաշրջանին, ան շարունակ կրկնած էր թէ  աշխոյժ աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը չյայտնուի քոնկրէսի օրակարգին վրայ: Ան բազմիցս առանց բառերը ծամծմելու, յանդգնութիւնը ունեցած էր յայտարարելու թէ նախագահ Օպամայի վարչակազմը կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող, որեւէ բանաձեւ քոնկրէսի լիագումար նիստի օրակարգին մէջ չընդգրկուի:

Խոստում մը, որ 180 աստիճան տարբերութեամբ կարելի է ներկայացնել, համեմատած Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան 2008-ի նախընտրական օրերուն: Արդարեւ, օրին թեկնածուներ, թէ° նախագահ Օպամա եւ թէ° Քլինթըն յայտնած էին թէ ընտրուելու պարագային, ամէն գնով աշխատանք պիտի տանին ի գին Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման:

Քանի մը տարի ետք ի՞նչ էր պատահած: Հասկնալի է եւ անհասկնալի է քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին փոփոխամտութիւնը, կեղծիքը, մութ ծալքերը եւայլն: Սակայն ընդունելի չէ, «Ծիծեռնակաբերդ» յուշահամալիրին մէջ, այդ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայորդիներու յիշատակին վառ մնացող, յաւերժ բոցին դիմաց անտարբեր եւ խոստմնադրուժ կեցուածք:

Քլինթըն յուսախաբ ըրաւ հայորդին: Եթէ Միացեալ նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնն ու երկրի համակարգը այդպէս կը պահանջէ, այդ մէկը անհանդուրժելի է, յատկապէս այդ սուրբ հողաշերտին վրայ, ուր նոյնիսկ ջարդն ու Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած թուրք ղեկավարներու թոռեր ու ծոռեր եկած ու իրենց ներողամտութիւնն ու ցասումը արտայայտած են:

Ի վերջոյ, փրոթոքոլի մաս կը կազմէ կամ աւելի ճիշդը «Ծիծեռնակաբերդ»ի նման յուշահամալիրի համակարգը այդպէ°ս կը պահանջէ: Այդ անմեղներուն կանչն է…արդար կանչը՝ ՅԱՐԳԱՆՔ, ՊԱՏՇԱՃ ՃԱՆԱՉՈՒՄ, ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ…ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ:

«Հայրենիք»
Յուլիս 6, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “Քլինթընի ՀՀ Այցելութեան Առթիւ.- ԽՈՍՏՄՆԱԴՐՈՒԺ ԵՒ ԱՆՏԱՐԲԵՐ…

  1. I am surprised that you are surprised. How could we trust these people?
    After 100 years we still haven’t learnt have we?
    These people have no conscious. they will lie and cheat right front of your eyes. We should really stop asking these people anything. These are our enemies. They will screw us anytime. With the words of Chrisdapor Mikaelian “these are BORNIG”.
    Don’t be surprised anymore.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles