
Read Time:1 Minute, 52 Second
Խմբագրական
Ընդհանրապէս, Հայաստանի եւ յատկապէս Երեւանի փողոցներուն մէջ «ֆրանսա»-կանութիւնն է որ կը տիրապետէ, այս օրերուն։
Զարմանալի զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ ճակատագիր։
Աշխարհահռչակ Շառլ Ազնաւուրի մահուան արարողութեամբ, արդէն իսկ սկսած կը թուէր ըլլալ ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովը։ Աստղի մը հրաժեշտի փակման հանդիսութենէ մը աւելի, խոր արմատներ նետած երկու երկիրներու առ յաւերժ բարեկամութեան ծէսն է որ տեղի կ՛ունենար։
Ծէս մը, որ կը շարունակուի Երեւանի մէջ։ Որմազդեր, լոզունգներ, ծանուցումներ, մեղեդիներ, վաւերագրական պատրաստութիւններ, եւայլն։ Քաղաքը թէ՛ տեսողական եւ թէ՛ լսողական, եւ պարզ ու մեկին՝ լսատեսողական մոլուցք մը կ՛ապրի, յաչս ֆրանսախօսութեան։ Քանի՜ տասնեակ երկիրներէ ղեկավարներ ժամանած են Երեւան նշելու, տօնելու, խորհրդակցելու, լսելու, դիտելու եւ խօսելու լեզու մը, որ մօտիկ անցեալին եւ դեռ վտանգուած է հետզհետէ սակաւ գործածուելու, աղաւաղուելու եւ մանաւանդ օտար բառերով (յատկապէս անգլերէն) ողողուելու պատճառով։
Այս գծով, տասնեակ տարիներ առաջ լուսահոգի Ազնաւուր երգ մըն ալ յօրինած էր, նշելով, թէ պէտք է օտար բառերու ներխուժումէն դուրս բերել եւ մաքրազտել ֆրանսերէնը։ Հաւանաբար, նմանօրինակ աշխատանք մըն ալ պէտք է կատարուի նոյնինքն կազմակերպուող երկրին մէջ, գուրգուրալու, պահպանելու եւ պաշտպանելու համար ցայսօր գործածուող աղաւաղուած հայերէնը։
Տեղին է նշել, թէ համեմատած անգլերէնին եւ սպաներէնին, ֆրանսերէնը համեմատաբար աւելի հեռու կը մնայ համաշխարհայնացման վտանգէն։ Թէեւ կան բազմաթիւ բարբառներ, սակայն ֆրանսերէն լեզուի ետին կը մնայ երկրի մը՝ Ֆրանսայի արտացոլացումը։
Երկիր մը, լեզու մը որուն հայութեան եւ հայերէնին հետ կապ ունեցող արմատներուն մասին շատ բան կարելի է գրել, սկսելով Արշակ Չօպանեանէն (1872-1954), որ 23 տարեկանին խոյս տալով օսմանական հալածանքերէն, մինչեւ իր մահը պայքարեցաւ ի խնդիր հայ մշակոյթին, արուեստին, գրականութեան եւ դատին։ Ան սերտ յարաբերութիւններ հաստատեց Էմիլ Զոլայի, Ալֆոնս Տօտէի եւ Փիեռ Քիյառի նման մտաւորականներու հետ։
Այս կապերը այնքան անկեղծ ու հարազատ եղան, որ Քիյառ գեղեցիկ գաղափարը կր յղանայ շուրջ 15 տարի «Փրօ-Արմենիա» պարբերաթերթը հրատարակելու, իր հետ խմբագրական կազմին մէջ ունենալով Անաթոլ Ֆրանսի, Ժորժ Քլեմանսոյի եւ Ժան Ժօռէսի նման հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ։
Հետեւաբար, այս պրիսմակին ընդմէջէն կարելի է եզրակացնել, թէ որքա՜ն մօտիկութիւն կը ցուցաբերէ ֆրանսերէնը ուսուցանող երկրին՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը, հայութեան հանդէպ, համացանցային հարթակներուն մէջ հայերէն գրառումներ կատարելով, այսինքն՝ Ֆրնասայի նախագահը մեսրոպաշունչ հայերէնով կ՛արտայայտուի ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովի նախօրեակին։
Դեռ աւելին. Ծիծեռնակաբարդի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք, Մաքրոն շեշտեց թէ Ֆրանսան քօղազերծած էր ցեղասպանութիւնը 1915-ին՝ մտաւորականներու կողմէ:
Այսպէս, Ազնաւուրի անակնկալ հրաժեշտով եւ բացակայութեամբ, կը նշուի «Քեզի համար, Հայաստան» («Pour toi, Armenie») մը ֆրանսացիներուն համար, իսկ մեզի համար՝ «Քեզի համար, Ֆրանսա» մը։