
Յ. Պալեան
Պէյրութէն ընկեր մը, քիչ առաջ հեռախօսով հաղորդեց գոյժը. 1932-ին Պէյրութ ծնած Զաւէն Խտըշեան այս աշխարհին հետ իր հաշիւը մաքրած էր եւ յաձնուած մեծ խորհուրդին:
Խառնուածքով եւ ապրումներով զտարիւն արուեստագէտ մըն էր Զաւէն: Ուսանելէ ետք Լիբանանի գեղարուեստից ակադեմիան (ALBA), շարունակած էր իր ուսումը Փարիզի գեղարուեստից ազգային բարձրագոյն վարժարանին մէջ (Ecole nationale supérieure des beaux Arts: Դասաւանդած է Լիբանանի գեղարուեստից ակադեմիային եւ Լիբանանեան համալսարանին մէջ: Ունեցած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ եւ մասնակցած հաւաքական ցուցահանդէսներու: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ: Հայկական եւ լիբանանեան միջավայրէն դուրս ալ ճանաչում գտած էր: «L’art et le Monde Moderne» Larousse հրատարակչութիւնը արդէն 1974-ին խօսած էր իր մասին:

երբ մեր ճակտի գիրը եւ երազը կը դառնան քանդակ
Զաւէն կը սիրէր խօսիլ իր ուսանողական տարիներուն եւ ընկերներուն մասին, կը պատմէր վէպի պէս: Իր արմատներու քաղաք Թոմարզան այցելած էր եւ իր տպաւորութիւնները գրեց: Եղած է լիբանանեան քանդակագործութեան առաջին ուսուցիչը: Լոյս տեսաւ նաեւ իր բազմամեայ գործին մասին հատոր մը:
Զաւէն կը սիրէր խօսիլ իր ներշնչումներուն մասին: Կը պատմէր, թէ ինչպէս, ամրան, Լիբանանի օդափոխութեան գիւղին մէջ, Լեւոն Շանթի տան դիմաց, հեռուէն դասական երաժշտութիւն ունկնդրած է: Կը պատմէր զինք ներշնչած գրեթէ առասպելական կացութիւններու մասին:
Զաւէն ոչ միայն մեծ քանդակագործ էր, այլ հմուտ արուեստագէտ, քաջատեղեակ արուեստի պատմութեան եւ մեծ դէմքերու կեանքին:
Լաւ ընկեր էր Զաւէն, չարութիւն չունէր:
Իր արուեստին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին իր ընկերները եւ արուեստաբանները պիտի խօսին: Բայց մեր զրոյցներու ընթացքին, կը զգայի որ արուեստը ստեղծագործական հրաշք մըն է, ժամանակը յաղթելու եւ այդպէս ալ նուաճելու անմահութիւնը: Արդարեւ, Զաւէնի քանդակները կը խօսին, մարմարը կամ մետաղը կը դադրին բնութեան տարր ըլլալէ, մարդով կը բնակուին, այսինքն կը դառնան գաղափար, կը թելադրեն, կ’անջատուին նիւթէն: Իր քանդակները կը յիշեցնեն բանաստեղծութիւնը, որուն բառերը կը գործածուին հասարակ մահկանացուներուն կողմէ, բայց բանաստեղծի խօսքին մէջ անոնք կը զգենուն երանգ, գոյն, կ’ըլլան երազ եւ խորհուրդ: Այսինքն, ինչպէս բոլոր իրաւ ստեղծագործողները, Զաւէն կեանք կու տայ նիւթին: Այդպէս եղած են իրաւ մեծերը:
Զաւէն կը հպատակէր իր ներշնչումներուն, բայց ինք միաժամանակ խստապահանջ էր իր գործին եւ իր անձին նկատմամբ: Այդ պաճառով ալ իր քանդակները բիւրեղացած թռիչքներ են: Սոսկ գեղօրներ չեն:
Ունէր մեծ ծրագիրներ: Լիբանանի ծովափին կանգնել մեծ եւ զանգուածեղ գործ մը, որ դարերուն պիտի խօսէր:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնումը խորհրդանշող իր ստեղծագործութիւնը, Պիքֆայայի հայոց վանքի բարձունքին, միշտ պիտի յուշէ, որ կար Զաւէնը:
Պէտք է յուսալ, որ համազգային ճիգով մը, Զաւէնի գործերուն գէթ մէկ մասը կը հայրենադարձուին, որպէս վկայութիւն եւ գնահատանք մեծ քանդակագործին, որպէսզի հայ ժողովուրդը տէր ըլլայ սփիւռքածին արուեստագէտի հոգեմտաւոր ժառանգութեան:
Այս ալ կ’ըլլայ տարբեր որակով իսկական քաղաքական գործ:
Բայց մէկ բան յստակ է. Լիբանանի հայ կեանքին եւ ընդհանրապէս արուեստի աշխարհին մէջ Զաւէնի բացակայութիւնը պիտի զգացուի եւ այդ զգացումը լուռ գնահատանք է:
Բայց պիտի գան նորերը եւ արուեստի հրաշքը պիտի շարունակուի…
Այս արագ վկայութիւնը թող ըլլայ ընկերական սիրոյ եւ սիրտի տուրք մը Զաւէնին…