ՔԱՐԱՀՈՒՆՋ… ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԹՈՆՀԵՆՃԸ

0 0
Read Time:12 Minute, 16 Second

ԳՐԻ­ԳՈՐ ԴԵՐ­ՁԱԿ­ԵԱՆ (Յա­պա­ւու­մով)

Քարահունջի “Ոգիներու քաղաք”ը. տեսարան մը, որ կ՛արժէ գործածել վախազդու “հալաուին”ի շարժապատկերի մը մէջ

Սթոն­հեն­ճը հին աշ­խար­հի սքան­չե­լիք­նե­րէն մէկն է, որ կը գտնուի Անգլ­իոյ մայ­րա­քա­ղաք Լոն­տո­նի արեւ­մուտ­քը գտնուող Սա­լիզպը­րի տա­փաս­տա­նին մէջ: Անի­կա ամէ­նէն հան­րա­ծա­նօթ մե­ծա­քա­րա­յին վայրն է աշ­խար­հի վրայ եւ ամ­բող­ջա­պէս ար­ժա­նի է իր համ­բա­ւին` նկա­տի առ­նե­լով անոր քա­րե­րուն մե­ծու­թիւնը եւ անոնց կա­ռուց­ման ան­հա­ւա­տա­լի ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը, անոնց շի­նու­թեան ժա­մա­նա­կի պայ­ման­նե­րուն հա­մա­ձայն: Ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գտնուող այդ ձե­ւի վայ­րե­րուն նման, այս ալ սրբա­զան վայր մըն էր հան­դի­պում­նե­րու, աղօթ­քի, թաղ­ման, երկ­նա­յին շար­ժում­նե­րը դի­տե­լու եւ գերբ­նա­կանն ու խորհր­դա­ւո­րը փա­ռա­բա­նե­լու:

Քարահունջի դիտարանը իր ամբողջական գործունէութեամբ... Վայրը նախնական է եւ անխնամ` բաղդատաբար ուրիշ մեծաքարային վայրերու, բայց տակաւին` շատ վիպապաշտ, գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր:

Այդ պատ­կա­ռե­լի սթոն­հեն­ճը ձե­ւով մը իւ­րա­յա­տուկ է աշ­խար­հի մէջ, բայց անի­կա կրնայ մե­ծա­պէս պար­տա­կան ըլ­լալ անն­շան հայ­կա­կան մե­ծա­քա­րա­յին վայ­րի մը, որ կը կոչ­ուի քա­րա­հունջ: Պար­զա­պէս քա­րա­հունջ եւ սթոն­հենճ նման բա­ռեր են. անգ­լե­րէ­նով “սթոն” կը նշա­նա­կէ “քար”: Զար­մա­նա­լի է, բայց ճիշդ. սթոն­հենճ անու­նը կրնայ եկած ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուող շատ աւե­լի հին քա­րա­հուն­ջէն: Ասի­կա առն­ուազն ու­շագ­րաւ եւ ան­հա­ւա­տա­լի նմա­նու­թիւն մըն է եր­կու նախ­նա­դար­եան եւ իրար­մէ շատ հե­ռու վայ­րե­րու հա­մար:

Ահա կարգ մը տե­սու­թիւն­ներ: Հանճ կամ հենճ բա­ռե­րը յստակ իմաստ մը չու­նին անգ­լե­րէ­նի մէջ, հա­կա­ռակ անոր որ ոմանք կ՛առա­ջար­կեն, թէ անոնք կրնան կապ ու­նե­նալ հինճ բա­ռին հետ, որ կը նշա­նա­կէ` ծխնի կամ յե­նակ (դռնե­րու): Կարգ մը տե­սու­թիւն­ներ սթոն­հենճ բա­ռը կը բա­ցատ­րեն իբ­րեւ քա­րեր, որոնք իրա­րու մի­ա­ցած են ծխնի­նե­րով (տրուած ըլ­լա­լով, որ ճա­կա­տա­քա­րե­րը յե­նած են ու­ղիղ կանգ­նեց­ուած քա­րե­րուն վրայ, կար­ծես ծխնի­նե­րով մի­ա­ցած ըլ­լա­յին): Բայց սթոն­հենճ բա­ռը անգ­լե­րէ­նի մէջ հինճ (ծխնի կամ յե­նակ) բա­ռին գո­յա­ցու­մէն շատ աւե­լի հին կրնայ ըլ­լալ:

Տա­կա­ւին կա­րե­լի չէ բա­ցատ­րել քա­րա­հունջ եւ սթոն­հենճ անուն­նե­րուն նմա­նու­թիւնը: Պար­զա­պէս զու­գա­դի­պու­թիւն մը ըլ­լա­լը կը թուի ան­հա­ւա­նա­կան ըլ­լալ, եւ այս ամ­բողջ առեղծ­ուա­ծը շատ հե­տաքրք­րա­կան եւ խթա­նիչ պատ­մու­թիւն մը կը յա­ռա­ջաց­նէ այս եր­կու մե­ծա­քա­րա­յին վայ­րե­րուն շուրջ:

Կ՛ըս­ուի, թէ քա­րա­հուն­ջը եօ­թը հա­զար հինգ հա­րիւր տար­ուան կեանք ու­նի մինչ անոր անգլ­ի­ա­կան ան­ուա­նա­կից սթոն­հեն­ճը շուրջ երեք հա­զար հինգ հա­րիւր տա­րի աւե­լի “երի­տա­սարդ” է եւ ու­նի չորս կամ հինգ հա­զար տար­ուան կեանք (նա­յած` քա­րե­րուն կա­ռուց­ման ժա­մա­նա­կին):

Քարահունջի կամարաձեւ դամբարանները, որոնք կը կոչուին “տրոմօ”ներ եւ “քրոմլեքլ”ներ (շրջաքարեր): Բնականաբար այս դամբարանները ամբողջովին պարապ են շատ երկար ժամանակէ ի վեր: Աստուած գիտէ, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ թաղուած էր հոն հազարաւոր տարիներ առաջ:

Քա­րա­հուն­ջը` կամ` այ­սօր­ուան անոր մնա­ցորդ­նե­րը, կազմ­ուած է փոքր եր­կա­թա­քա­րե­րէ (պա­զալթ): Այդ քա­րե­րուն ներ­կա­յի տես­քը տձեւ է եւ կա­ռոյ­ցը մաս­նա­ւոր շքեղ կեր­պա­րանք մը չու­նի, բայց, այ­դու­հան­դերձ, բա­ւա­կան տպա­ւո­րիչ է: Բայց չմոռ­նանք, որ սթոն­հեն­ճը շուրջ երեք հա­զար հինգ հա­րիւր տա­րի աւե­լի “երի­տա­սարդ” է, քան` քա­րա­հուն­ջը, եւ բո­լորս գի­տենք, թէ այդ մէ­կը ի՛նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մարդ­կու­թեան բար­գա­ւաճ­ման առու­մով: Եկէ՛ք` նա­յինք վեր­ջին երե­սուն­հինգ տար­ուան` հասկ­նա­լու հա­մար երեք հա­զար հինգ հա­րիւր տար­ուան ազ­դե­ցու­թիւնը…

Քա­րա­հունջ բա­ռացի­օ­րէն կը նշա­նա­կէ` “ձայ­նով քա­րեր” կամ` “քա­րեր, որոնք ձայն ու­նին”: Հա­յաս­տա­նի մէջ անոնք նա­եւ ծա­նօթ են իբ­րեւ “Զօ­րաց քա­րեր”, որ կը նշա­նա­կէ` “հզօր քա­րեր”, կամ` “զօ­րա­ւոր­նե­րուն քա­րե­րը”: Եր­կու անուն­ներն ալ ներ­կա­յիս կը գոր­ծած­ուին, բայց պաշ­տօ­նա­կան անու­նը տա­կա­ւին քա­րա­հունջն է: Վայ­րը կը գտնուի 1750 մեթր բարձ­րու­թեան վրայ, Սիս­ի­ան քա­ղա­քին մօտ, մայ­րա­քա­ղաք Երե­ւա­նէն դէ­պի հա­րաւ-արե­ւելք եր­կու հա­րիւր քսան քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ: Անի­կա տե­ղադր­ուած է ժայ­ռոտ սա­րա­ւան­դի մը վրայ` հո­ղի ակա­նա­ւոր գունդ մը կամ բլուր մը, որ կը հսկէ վա­րի տա­րածք­նե­րուն վրայ եւ, հե­տե­ւա­բար, դիւ­րին պաշտ­պա­նե­լի է: Սիս­ի­ան մօ­տա­կայ քա­ղա­քը փոքր նա­հան­գա­յին հա­մախմ­բում մըն է` շուրջ քսան հա­զար բնակ­չու­թեամբ: Անի­կա կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ամէ­նէն նեղ կէ­տին մէջ` պար­փակ­ուած Ար­ցախ-Ղա­րա­բա­ղի եւ Նա­խի­ջե­ւա­նի մի­ջեւ (տե՛ս քովի քար­տէ­սը):

Քարահունջի քարերը պատուած են մամուռով եւ քարաքոսներով: Այս յատուկ անկիւնի վրայ փորուած քարերը վստահաբար աստղաբանական դիտարկումներու եւ ծէսերու նպատակով կատարուած էին: Ծակերը կրնան աւելի “երիտասարդ” ըլլալ, քան ինքնին քարերը` դատելով անոնց աւելի մաքուր եւ ոչ օդամաշ ձեւէն:

Քա­րա­հուն­ջը գլխա­ւո­րա­բար կը գոր­ծած­ուէր իբ­րեւ մե­ռե­լա­քա­ղաք (գե­րեզ­մա­նա­տուն)` մի­ջին պղին­ձէ դա­րէն մին­չեւ եր­կա­թէ դար: Հսկայ քա­րէ գե­րեզ­ման­ներ կը գտնուին հոն եւ անոր շուր­ջը` այդ ժա­մա­նակ­նե­րէն: Կը կարծ­ուի, թէ յե­տա­գա­յին, հա­ւա­նա­բար հել­լե­նա­կան-հռո­մէ­ա­կան ժա­մա­նակ­նե­րուն, անի­կա գոր­ծած­ուած է իբ­րեւ պատս­պա­րան ըն­կե­րա­յին խառ­նա­կու­թիւն­նե­րու կամ յար­ձա­կում­նե­րու ըն­թաց­քին: Քա­րէ եւ աւա­զա­կա­ւէ շին­ուած պաշտ­պա­նու­թեան պատ մը կա­ռուց­ուած էր, եւ ուղ­ղա­հայ­եաց ժայ­ռեր օգ­տա­գործ­ուած էին ամ­րապնդ­ման հա­մար: Այդ պա­րիս­պէն միայն ու­ղիղ կանգ­նեց­ուած քա­րե­րը մնա­ցած են այ­սօր (տե՛ս վա­րի նկա­րը):

Քա­րա­հուն­ջի վայ­րը կա­ռուց­ուած է հա­րիւ­րա­ւոր (ոմանք կ՛ըսեն` ընդ­հա­նուր հա­շիւով եր­կու հա­րիւր քսա­նե­րեք) ու­ղիղ կանգ­նեց­ուած եր­կա­թա­քա­րի կտոր­նե­րէ, որոնց­մէ ութ­սուն­չոր­սը` քա­րէ: Ընդ­հա­նուր տա­րած­քը շուրջ եօ­թը հեկ­տար է: Այդ քա­րե­րէն շա­տեր ու­նին ողորկ ան­կիւն­նե­րով չոր­սէն հինգ սան­թի­մեթր տրա­մա­գի­ծով ծա­կեր, որոնք ուղղ­ուած են հո­րի­զո­նին կամ եր­կին­քի վրայ տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով: Քա­րա­հուն­ջի տա­րի­քը գնա­հատ­ուած է եօ­թը հա­զար հինգ հա­րիւր տա­րե­կան կամ` աւե­լի հին (Ն.Ք. վե­ցե­րորդ հա­զա­րամ­եակ): Կը կարծ­ուի, թէ հոն պաշտ­ուած գլխա­ւոր չաստ­ուա­ծը Արին էր` այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի գլխա­ւոր նա­խա­պատ­մա­կան հայ­կա­կան չաստ­ուա­ծը, ինչ­պէս նա­եւ` աւե­լի նուազ կա­րե­ւո­րու­թեան չաստ­ուած­ներ:

Քարահունջը շատ իւրայատուկ եւ գրեթէ անծանօթ մեծաքարային վայր մըն է Հայաստանի մէջ, որ կրնար շրջանային շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ, քան երբեք մտածուած կամ հասկցուած է: Անոր խորհուրդներուն մասին ուսումնասիրութիւններն ու հասկացողութիւնը անկատար են: Այդ վայրի ծանուցման եւ պահպանման միջոցառումները անգոյ են:

Պէտք է ընդգ­ծել, որ մենք եր­բեք ըսել չենք ու­զեր, թէ քա­րա­հունջը նոյն­քան“կա­րե­ւոր” է կամ տպա­ւո­րիչ է, որ­քան սթոն­հեն­ճը` իբ­րեւ մե­ծա­քա­րա­յին վայր մը: Այդ­պէս չէ պա­րա­գան եւ այդ չէ հար­ցը: Իրա­կա­նու­թեան մէջ սթոն­հեն­ճի կարգ մը քա­րե­րը մին­չեւ եօ­թը մեթր հա­սակ ու­նին եւ կը կշռեն յի­սուն թոն եւ մեծ մա­սամբ բեր­ուած են Քար­մար­թըն­շայ­րի, հա­րա­ւ-ա­րե­ւել­եան Ուէյլզ, յա­տուկ քա­րա­հան­քե­րէն: Քար­մար­թըն­շայ­րէն սթոն­հենճ տա­րա­ծու­թիւնը աւե­լի քան հա­րիւր տա­սը քի­լո­մեթր է եւ ցա­մա­քի եւ ծո­վի ճամ­բա­նե­րով այդ քա­րե­րը դէ­պի սթոն­հենճ փո­խադ­րե­լը տա­կա­ւին խոր­հուրդ մըն է եւ մարդ­կա­յին ան­հա­ւա­տա­լի իրա­գոր­ծում մը ինք­նին:

Քա­րա­հուն­ջը աւե­լի հա­մեստ է զուտ չա­փի առու­մով, բայց վստա­հա­բար ար­ժա­նի է ու­շադ­րու­թեան: Անի­կա նոյ­նիսկ հա­յե­րուն հա­մար չա­փով մը ան­ծա­նօթ է եւ հազ­ուա­դէ­պօ­րէն կը պատ­կեր­ուի զբօ­սաշր­ջա­կան թեր­թիկ­նե­րու կամ գիր­քե­րու մէջ: Մենք չու­նինք պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րու­թիւն­ներ, բայց քա­րա­հունջ այ­ցե­լող­նե­րուն թիւը հա­ւա­նա­բար անն­շան է: Վայ­րին մէջ զբօ­սաշր­ջա­կան յար­մա­րու­թիւն­նե­րը գրե­թէ ան­գոյ են. բան մը, որ կրնար քա­ջա­լե­րել յա­ւել­եալ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւնը: Անի­կա վայր մըն է, որ գրե­թէ լքուած է` հա­կա­ռակ Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան մար­զի վեր­ջին շրջա­նի աշ­խու­ժու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման: Նոյ­նան­ման մե­ծա­քա­րա­յին վայ­րեր կը գտնուին ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին եւ ան­պըրիի մէջ, որ հե­ռու չէ սթոն­հեն­ճէն: Բայց հան­րա­ծա­նօթ սթոն­հենճն է, որ անու­նի նմա­նու­թիւն ու­նի քա­րա­հուն­ջին հետ, որ շուրջ չորս հա­զար քի­լո­մեթր հե­ռու կը գտնուի, հե­ռա­ւոր լեռ­նա­յին շրջա­նի մը` հայ­կա­կան Սիւ­նի­քի մէջ…

Սթոն­հեն­ճի անու­նը կրնայ քա­րա­հուն­ջէն եկած ըլ­լալ, կրնայ` ոչ, բայց այս հար­ցը կրնայ են­թադ­րու­թե­նէ մը աւե­լին ըլ­լալ: Որոշ չա­փով (բայց` ոչ բա­ւա­րար) գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն կա­տար­ուած է քա­րա­հուն­ջի մէջ, բայց հա­ւաք­ուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը եւ գի­տու­թիւնը եր­բեք ամ­բող­ջա­կան կամ գո­հա­ցու­ցիչ չեն: Շատ աւե­լի ըն­դար­ձակ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կա­րի­քը կայ, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ բա­ցատ­րել քա­րա­հուն­ջի շրջա­նա­յին ազ­դե­ցու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ` այն հայ նախ­նի­նե­րուն մա­սին, որոնք կա­ռու­ցե­ցին զայն շուրջ եօ­թա­նա­սուն դար առաջ:

Արդ­եօք քա­րա­հուն­ջը եւ պղին­ձի դա­րէն մնա­ցած ու­րիշ մօ­տա­կայ վայ­րեր քննարկ­ման առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե՞ր են Հա­յաս­տա­նի մէջ: Պա­տաս­խա­նը ան­շուշտ որ “ոչ” է: Ան­հա­մար եկե­ղե­ցի­ներ, վան­քեր եւ խաչ­քա­րեր եւս բա­ւա­կան խղճա­լի վի­ճա­կի մէջ են եւ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կա­րի­քը ու­նին: Քա­րա­հունջ կը թուի “ընե­լիք­ներ”ու կամ աւե­լի ճիշ­դը “մոռց­ուած­ներ”ու ցան­կին ամէ­նէն յա­տա­կը մնա­ցած ըլ­լալ:

Քարահունջի պարիսպէն մնացած քարերը: Նկատի ա՛ռ քարերուն թուարկումը
Անգլիոյ Ուիլթշայըր շրջանին մէջ գտնուող սթոնհենճը, որ վստահաբար Անգլիոյ եւ աշխարհի կարեւորագոյն պաշտամունքի վայրերէն մէկն է: Անոր կառուցումէն ի վեր շուրջ հինգ հազար տարի առաջ, անիկա խորհրդանիշ դարձած է խորհրդաւորութեան, զօրութեան, պաշտամունքի եւ դիմացկունութեան: Շատ հաւանաբար անիկա հեթանոսական տաճար մը եղած է` հին չաստուածներու պաշտամունքի համար, ինչպէս նաեւ` թաղման եւ աստղադիտական վայր մը: Մօտակայ Էյվպըրիի մէջ գտնուող նոյնանման վայրին պէս, սթոնհենճը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան վայր մըն է` “բարձրագոյն կարգ”ի:

Քա­րա­հուն­ջը եզա­կի է շրջա­նին մէջ եւ ար­ժա­նի է շատ աւե­լի մեծ ու­շադ­րու­թեան եւ հո­գա­տա­րու­թեան, քան` իր ներ­կա­յի ամ­բող­ջա­պէս լքեալ վի­ճա­կը: Անի­կա ար­ժա­նի է նուա­զա­գոյն ջան­քի, ճա­նաչ­ման եւ նո­րո­գու­թեան` թէ՛ հայ­կա­կան եւ թէ՛ մի­ջազ­գա­յին հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ, ինչ­պէս նա­եւ` այս ձե­ւի գոր­ծե­րով զբա­ղող յա­տուկ գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րուն եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles