
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
***
Մարգերն առանց արեւի
Գօս յոյզերու կը նմանին
Զեղուն վիշտերով
Արշալոյսն առանց ծագի
Շող երբեք չի ծնիր
Օրը գողտրիկ չ’երեւիր
Կեանքը առանց սեւ մահի
Արփագոյնը վասն ինչի՞
Շաւիղը մեր մնայ լուռ
Եթերային ու անծիր
ՆԱԶԱՆԻ
Սէր կը ցոլայ յարաճուն
Նայուածքիդ մէջ սիրասուն
Օրն ի բուն
Խելացնոր աչքերդ եթեր
Տերեւներէն թափող ցօղի
Գետ ես արցունքի
Կանթեղներէդ կը թափի
Յայտ սիրոյդ բոցավառ
Հուրը վարար
Յաղթանիշ չեմ գրեր
Քու ճակտին
Եկ յագուրդ տուր
Իմ կեանքին
Եկուր իմ սրտին
ՉԿՈՐՉԻՄ
Շարժող թարթիչներուդ
Արանքներէն
Դնդերներուդ ձայնն առի
Շառայլող կանքնագեղ
Հրեշտակ
Սիրասուն մի գլեր
Իմ սիրտ
Հոյարձակ քու փափուկ
Ոտքերով
Խոյացիր պարուրէ
Իմ հոգին
Թող մահերգակ
Հեծեծմամբ չարտասուեմ
Վերահաս իմ
Մահը
Չկանչեմ
Եկ իմ մօտ դիւրագին
Չկորչիմ