ԳլխաւորԼրահոս

ՔԵՍԱՊԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐՍՏԻՆ ՕԾՈՒԵՑԱՒ

karadourankesab  Անցեալ շաբաթավերթին, Քեսապի Գարատուրան շրջանի հայոց Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերստին օծուեցաւ:

Ահաբեկիչ ուժերու ներխուժման առթիւ սրբապղծուած եւ թալանուած, այս եկեղեցին կարելի եղած էր բաւական մը վերանորոգել կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան կատարեց Սուրբ եւ անմահ պատարագը, Վարդավառի տօնին առիթով:
Իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին, սրբազան հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին օրհնութիւններն ու անվերապահ զօրակցութիւնը: Առաջնորդը մօտէն տեղեակ դարձաւ տեղափոխուած քեսապցիներու դժուարութիւններուն եւ կարիքներուն, որպէսզի համապատասխան անհրաժեշտ միջոցներն ու օժանդակութիւնները տնօրինուին:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button