
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Ինքնաշարժի մահազդու արկած մը, բաւարար ըլլալէ աւելի, ոսկի առիթ մը եղաւ որ բեմերէն շարունակ երկրի իրական իրավիճակը քննադատող եւ իրականութիւնը մերկացնող Վարդան Պետրոսեան այպանուի, քննադատուի, հալածուի եւ դեռ աւելին…կալանքի տակ առնուի:
Հանրածանօթ դերասանը, որ նշանաւոր է իր կատակերգական ելոյթներով եւ մենախօսութիւններով, օրին պաշտօնապէս հերքած էր, իր հարբած ըլլալը, նաեւ ինքնաշարժով սուռալը, եւ այս մէկը կը հաստատեն նոյնիսկ զոհերուն հարազատները: Սակայն, վրայ հասած ոստիկանութեան համար, այս արկածին իբրեւ հետեւանք, մահացած էին երկու պատանիներ, եւ վիրաւորուած` երեք այլ անձեր, եւ այսքանը կը դիւրացնէր որ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող դերասանը ամբաստանուի: Այնքան մը որ, սրտաբանական կեդրոնին մէջ, յաւելեալ քննութիւններու ենթարկուելէ ետք, երբ ի յայտ եկաւ, թէ իր կեանքը վտանգուած չէ, ուստի “Դատապարտեալ“ը (բեմերէն կամ եօթներորդ արուեստի սրահներէն հեռու) կրկին տարած են …“Դատապարտեալներու Հիւանդանոց“:
Դեռ աւելին, երբ հարցաքննութեան ժամանակ, Վարդան ուզած էր խօսք առնել, դատաւորը հեռացած էր սենեակէն, իսկ երբ Պետրոսեան, նոյնիսկ գրաւոր միջնորդութիւն ներկայացնելով, խնդրած էր որ իրեն տրամադրուին օրէնքով նախատեսուած հասանելի փաստաթուղթերը, քննիչը առանց որեւէ մէկ պատճառի եւ բացատրութիւն տալու դադրեցուցած է հարցաքննութիւնը եւ հեռացած էր:
Պաշտպան փաստաբանը դիմեց վերաքննիչ քրէական դատարան` բողոքելու իր պաշտպանեալը երկու ամիսով (…եւ դեռ աւելի) կալանաւորելու որոշումին դէմ: Ան յատկապէս նշած էր թէ, Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին քննիչին կողմէ չէ ներկայացուած Հայաստանի քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի նախատեսուած որեւէ հիմք: Փոխարէն, Հայաստանի վերաքննիչ դատարանը, ոչ մէկ դրական քայլ առած է եւ հաստատած է Պետրոսեանը կալանաւորելու` Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումը:
Բեմերէն, տպաւորիչ ելոթներով, Պետրոսեան կ՛ահազանգէր թէ տեղացիք կը մեկնին, որովհետեւ իրենց երկրէն ներս իսկ կը զգան թէ օտար, ճնշուած, խաբուած, ծեծուած, արհամարուած, օգտագործուած եւ շահագործուած են:…Եւ նկատելով իշխանութիւններու անտարբեր հանգստութիւնն ու դէմքերու գոհունակութեան արտայայտութիւնը, Պետրոսեանի համար յստակ էր թէ արտագաղթը լաւապէս սերտուած ու իրականացուած ծրագիր մըն էր:
Այս իրավիճակը շատ աւելի կ՛ազդէր նոյնինքն Պետրոսեանի վրայ, մանաւանդ որ, ան արդէն իսկ տասնեակ տարիներ առաջ Հայաստանէն արտագաղթած էր Ֆրանսա, հոն ալ ամուսնացած, ընտանիք կազմած եւ քաղաքացիութիւն ստացած: Սակայն, ան որոշած էր վերադառնալ հայրենիք եւ հոն ալ բեմ բարձրանալով, կրցած էր ներկայացնել տեղւոյն “Կենաքը ինչպէս որ է“:
Սակայն, աւա՜ղ, Վարդան Պետրոսեան հաշուի չէր առած թէ, ինք արկածի մը ողջ զոհը դարձած էր…քաւութեան նոխազը: