
Read Time:21 Second
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս, Յունուար 18-ին նախագահական փոխանցման խմբակի պատասխանատուներէն մէկը նշանակած է Քեն Նահիկեանը, որ հանրային յարաբերութեանց մարզէն ներս մասնագէտ մըն է: Ան պիտի ամբողջացնէ Ռիք Տիրպոռնի սկսած աշխատանքը:
Այս վերջինը փոխանցման խմբակի պետի պաշտօնէն հեռացած էր, որովհետեւ ստանձնած էր Սպիտակ Տան անձնակազմի պետի տեղակալի պաշտօնը:
Քեն Նահիկեան անցեալ ամառ միացած էր Թրամփի ընտրապայքարին եւ ընտրական յաղթանակէն ետք մաս կազմած էր երկրին յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքին: