ՊՈՍԹԸՆ.- ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԷՆ ԱՐԱԳ ՄԱՏՆԵՐՈՎ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ՝ ԵՈՒԻԱ ՈՒԱՆԿԻ ԵԼՈՅԹԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 49 Second

yuja wang with andrew davis  Մարտ 27-29, Պոսթընի Համանուագային սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ  շխարհի ամէնէն արագ մատներով դաշնակահար՝ Եուիա Ուանկ, որ մաէսթրօ Էնտրու ղեկավարութեամբ, նուագեց Փրոքոֆիեւի դաշնակի 2-րդ Քոնչերթօն։

Իբրեւ աշխարհի ամէնէն շնորհալի դաշնակահարը ճանչցուած 25 տարեկան Ուանկ իր հռչակը կը պարտի արտասովոր արագութեամբ նուագող իր մատներուն: Քննադատներ ողջունած են անոր “ապշեցուցիչ ճարտարութիւնը“, “մարզիկի մը հզօր ուժը“, եւ զայն նկարագրած են իբրեւ “առեղծուածային երեւոյթ մը“: Քննադատ մը նոյնիսկ գովերգած է անոր “բարակ եւ երկար մատները“ նախքան խոստովանիլը` “գէթ կը կարծեմ, թէ ան երկար մատներ ունի… այնքա՛ն արագ կը շարժէին, որ կարելի չէ բացատրել“:

Ուանկ կը խնդայ լսելով նման նկարագրութիւններ եւ կ՛ըսէ, թէ իր ձեռքերը փոքր են: “Բայց չեմ մտածեր, թէ որքա՛ն արագ կը նուագեմ: Թերեւս տեսողական խաբկանք է, որովհետեւ մանրակազմ եմ: Հետեւաբար, երբ կը նուագեմ ռուսական հզօր կտորներ, ֆիզիքական շարժումը անխուսափելի է: Պարտաւոր եմ այլ երաժիշտներէ աւելի արագ շարժիլ: Թերեւս այս պատճառով տպաւորիչ կը թուի նուագս“, կը բացատրէ ան:Wang-wang 1

Համեստութիւն կը ցուցաբերէ Ուանկ: Սակայն ան փնտռուած է աշխարհի գլխաւոր խմբավարներուն կողմէ, ինչպէս` Տանիել Պարընպոյմ, Մայքըլ Թիլսըն Թոմաս, Շարլ Տիւթուա: Ան կը նուագէ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, Պերլինի Սթաաթսքափել նուագախումբին եւ Պոսթընի Սիմֆոնիք նուագախումբին հետ: Եւկենի Քիսին ըսած է, թէ ան աշխարհահռչակ դաշնակահար Լանկ Լանկի համազօր արհեստավարժական կարողութեամբ օժտուած է: “Իրապէս կը համակրիմ իրեն. ան իմ մանկութեանս կուռքն էր“, կ՛ըսէ Ուանկ:

Ուանկ հասակ նետած է Չինաստանի մէջ: Մայրը պարուհի է, իսկ հայրը` հարուածային գործիքներ նուագող երաժիշտ: Ան դաշնակ սկսած է նուագել 6 տարեկանին: Կէս տարի ետք արդէն բեմին վրայ կը նուագէր: “Շատ փորձեր չէի կատարեր, բայց շատ արագ կը յառաջդիմէի,- կը խոստովանի ան:- Ամէն ինչ պարզապէս շատ դիւրին կը թուէր“: Ուանկ յաճախած է Պէյճինկի երաժշտանոցը եւ 16 տարեկանին փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր պայմանագրութիւն մը կնքած է Տոյչը Կրամոֆոն ձայնագրութեան ընկերութեան հետ:

Այնուհետեւ Ուանկ բեմին վրայ իր ցանկայարոյց հագուածքով եւ անվախ կեցուածքով կերտած է իրեն յատուկ ոճ մը: “Շատ լաւ կը կեղծեմ,- կ՛ըսէ ան:- Երբեմն այդ հզօր յարմարանուագները (քոնչերթօ) լարուած ճիգ կը պահանջեն եւ զգացականօրէն կը սպառեն զիս: Միշտ ալ ջղագրգիռ կը դառնամ համերգէ մը առաջ, սակայն շատ հանդարտ կը ձեւացնեմ ինքզինքս: Ասիկա մեծագոյն խաբէութիւնն է“:

Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր արտասովոր ձեռքերուն, արդեօք անոնք յատուկ խնամքի կը կարօտի՞ն: “Այո՛, չարաչար գործածելը անխուսափելի է, իսկ դարմանը մարձումն է“, կ՛ըսէ ան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՊՈՍԹԸՆ.- ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԷՆ ԱՐԱԳ ՄԱՏՆԵՐՈՎ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ՝ ԵՈՒԻԱ ՈՒԱՆԿԻ ԵԼՈՅԹԸ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles