ՔԷԹ ՍԻԹԻՆԿ. ՇՓԱՑԱԾ ՔԱՂՔԵՆԻՆԵՐ ԵՒ ՀՆԱՐԱՄԻՏ  ՈՒՍԱՆՈՂՈՒՀԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 49 Second

 

            Վերջապէս Oգոստոսեան արեւը եկաւ: Էլպիս եւ Արմենակ, Փարիզի ազնուականներու թաղամաս Սուրբ Լուդովիկոս կղզիի հռչակաւոր Պերթիյոն պաղպաղակի խոշոր տուփով մը եկան: Նստեցանք թզենիին տակ, որուն  վերջին պտուղները կախուած էին մեր գլխուն վրայ:

            Սրտցաւ եւ անզօր հայու մտահոգութիւններ Հայաստանի մասին: Զուսպ Էլպիս յուզուած էր, քանի մը անգամ եւ տարբեր ձեւերով հարց տուաւ, թէ՝ «մնացած Հայաստանի՞ն ալ տէր պիտի ըլլայ թուրքը»: Մակարուհին թապլէթի ցաւատանջ լուրերուն պէս խօսեցաւ: Քառանդամ Ազգային Ժողով. այդպէս են սփիւռքի հայերը, երբ քանի մի հոգի ըլլան, շուկան, սրճարանը, եկեղեցին, պատուաստի հերթին: Անխօսափող Շրջուն Ազգային Ժողովներ: Ո՞վ կը լսէ համեստները:

            Արմենակ կասեցուց ցաւի կրկնութիւն խօսքերու շարքը:

            – Ինչե՜ր կ’ըսէք: Մեր քաղաքի ա մոնավիական Մարթէնը արձակուրդի մեկնած է, ըսած է, որ Հայաստանի տագնապը մինչեւ իր վերադարձը կը տեւէ եւ այն ատեն կրկին կը խօսի: Իր տնտեսագիտութեան ուսանող աղջիկը իր հետ չէ գացած: Հաւատարիմ իր ապագայ ասպարէզին, ՔԷԹ ՍԻԹԻՆԿով կը զբաղի: Հարուստներու թաղամասի կազէթին մէջ յայտարարած է, որ արձակուրդի մեկնողներու կատուներով կը զբաղի, անոնց կ’այցելէ ջուր եւ կեր կու տայ, շաբաթական հարիւր եւրօ աշխատավարձով, ի հարկէ իւրաքանչիւր կատուի համար: Մարթէն ըսած է, որ իր աղջիկը ՔԷԹ ՍԻԹԻՆԿ կ’ընէ, օգոստոսին չորս շաբաթներուն համար ունի երեսուն կատու, եւ պիտի շահի 12.000 եուրօ եւ ինք հանգիստ կրնայ ծովափ երթալ:

            – Ինչո՞ւ այս պատմեցիր,- հարցուց Էլպիս:

            – Մտածեցի, որ թապլէթէն եւ սքայփէն չբաժնուող սրտցաւները, եթէ ՔԷԹ ՍԻԹԻՆԿ եւ ՏՈԿ ՍԻԹԻՆԿ ընեն աշխարհի քաղքենիական ոստաններուն մէջ, ուր շուներն ու կատուները աւելի կարեւոր են քան հեռաւոր երկինքներու տակ զոհուողներն ու անօթիները, Հայաստանի բանակը կ’օժտեն անօդաչու սարքերով: Պէտք է քննել եւ կազմակերպել ՔԷԹ ՍԻԹԻՆԿ եւ ՏՈԿ ՍԻԹԻՆԿ, ապագայ յաղթանակներու համար:

            Մակարուհին Պէրթիյոն պաղպաղակը սպասարկեց: Արմենակ առաջարկեց, որ թերթերուն մէջ գրեմ այս մասին, որպէսզի խորհրդաժողովներ կազմակերպուին, Երեւան եւ ծովափներու վրայ, գլխաւոր օրակարգ ունենալով ՔԷԹ ՍԻԹԻՆԿի եւ ՏՈԿ ՍԻԹԻՆԿի կազմակերպումը եւ նպաստը Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման գործին:

            Չհասկցայ, թէ միշտ յուզուած եւ բորբոքող Կեդրոնականցին լո՞ւրջ էր, թէ՞ այդ բոլորը կ’ըսէր չխօսելու համար զինք յուզող հարցերու եւ գայթակղութիւններու մասին: Եւ եզրակացուց.

            – Տեսաբան հայու հնարամիտ դուստրը նոր ասպարէզ ստեղծած է քաղքենիներէն փող ստանալու համար:

Եւ դիմելով Էլպիսի եւ Մակարուհիի նուրբ ճաշակին, եզրակացուց.

            – Ասպարէզի անունն ալ գեղահունչ է, ամերիկեան եւ արդիական. ՔԷԹ ՍԻԹԻՆԿ եւ ՏՈԿ ՍԻԹԻՆԿ:

            Մտածեցի. եթէ մենք ալ ՇՈՒՇԻ ՍԻԹԻՆԿ ըրած ըլլայինք… Ո՛չ միթինկ…

 

Մակար ի Գաղիա, 12 Oգոստոս 2021

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles