Լրահոս

«ՔԵՍԱՊԻ ՏԱՅԻՆ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

 

Կիրակի, 24 Օգոստոսին, Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ, տեղւոյն «Համազգային»-ի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Տայիի դուստրին՝ Մանուշակ Սաղտըճեան- Փանոսեանի հեղինակած եւ 2021-ին հրատարակած՝ «Քեսապի Տային» գիրքին շնորհահանդէս- գինեձօնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին՝ գիրքին հեղինակը, պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ, «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Շրջանային Վարչութեան անդամ Սօսի Կարճիկեան, ազգային մարմիններու ու վարչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայ մշակութասէր հայորդիներ:

Բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ Քեսապի պատմութեան մէջ անզուգական եւ եզակի դէմքին՝ Տայիին նկարագրի գիծերը, որպէս՝ հայրենասէր, անձնազոհ, անշահախնդիր, համեստ, առաքինի, եւ նուիրեալ ասպետ իր ժողովուրդին ու գիւղին:

«Քեսապի Տային» գիրքին ներկայացումը կատարեց Մարինա Բենդէզեան-Լնդեան: Ան ներկայացուց գիրքին մասերն ու բովանդակութիւնը, անդրադարձ կատարելով գիրքին մէջ տեղ գտած Տայիին՝ Ովսիա Սաղտճեանին ապրած պատմական դժուարին ժամանակաշրջանին, ինչպէս՝ Ատանայի կոտորածին, Գաղթին դէպի Միացեալ նահանգներ եւ վերադարձին Քեսապ, Ցեղասպանութեան, Հայկական լեգէոնին, Կիպրոսին, Պաղեստինին եւ Արարայի ճակատաամրտին, Կիլկիոյ, Քեսապի եւ անիշխանութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ վերականգնումին: Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Տայիի մարդասիրական եւ զոհաբերութեան ոգիին, որուն համար իր հարազատ ժողովուրդը զինք կոչած է «Տայի», որ կը նշանակէ քեռի:

«Քեսապի Տային» գիրքի հեղինակը խօսք առնելով ներկայացուց գիրքի մտայղացման նպատակը ու աշխատանքի փուլերը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի վարչութեան անօրինակ այս ձեռնարկի կազմակերպման համար:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնը, ձեռամբ Տայիի դուստրին՝ Մանուշակ Սաղտըճեան- Փանոսեանին, մասնակցութեամբ՝ «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետին եւ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին:

Ձեռնարկի աւարտին իր սրտի եւ փակման խօսքը ուղղեց «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան: Ան պատմեց Տայիին մասին իր մեծհօրմէ լսած պատմուածքներ եւ արժեւորեց օրուան հանդիսութիւնը, որպէս աննախընթաց ձեռնարկ նուիրուած՝ Քեսապի պահապան հերոսին՝ Տայիին:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մըն ալ տեղի ունեցաւ: Կարօտ Արծիւ Սարգօ թովիչ ձայնով մեներգեց Տայիի նախասիրած երգը՝ «Պարզիր աղբիւր», երգեհոնի ընկերակցութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, իսկ Աստղիկ Դանիէլեան ասմունքեց՝ «Հովիւը», ի յիշատակ Քեսապի Տայիին, որ գրուած է Սուրէն Ա. Քահանայ Բաբախեանի կողմէ եւ հրատարակուած է 1965-ին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button