ՔԻՄ ՔԱՇՔԱՇԵԱՆ “ԿՐԱՄԻ“Ի ԴԱՍԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 32 Second

kk  Կիրակի, Փետրուար 10-ին, Լոս Անճելըսի մէջ կատարուեցաւ երաժշտութեան 2012-2013 տարեշրջանի “Կրամի“ մրցանակներու շքեղ հանդիսութիւնը:

Դասական երաժշտութեան դասակարգէն ներս, Քիմ Քաշքաշեանի վերջին խտասալիկը, նուիրուած հունգարացի երաժիշտներ` Կիորկի Քուրթակի եւ Կիորկի Լիկեթիի` “Kurtág & Ligeti: Music for Viola“ տիրացաւ մրցանակի: Աշխարհի միջակ ջութակի (viola) լաւագոյններէն` Քաշքաշեան տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ Պոսթընի “Նիւ Ինկլընտ“ երաժշտանոցէն ներս եւ հետեւողական ձեւով կ՛ունենայ ելոյթներ: Ան շարունակ կը գործակցի հայրենի երաժիշտներու հետ, որոնց կարգին յատկապէս հայրենի երաժշտագէտ Տիգրան Մանսուրեան եւ Լոս Անճելըսաբնակ Վաչէ Պարսումեան (“Լարք“):Kashkashian

Ութսունականներէն, յատկապէս Եւրոպայի մէջ, Քաշքաշեան իր ելոյթներով մեծ հռչակ սկսած էր սփռել: Յաճախ, ելոյթներու աւարտին, անդադար ծափողջոյններու ընդառաջելով, ան վերստին բեմ բարձրանալով միշտ ալ Կոմիտասէն գործեր կը ներկայացնէ, ամէնայն հարազատութեամբ եւ գերապրումով:

Ծնած Միշիկըն, Քաշքաշեան եղած է Քարէն Թաթըլի աշակերտը, եւ նախքան Մասաչուսէցի մէջ դասաւանդելը, պաշտօնավարած է Պերլինի եւ Ֆրայպուրկի (Գերմանիա) մէջ:

Շարունակ ուսումնասիրութիւններ ու պեղումներ կատարելով, ան հետաքրքրական  եւ իւրայատուկ մտայղացումներ ունեցած է, որոնց կարգին յատկապէս Կոմիտասի գործերը հարուածային գործիքներու պատրաստութեամբ ներկայացնելով, անշուշտ միշտ ալ իր ուսին ու կզակին միջեւ, ունենալով իր անբաժանալի կեանքի ընկերը` վիոլան:

Նաեւ Քաշքաշեան պատրաստած է յոյն բեմադրիչ Թէօ Անկելոփուլոսի “Ulysse’s Gaze“ ժապաւէնին երաժշտութիւնը: Քաշքաշեան նոյնիսկ ներմուծած է միջին ջութակը` վիոլան, “ճազ“ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս, հանրածանօթ նորվեկիացի փողահար Եան Կարպարէքի (sax) եւ ֆրանսացի (ծագումով` Փղոսկրեայ Ափունքէն) հարուածային գործիքներու մասնագէտ` Մանու Քաչէի հետ լոյս ընծայելով “In Praise of Dreams“ խտասալիկը, ուր վայքինկեան, կովկասեան եւ ափրիկեան երանգներ ամէնայն ներդաշնակութեամբ կը ստեղծեն գլուխ գոչծոց կշռոյթներ:

Փօլ Մոթեան
Փօլ Մոթեան

  Վերջապէս, նշենք թէ “Կրամի“ մրցանակներու բաշխման հանդիսութեան, “ճազ“ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս, հանրածանօթ դաշնակահար Չիք Քորէա անգամ մը եւս “գրպանեց“ երկու մրցանակներ: Քորէա, հինգ տարբեր դասակարգերէ ներս կը մասնակցէր, որոնցմէ մէկը “Further Explorations“ խտասալիկն էր, պատրաստուած մահացած հայորդի թմբկահար Փօլ Մոթեանի հետ, ի յիշատակ այլ վիթխարի դաշնակահար` Պիլ Էվընզի լոյս ընծայած “Explorations“ ձայնապնակի յիսնամեակին: Խտասալիկի պատրաստութենէն   երկու ամիս ետք, հայորդի թմբկահարը մահացած էր:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles