
Աւելի քան 45 կամաւորներ ժամանած էին Մայիս 31-էն Յունիս 2-ին, ֆրէնքլինի (Մասաչուսէց) “Քէմփ Հայաստան“ի բանակավայրը, որպէսզի կատարեն վերանորոգման եւ պատրաստութեան աշխատանքներ:
Ներկայ էին երիտասարդ, պատանի եւ վեթերան Հ.Ե.Դ.-ի անդամներ:
Մասնակցողները իրենց աշխատանքը կատարելու կողքին, առիթը ունեցան նաեւ ընկերական մթնոլորտ ստեղծելու, զրուցելու եւ ճաշելու:
Յունիս 1-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ սպասուած խառոյկահանդէսը, որ շատ աւելի մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեց:
Նշենք թէ, խոհանոցի եւ մատակարարման գործը ստանձնած էին Վարժապետեանները (“Օլիվ Մարքըթ“, Պելմոնթ – Մասաչուսէց), որոնք ամենայն նուիրումով կատարեցին իրենց պարտականութիւնը:
Այս քանի մը օրը, առիթ եղաւ, որ մասնակցողները, յիշեն իրենց անցեալի օրերը եւ նոյնիսկ պատանիներ ստեղծեն մօտիկ բարեկամութիւն:
Վերանորոգման գործը կ՛ընդգրկէր զանազան բնագաւառներ, սկսելով ելեկտրականական կազմածներու վերանորոգումէն մինչեւ սենեակներու վերաորակաւորում:
Արդէն իսկ բանակումները սկսած են եւ պիտի շարունակուին մինչեւ Օգոստոսի աւարտին:
Լուսանկարներ`
ԿԱՐՕ ԼԱՉԻՆԵԱՆԻ