ՔԻՉ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ .- ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 2009Ի ԵՐԵՒԱՆԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 26 Second

Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ նախագծուած Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագիրները »անփոփոխելի են ու անդառնալի«« կը պնդեն Հայաստանի իշխանութեան ու դիւանագիտութեան վարիչները« արհամարհելով ո°չ միայն երէկի« այսօրուան ու վաղուան հայութեան անժխտելի իրաւուքները« այլ նաեւ անոնց տէր կանգնելու միացեալ կամքը: Այս պնդումները աւելի° եւս կը խորացնեն մեզ ազգովին համակած մտահոգութիւնները« որոնք ցոյց կու տան« թէ կանգնած ենք ազգային նոր աղէտի մը սեմին« եթէ այս յամառ պարտուողականութիւնը շարունակէ իր ընթացքը« որ« ի շարս այլ դժբախտութեանց« հիմնահարցերու հանդէպ միակամութեան խախտումի վտանգաւոր նշաններ ի յայտ կը բերէ հայութեան կեանքին մէջ:

            Ըսինք՝ »ազգային նոր աղէտ«« որովհետեւ« ինչպէս տարբեր ժողովուրդներ« մեր ժողովուրդն ալ պատմւոթեան ընթացքին կտրած է աղէտալի հանգրուաններ« որոնց մէկ մասին մասնակից են եղած մեր իշխանաւորները: Ու թէեւ ամբողջովին ճիշդ չէ այն հաստատումը« ըստ որուն՝ պատմութիւնը ինքզինք կը կրնկնէ« այսուհանդերձ« յաճախ կ’արձանագրուին իրերանման այնպիսի դէպքեր« որոնք կ’արդարացնեն այդ հաստատումը« ու աւելի կարեւորը՝ պէտք է ուղեցոյց ծառայեն անցեալը դիտողին« որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ սխալներու կրկնութենէն:

            Մեր ակնարկութիւնները հիմնաւորելու համար« եկէ°ք« պահ մը երթանք մօտաւորապէս հազար տարի ետ« արձանագրենք մեր այսօրուան կացութիւնը յուշող իրադարձութիւններ« հետեւութիւններն ու եզրակացութիւնները ձգելով ընթերցողներուն:

 

***

 

            Ժամանակի մէջ մեր յետադարձ ճամբորդութիւնը չենք սկսիր »կար ու չկար«ով« որովհետեւ մեր պատմելիքը հեքիաթ չէ« այլ կը վերաբերի պատմութեան մութ ու իրական էջերուն:

Երթանք 11րդ դարու սկիզբները՝ 1000ական տարիները« երբ Հայաստանի մէջ« իբրեւ կեդրոնական իշխանութիւն՝ կար Բագրատունիներու տունը: Այս դարաշրջանը յատկանշուած է իշխանութեան »բազմազանութեամբ«: 890ական տարիներուն հաստատուած Բագրատունիներու թագաւորութիւնը« Անի մայրաքաղաքով« իր աւելի քան 150 տարիներու կեանքին ընթացքին« ուղեկից ունեցած է հայկական այլ թագաւորութիւններ« որոնց կարգին՝ նոյնինքն Բագրատունիներու ճիւղաւորումներ (օրինակ Կարսի մէջ)« ինչպէս նաեւ Արծրունիներ (Վասպուրականի մէջ« Վանայ լիճի շրջան) ու Սիւնիներ (Սիւնիք եւ շրջակայք):

            Արաբական տիրապետութեան յաջորդած այս դարաշրջանը եղած է փոթորկալից« ներքին ու արտաքին տագնապներու ու միջամտութեանց հետեւանքով: Մանրամասնութիւնները թողունք պատմութեան« կանգ առնենք յիշեալ ժամանակաշրջանի վերջին 30-35 տարիներուն վրայ« որոնք ճակատագրական եղած են մեր թագաւորութեանց ու մասնաւորաբար կեդրոնական իշխանութեան կորուստին մէջ:

Թուենք գլխաւոր ազդակները.-

Ա. Արեւմտեան կողմն աշխարհի« կար Բիւզանդիոնի կայսրութիւնը« իր զինուորական ու դաւանաբանական ազդեցութեամբ« սպառնալիքներով: Միաժամանակ« Բիւզանդիոնը ուսումնատենչերու համար կարեւոր կեդրոն էր. իմաստութեան« իմաստասիրութեան ու գիտութեանց հետամուտ կրօնաւորներ (քրիստոնեայ) թէ իշխաններ հոն կ’երթային զարգանալու« ու բնականաբար կը կրէին համապատասխան ազդեցութիւն« որուն կրնանք տալ նաեւ… ապազգային որակումը: Հայաստանի պարագան տարբեր չէր. հետեւանքներէն մէկն ալ՝ մեր հայրենիքին մէջ բիւզանդասէրներու »կուսակցութեան« աճն ու ազդեցութեան հզօրացումը եղաւ (աննախընթաց չէր« անկրկնելի ալ չմնաց տարբեր արտայայտութիւններով):

Բ. Արեւելեան կողմն աշխարհի« արաբական կայսրութիւնը կ’երթար դէպի անկում« Պարսկաստանը կ’ապրէր իր ելեւէջները« իսկ ամէնէն յատկանշական նորութիւնը՝ թրքացեղ ուժերու ասպարէզ մուտքն էր՝ սելճուգ ցեղախումբերու-բանակներու արշաւանքներով: Այդ զարգացումին յաջորդ դարերու աղէտալի պատմութիւնը իր երկարաձգումը կ’ապրի մինչեւ օրս« մարմնաւորուած՝ Թուրքիոյ սուլթաններուն ժառանգորդ իշխանութիւններով:

Գ. Հայաստանի մէջ« թագաւորական ընտանիքներու միջեւ կային ներքին հակամարտութիւններ« որոնք հակակշիռի տակ կը պահուէին՝ երբ թագաւորները հզօր էին ու իմաստուն« կ’առաջնորդուէին ազգային շահերով (օրուան չափանիշներով)« սակայն նաեւ ազգավնաս ուղիներ կը մտնէին իշխանաւորներու անատակութեան հետեւանքով:

Արեւելքէն ծագած վտանգին« ինչպէս նաեւ արեւմուտքին յարելու տարօրինակ մտայնութեան հետեւանքներէն մէկն ալ այն եղաւ« որ կարգ մը իշխաններ« Բիւզանդիոնի կայսրերուն քաջալերանքով« որդեգրեցին մեր պատմութեան մէջ աննախընթաց ու ապազգային քաղաքականութիւն մը. սկսաւ հողատարածքներու փոխանակման արտառոց խաղ մը: Հայ իշխանաւորներ« աւելի ապահով նկատուած շրջաններու մէջ կալուածներ ստանալով« սեփական քաղաքներ« բերդեր ու հող յանձնեցին Բիւզանդիոնի կայսրերուն« որոնք յոյն կառավարիչներ նշանակեցին հայկական փոխանակեալ շրջաններուն մէջ: Նոր կալուած ստացող եւ իր բանակով ու ճորտերով հոն տեղափոխուած հայ իշխանին ընտանիքը ապահով շրջանին մէջ գոյատեւեց հազիւ մէկ կամ երկու սերունդ միայն…

Արտաքին ու ներքին վերոյիշեալ սպառնալիքներուն ու աննպաստ զարգացումներուն կողքին« ու անոնց չափ ազդու՝ այլ զարգացում մը ուղղակի բաժին ունեցած է մեր անկախութեան կորուստին մէջ.- հայութեան քաղաքային ու հոգեւորական գերագոյն իշխանութիւններու մակարդակին վրայ դրսեւորուած դաւաճանական վարքագիծը:

Նշեցինք արդէն« որ Բագրատունիներու տան տկարացման ու նահանջի շրջանը կը բացուի 1045էն շուրջ 30 տարի առաջ« Գագիկ Ա. թագաւորի մահէն ետք: Առյաւէտ մեկնող վերջին հզօր թագաւորը ունէր երկու զաւակ« որոնցմէ Յովհաննէս Սմբատը« երէցը ըլլալու հանգամանքով« ժառանգեց գահը. պատմագիրները զայն որակած են իբրեւ թոյլ ու անատակ ղեկավար« որ գահին յարմար անձը չէր տուեալ պայմաններուն մէջ« սակայն կը վայելէր ազգային ճակատին յենարանը« նեցուկ ունենալով այդ օրերու ամէնէն ազդեցիկ ու հզօր իշխանական տունը՝ Պահլաւունիներու գլխաւոր թեւը« Վահրամ իշխանին մականին տակ: Կրտսերը՝ Աշոտ« պատմագիրներուն կողմէ ներկայացուցած է իբրեւ աւելի ատակ ու աշխոյժ իշխան« որ իր կարողութեանց համար ինքզինք աւելի յարմար կը նկատէր գահին: Յաջորդ երեսուն տարիները կը պատկերեն երկու եղբայրներուն միջեւ սուր մրցակցութեան դիպաշար մը« որ երբեմն զանոնք կը դնէ եղբայրասպան ըլլալու եւ իրարու դէմ դաւեր նիւթելու կացութեան մէջ:

Նոյն տասնամեակներուն« Հայաստանի բեմին վրայ կան գոնէ երեք առաջատար անուններ« երկուքը՝ իշխաններ« երրորդը՝ օրուան երկարակեաց կաթողիկոսը: Իշխանները կը կոչուին Վեստ Սարգիս եւ Գրիգոր Պահլաւունի« ծանօթ՝ նաեւ Բջնեցի եւ Մագիստրոս անուններով (ան ճանչցուած է իբրեւ յունասէրներու փաղանգի ղեկավարներէն« թէեւ մերթ հաւատարիմ եղած է պահլաւունիներու աւանդական-ազգային գիծին): Կաթողիկոսն է« իբրեւ հրաշագործ հռչակուած՝ Պետրոս Գետադարձը: Այս երեքը կը կազմեն յունասէր՝ Բիւզանդիոնի քաղաքականութեան ու գահին համակիր« նոյնքան մըն ալ իրենց… գրպանին նախանձախնդիր առաջնորդներ« որոնց գործունէութիւնը ուղղակի բաժին ունեցած է մեր իշխանութեան կորուստին մէջ:

Ի՞նչպէս:

Յովհաննէս Սմբատ« իշխանութեան հասնելէ կարճ ատեն ետք« վրացիներու թագաւորին հետ գործակցաբար« ճակատ կը կազմէ Բիւզանդիոնի դէմ« որ կը հակադարձէ՝ բանակներ ղրկելով դէպի արեւելք: Մեր թագաւորը կը փորձէ ողոքել զայրացած կայսրը եւ իբրեւ բանագնաց՝ Տրապիզոն կը ղրկէ Պետրոս կաթողիկոսը: Հայրապետին յունասիրութիւնը« ինչպէս նաեւ նիւթապաշտութիւնը զինք կը տանին հեռուները (պատմագիրները կը վկայեն« որ Պետրոս կաթողիկոսը ունէր լայնատարած կալուածներ ու եկամուտի աղբիւներ« սակայն նաեւ հետամուտ էր իր ստացուածքները ընդարձակելու): Կայսրին հետ անոր հանդիպումն ու բանակցութիւնները կ’ընթանան փոխադարձաբար իրարու »կռնակ քերելու« ոճով: Կաթողիկոսը չի բաւականանար Յովհաննէս Սմբատ թագաւորին ճշդած առաքելութեամբ« այլ Վասիլ Բ. կայսրին հետ կը գոյացնէ համաձայնագիր մը« ըստ որուն« Յովհաննէս Սմբատի մահէն ետք« Անիի թագաւորութիւնը պիտի յանձնուէր Բիւզանդիոնին:

Յաջորդ տարիներուն« տեղի կ’ունենան տրամաթիք դէպքեր: Կը պատմուի« որ Կայսրը« զգալով իր մօտալուտ մահը« Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայ քահանայի մը կը յանձնէ Տրապիզոնի համաձայնագիրը« որպէսզի զայն վերադարձնէ բագրատունի թագաւորին« որովհետեւ« կը գրէ պատմիչը« կայսրը զղջացած էր եւ չէր ուզեր հայերէն վերջնականապէս խլել գահը: Կիրակոս քահանան« ա°ն ալ հռչակուած իբրեւ արծաթի ծառայ« համաձայնագիրը կը ծախէ յոյն իշխանաւորներու« ու մեր պատմութեան մէջ անոր անունը կ’արձանագրուի իբրեւ յիշեալ եռեակին անուղղակի դաւադրակից:

Աշոտ Բագրատունի եւ Յովհաննէս Սմբատ 1041ին« քանի մը ամիսներու տարբերութեամբ կը հեռանան այս աշխարհէն« ինչ որ Բիւզանդիոնի մէջ կը հնչեցնէ Անիի իրաւատիրութեան զանգերը: Հակառակ անոր« որ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ալ« կայսերական ընտանիքի մակարդակին վրայ կային պառակտումներ ու ներքին մրցակցութիւններ« Անիի ժառանգատիրութիւնը կը դառնայ քաղաքականութեան գլխաւոր գիծերէն մէկը ու կը հետապնդուի հետեւողականօրէն:

Հայկական արքունիքն ու ազգայնական թեւը« գլխաւորուած՝ Վահրամ Պահլաւունի իշխանին կողմէ« դէմ կը կանգնին Անին յանձնելու գաղափարին« ու իբրեւ Յովհաննէս Սմբատի յաջորդ՝ գահ կը բարձրացնեն Գագիկ Բ.ը« շատ երիտասարդ որդին Աշոտ իշխանին« իբրեւ ուղղակի շառաւիղը թագաւորական ընտանիքին: Մօտաւորապէս երեք տարի« բագրատունիներւո Հայաստանը ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կու տայ բիւզանդական բանակներուն ու սելճուգներու յարձակումներուն դէմ« արձանագրելով հպարտալի յաղթանակներ: Բիւզանդիոն կ’անդրադառնայ որ կարելի պիտի չըլլայ Հայաստանը ընկճել ուժով« ուրեմն« ուժի փոխարէն« կը դիմէ դաւադիր քայլերու: Երիտասարդ թագաւորը Բիւզանդիոն կը հրաւիրուի բանակցութեան: Ան կը ստիպուի ընդառաջելու« սակայն մեկնումէն առաջ« քաղաքը (բանալիները) կը վստահի Պետրոս կաթողիկոսին եւ արդէն ազդեցիկ դարձած Վեստ Սարգիսին« որոնք ամենախիստ երդումներով կը խոստանան« որ պիտի պահեն քաղաքը ու զայն պիտի չյանձնեն կայսին: Ի դէպ« Գրիգոր Մագիստրոսը« Պետրոս կաթողիկոսն ու Վեստ Սարգիս այդ օրերու առաջատար այրերէն էին« մտաւորական ու նիւթական ուժի տէր մարդիկ« ազգի ամէնէն իմաստուններուն շարքին…

Գագիկ թագաւորը սիրալիր ընդունելութեան կ’արժանանայ կայսրին կողմէ (այդ օրերուն ֆութպոլ չէին խաղար…)« սակայն Անիի գծով պահանջը չ’ուշանար: Մեր թագաւորը կը մերժէ ընթացք տալ« սակայն կայսրը անոր կ’ըսէ« որ մերժումը իմաստ չունի« որովհետեւ Անիի բանալիները արդէն իր ձեռքն են: Վեստ Սարգիս աչք ունէր Անիի գահին« հետեւաբար« Պետրոս կաթողիկոսին հետ համախորհուրդ« իրենց վստահուած բանալիները ղրկած էր Կայսեր« բարձր վարձատրութեան ակնկալութեամբ: Կայսրը ներսէն գրաւած էր հայոց իշխանութիւնը: Բիւզանդիոն 1045ին կը տիրանայ Անիին ու վերջ կը դնէ Բագրատունիներու տան իշխանութեան: Հակառակ այս դաւաճանական արարքին« Վեստ Սարգիս իշխանին երազը չ’իրականանար լիովին. կայսրը զինք թագաւոր չի հռչակեր: Անդին« Գագիկ թագաւորը իր կեանքին մնացեալ օրերը կը մնայ աքսորական« իրողական պատանդը՝ Բիւզանդիոնի արքունիքին« ու ալ Անի չի վերադառնար: Անոր կը շնորհուի Կեսարիոյ մօտակայ քաղաք մը« ուր տարիներ ետք անոր կը սպասէր եղերական մահ: Պետրոս կաթողիկոսն ու իր կուսակիցները գանձած էին իրենց »հաւատարմութեան«  նիւթական վարձքը (բացարձակապէս նիւթական շահու տրամաբանութիւնը« շուկայի քաղաքականութիւնը« մեր մօտ ալ բաւական հին են): Օրուան ու յաջորդ դարերու պատմիչները բառեր չեն ծամծմեր« եւ դաւաճան« դաւադիր« հայրենիք ծախող ու նմանօրինակ որակումներով »կ’անմահացնեն« Պետրոս Գետադարձ հրաշագործ ու իմաստուն կաթողիկոսը« Վեստ Սարգիսն ու անոնց գործակիցները:

Պատմագիրները կը գրեն նաեւ« թէ Բագրատունիներու իշխանութեան կորուստը պատճառ կ’ըլլայ« որ հայրենաբնակ ժողովուրդը խմբուի թագաւորներու դամբարաններուն շուրջ ու ողբայ անդառնալի ու անդարմանելի կորուստը« սակայն« ինչպէս բոլոր դարաշրջաններուն« այդ օրերուն ալ« ողբն ու արցունքը կացութիւնը չեն կրնար դարմանել:

 

***

 

            Հայաստանի հողին վրայ հայկական անկախ իշխանութեան կորուստէն« ապա նաեւ՝ Կիլիկիոյ մէջ հաստատուած ու այլ դժբախտ կացութիւններու հետեւանքով իր վախճանին հասած Ռուբինեան իշխանութենէն ետք« դարեր կը սահին ու հայը կ’երազէ« կը պայքարի սեփական իշխանութեան վերահաստատման համար: 1045էն մօտաւորապէս հազար տարի ետք« Հայաստանի մէջ ծնունդ կ’առնէ 1918ի հանրապետութիւնը: Պատմութեան էջերը փակելէ առաջ« նշենք նաեւ« որ պատմութենէն դասեր քաղելու եւ սխալներ չկրկնելու թելադրականութեամբ« մեր վիպագիրներէն Բագրատ Այվազեան գրած էր »Անին Ծախուեցաւ« վէպը:

            Եզրակացնենք. այսօր« դէպքերն ու դերակատարները տառացիօրէն չեն կրկներ 1020էն 1045 տարիներու պատմութիւնը« սակայն վստահ ենք« որ ընթերցողը այդ տարիներու եւ նորագոյն իրադարձութեանց դերակատարներուն միջեւ նմանութեան եզրեր գտնելու դժուարութիւն պիտի չունենայ: Ընթերցողը նաեւ գիտէ« թէ ի°նչ որակում կը տրուի գիտակցաբար նոյն փոսը կրկին ինկողին:

            …Պայքարինք ու հաւատանք« որ »Արեւմտահայաստանն ու Հայ Դատը Ծախուեցան« խորագիրով վէպ մը չաւելնայ մեր գրադարաններուն մէջ:

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles